«Ուրախացան ազգք մարդկան
Յորժամ լուան զքո յարութիւնդ,
Նորափետուր զարդարեցան
Ի յարութեան Սուրբ Միածնիդ» :
Ներսէս Շնորհալի
Աւագ Շաբաթուայ եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնի հոգեպարար արարողութիւնները մեծ շուքով նշուեցան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս` գլխաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ` ինչպէս Թեմի հոգեւորականներու, այնպէս ալ հիւրաբար Թեմ այցելած հոգեւորականներու:
Աւագ Շաբաթ, Ապրիլ 3, Պըրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարին մէջ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ յանձինս` Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահբազեանի: Նախքան Ս. Պատարագը, եկեղեցւոյ սարկաւագները ընթերցեցին «Դանիէլի մարգարէութեան» ընթերցուածը: Այնուհետեւ յաւարտ Սուրբ Պատարագի` «Այսօր յարեաւ» շարականի երգեցողութենէն ետք, Ճրագալոյցի խորհրդանիշ կանթեղով` օրհնութեան կարգ կատարուեցաւ եւ Սուրբ Յարութեան աւետիսը փոխանցուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Կիրակի, Ապրիլ 4, Պըրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Յարութեան Հրաշափառ Պատարագը մատուցանեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց` Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրն Իր քարոզին մէջ մասնաւորաբար նշեց. «Սիրելի բարեպաշտ հայորդիք, Յարութեան որդիքն էք դուք այսօր, քանզի ձեզանից իւրաքանչիւրի հոգու մէջ Յարութեան յոյսն է, շունչն է, կեանքն է, որ կ’արտացոլուի: Այսօր դուք եկած էք այստեղ` հաղորդ դառնալու Քրիստոսի Սուրբ Պատարագի խորհուրդին եւ այս Պատարագով Ձեզ հետ տանելու հոգեւոր այն գլխաւոր, ճշմարիտ, յաւերժական Գանձը, որ Քրիստոս Աստուածորդու Յարուցեալ ներկայութիւնն է: Անբացատրելի, բայց եւ ներշնչող ուժականութեամբ, բոլորս ալ ուրախութիւն կ’ապրինք այս առաւօտ, մանուկի մը պէս ուրախ ենք հոգեպէս, ինչը բառերով կարելի չէ բացատրել, ոչ ալ պէտք է, որ փորձենք բացատրել այդ ուրախութեան խորհուրդը, քանզի մարդկային տրամաբանութեան մէջ կարելի չէ սահմանափակել եւ բացատրել Սուրբ Յարութեան խորհուրդին անսահմանելիութիւնը: Մեր հոգիները ծարաւի էին յարութեան լոյսին ու շնչին, քանզի աշխարհը եւ մարդիկ իրենց սրտում Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան նոր արշալոյսի մը ջերմ փափագով կ’ուզեն առաջնորդել իրենց կեանքը…, Ուստի Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը հաւատացեալի համար հրաւէրն է աղօթքի կեանքին, քանզի Յարութիւն տօնել` կը նշանակէ պատասխանել Աստծոյ կողմէ մեզի տրուած հրաւէրին»: Ապա Սրբազան Հայրն Իր խօսքն ուղղեց ծնողներուն` խնդրելով, որ այնպէս դաստիարակեն իրենց զաւակներուն, որ անոնց շուրթերէն անպակաս ըլլայ աղօթքը, քանզի երբ իրենց աչքերը բանան ամէն առաւօտ արեւի լոյսի հետ միասին, անոնց շրթներէն հնչէ «Հայր Մեր»` Տէրունական աղօթքը: Իր խօսքի վերջաւորութեանը Սրբազան Հայրն աղօթք վերառաքեց առ Բարձրեալն Աստուած մեր Հայրենի երկրի անսասանութեան, նահատակ հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներու մխիթարութեան եւ սփոփանքի համար. «Մեր աղօթքը նաեւ բոլոր այն ծնողներու համար է, ովքեր կորուստներ ունեցան այս ծանր օրերուն, մեր աղօթքը մնայուն կերպով պէտք է անոնց հետ ըլլայ, որպէս բալասան անոնց սրտի ցաւին, անոնց սրտի վէրքին, իրենց զաւակներու կորուստի համար: Մեր նահատակ քաջորդիներու արեան կանչը մեզ կը հրաւիրէ զգաստութեան…»: Ապա Սրբազան Հայրն Իր Օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն եւ Արեւմտեան Թեմի ողջ հաւատացեալներուն: Սուրբ Պատարագի վերջաւորութեանը` հաւատացելոց բազմութիւնը Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ առաջնորդուեցաւ Թրբանճեան հրապարակ` ուր Սուրբ Յարութեան տօնի առիթով կազմակերպուած էր բազմազան խաղեր, ներկայացումներ, երգ, պար եւ խնջոյք` ինչպէս երեխաներու, այնպէս ալ բոլոր ներկաներու համար: Ի տես Զատկական բացառիկ կազմակերպուածութեան` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ բարձր գնահատեց Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ`Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահբազեանն իր նախանձախնդիր եւ նուիրեալ ծառայութեան համար, ով իր շուրջն է հաւաքած Մայր Տաճարի ծխական խորհուրդն ու յարակից մարմինները` ի մասնաւորի սարկաւագաց դասը:
Աւագ Շաբաթուայ եւ Սուրբ Յարութեան խորախորհուդ այս բոլոր արարողութիւնները մեծ հանդիսութիւններով կատարուեցան Արեւմտեան Թեմի ողջ ծուխերէն ներս:
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան Տօնը Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մեծագոյն եւ առանցքային Տօնն է, որու խորհուրդով ներշնչուած ի կատար պիտի ածենք Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:
ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՅ
ԵՒ ԶԱՏԿՈՒԱՅ ՀԻՒՐ ՊԱՏԱՐԱԳԻՉՆԵՐ
- Սոլթ Լեյք Սիթի – Ս. Զատիկ – Տ. Յովնան Քհնյ. Պոզոյեան եւ Բարշ. Ստեփան Սրկ. Յովակիմեան
- Փորթլընտ- Ծաղկազարդ, Ճրագալոյց եւ Ս. Զատիկ-Տ. Գէորգ Քհնյ. Աբեան
- Անապատ- Աւագ Շաբաթ -Տ. Զենոբ Քհնյ. Նալբանդեան եւ Գէորգ Սրկ. Գէորգեան
- Փասատինա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ծաղկազարդ եւ Աւագ Շաբաթ -Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան
- Փասատինա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Աւագ Հինգշաբթի եւ Աւագ Ուրբաթ- Տ. Յովնան Քհնյ. Պոզոյեան
- Մայր Տաճար- Աւագ Շաբաթ – Տ. Մանուկ Աւ. Քհնյ. Մարգարեան եւ Տ. Մամբրէ Աւ. Քհնյ. Քեսաբլեան
- Կլենտեյլ Ս. Պետրոս- Աւագ Շաբաթ եւ Ս.Զատիկ- Տ. Յովսէփ Աւ. Քհնյ. Յակոբեան
- Քոսթա Մեսա Ս. Աստուածածին-Աւագ Շաբաթ-Տ. Ստեփանոս Քհնյ. Տինկիլեան եւ Տ. Մուշեղ Աւ. Քհնյ. Թաշճեան, Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան
- Ս. Կիրակոս -Աւագ Շաբաթ եւ Ս.Զատիկ – Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Մատարեան, Տ. Սերոբ Քհնյ. Ազարեան
- Վէն Նայս Ս. Պետրոս –Ծաղկազարդ եւ Ս.Զատիկ -Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
- Սան Տիէկօ -Աւագ Շաբաթ – Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեան
- Ափլենդս- Աւագ Շաբաթ – Տ. Արշակ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան
- Վիքթրվիլ-Ս. Զատիկ – Տ. Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեան
- Թահանկա -Աւագ Հինգշբթ. -Աւագ Ուրբաթ – Տ. Գեւորգ Քհնյ. Աբեան
- Կենտէյլ Ս. Գէորգ -Աւագ Շաբաթ – Տ. Երեմիա Քհնյ. Խաչատրեան եւ Տ. Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեան
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Դիւան Առաջնորդարանի