Կիրակնօրեայ Պատարագին Մէջ Ան Կը Զօրակցի Արցախին
Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Պութրոս Ռաիի քարտինալը Կիրակի օր քննադատեց Լիբանանի քաղաքական կողմերու ղեկավարները կառավարութեան կազմութեան ուշացումին մէջ իրենց ունեցած դերին համար:
Ռաիի մեղադրեց քաղաքական կողմերը Լիբանանը դէպի անդամալուծում իրենց առաջնորդելուն համար:
Մարոնի Պատրիարքը Կիրակի օրուայ իր Պատարագին ընթացքին նաեւ յիշեց Արցախը. «…մեր աղօթքներուն մէջ մենք կը յիշենք մեր եղբայրները, որոնք կը տառապին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող պատերազմին պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ, որ ծանօթ է որպէս Արցախ: Աստուծմէ կը խնդրենք, որ կանգնեցնէ այս պատերազմը, հաստատէ կրակի դադարեցումը եւ պաշտպանէ քաղաքացիական բնակչութիւնը: Կ՛ափսոսանք, որ այնտեղ ազդեցութիւն ունեցող պետութիւնները անյաջողութեան մատնուած են այդ պայքարը ռազմականէն խաղաղ բանակցութիւններու տեղափոխելու մէջ։ Կոչ կ՛ընենք ՄԱԿին կանգնեցնել բռնութիւնը, պահպանել պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը եւ հայ ժողովուրդի համար այնտեղ ապահովել օրինական պայմաններ, որպէսզի վայելեն անվտանգութիւնը, ազատութիւնը եւ վերամիաւորումը՝ միջազգային օրէնքներու շրջագիծէն ներս»: