Նամակ Ամերիկայէն – 10 —
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սեպտեմբեր 27ի առաւօտեան Ազերի-թուրք դաւադրական նախայարձակումը Ղարաբաղեան ինքնապաշտպանողական բանակի դիրքերուն վրայ, Արցախ – Ազրպէյճան շփման գիծի բոլոր կէտերուն շուրջ, անհունօրէն անյոյս զինուորական գործողութիւն մըն էր՝ ծունկի բերելու մեր ուժերը:
Ազերիներու շղթայազերծած այս լայնածաւալ նախայարձակումը՝ հայկական պաշտպանողական դիրքերու առընթեր, թիրախ դարձնելով նաեւ խաղաղասէր հայ բնակչութիւնն ու քաղաքամայր Ստեփանակերտը, իր սաղմին մէջ իսկ դատապարտուած էր անբարունակ ձախողութեան: Պատճա՞ռը. Որովհետեւ Ազերի անբարտաւան նախագահը պոռոտախօս յայտարարութիւններով կը կրկնէր իր ժողովուրդին՝ Արցախը «ազատագրելու» իր յաւակնութիւնը:
Նախայարձակման առաջին երեք օրերը Հայկական ուժերը լուրջ դժուարութեան մատնուեցան՝ տալով տասնեակ մը նահատակներ եւ կորսնցնելով զինուորական կարեւոր կազմածներ: Հակառակ այդ անցուկ օրերուն, հայ զինուորը աննկուն կամքով կուրծք տուաւ ոսոխին: Ազերի բանակը պատերազմի դաշտ նետեց իր տրամադրութեան ներքեւ գտնուող արդիական զէնքեր, զրահապատ փոխադրակառքեր եւ հրասայլեր: Շուրջ 150 թրքական բանակի պատկանող սպաներ, որոնք ազերի իրենց պաշտօնակիցներուն հետ անցեալ Յուլիսի զինուորական պարտութենէն ետք, սկսած էին ծրագրել այս նախայարձակումը այն դատարկ տրամադրութեամբ թէ շուրջ 50 հազար լաւապէս զինուած ստորաբաժանումներով կարելի պիտի ըլլար անակնկալի բերելով Հայկական ուժերը՝ ներթափանցել Արցախի սահմանները:
Եռօրեայ տաժանելի եւ յաճախ անհաւասար գուպարներէ ետք, մեր հերոսական բանակը վերահաստատեց իր հակակշիռը պատերազմի գրեթէ բոլոր գօտիներուն վրայ: Զինեալ բախումները եղան արիւնալի, 18 եւ 20 տարեկան հայ զինուորներ արեան գնով իրենց մատղաշ կեանքը զոհաբերեցին որպէսզի մէկ թիզ հող չկարենայ թշնամին խլել:
Ոսոխը շարունակեց գրոհել Հայկական դիրքերու վրայ: Սակայն իւրաքանչիւր գրոհ ետ մղուեցաւ մեր հերոս զինուորներուն եւ կամաւորական ուժերուն կողմէ, թշնամիին պատճառելով մեծ թիւով մարդկային զոհ եւ ռազմական կազմածներու կործանում: Եւ երբ Ազերի թշնամին բազմաթիւ անյաջող փորձերէն ետք չյաջողեցաւ որեւէ նշանակելի յաջողութիւն արձանագրել պատերազմի դաշտին վրայ, աւելի սաստկացուց իր յարձակումները, հրետանիով եւ տրոններով Արցախի տարածքին բնակչական կեդրոններուն վրայ:
Խամաճիկ եւ Խաբեբայ
Միջազգային քաղաքական մեկնաբաններ միահամուռ եզրակացուցած են թէ Ազրպէյճանական լայնածաւալ գործողութիւնը ծրագրուած էր Անգարայի մէջ: Թուրքիոյ ծաւալապաշտականն քաղաքականութեան մէկ նոր դրսեւորումն է այս: Ինչպէս սուրիոյ եւ լիպիոյ մէջ, Թուրքիա կը զինուորագրէ իսլամիստ ծայրայեղական ահաբեկիչներ, իր ազդեցութեան գօտիները ընդլայնելու առաջադրութեամբ Ազրպէյճանը բարեպատեհ թատերաբեմն է Թուրքիոյ համար ուր ժողովրդականութենէն զրկուած նախագահ Ալիյեւ առիթ մը կը փնտռէր իր զիջող ժողովրդականութիւնը վերականգնելու համար: Ան միամտօրէն հաւատք ընծայեց խաբեբայ թուրք պետական կառոյցներուն թէ հինգ վեց օրուան ընթացքին ճերմակ ձիու վրայ, յաղթական պիտի տողանցէ Ստեփանակերտի պողոտաներուն վրայ: Իր հօրը, Հայտար Ալիյեւի վրէժը լուծելու ցնորքով գինովցած՝ անձնատուր եղաւ թուրքերուն, ծրագրելու եւ հսկելու նախայարձակ գործողութիւններուն վրայ: Մեր ընթերցողներուն կ՛արժէ յիշեցնել թէ հայր Ալիյեւը 1994-ին ստորագրեց Արցախի հետ զինադադարի ազերիներու աչքով դիտուած նուաստացուցիչ համաձայնութիւնը:
Կթան Կով
Միայն Օգոստոս ամսուան ընթացքին, Պաքուն շուրջ 80 միլիոն տոլարի արժողութեամբ զինուորական կազմածներ գնած է Թուրքիայէն: Կարգ մը արեւմտեան զինուորական աղբիւրներու համաձայն, աւելի քան մէկ միլիառ տոլար կը գնահատուի թրքական զինուորական կազմածներու եւ ռազմամթերքներու Ազրպէյճան առաքումը: Մինչ Իսրայէլ 2016-էն 2018 տարիներուն, աւելի քան 4 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինուորական կազմածներ արտածած է դէպի Ազրպէյճան, որոնց կարգին զանազան տիպի տրոններ: Անշուշտ ծանօթ իրողութիւն է թէ Իսրայէլը Հայտար ընտանիքի նախասիրած «Հայրենիքն է» դրամ «լուալու» եւ կալուածային կամ այլ ներդրումներ կատարելու:
Տրոններու մահասփիւռ ներկայութիւնը Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէ կատարուած պաշտօնական հաղորդումներու համաձայն, մեր ուժերը ցարդ վար առած են աւելի քան 150 թշնամի տրոններ: Զանազան տարողութիւններ ունեցող մահասփիւռ այս տրոնները ունեցող աւեր կը գործեն քաղաքաբնակչութեան վրայ, խլելով զոհեր եւ հասցնելով նիւթական նշանակելի վնաս:
Օդային Գերակայութիւն
Ցնորք չէ մաղթել մեր հայրենիքը օժտուած ըլլայ հակա-օդային կատարագործուած սարքաւորումներով, որուն ցանցին մէջ ներառեալ ըլլայ նաեւ Արցախը: Հայաստանի ազգային անվտանգութեան անյետաձգելի հրամայականն է լուծել տրոններու պատճառած պատուհասը: Ռուսիան յատկապէս մտահոգ ըլլալու է: Լիպիոյ մէջ Թուրքատեղական արտադրութիւն եղող Պայրաքթար տրոններու անկաշկանդ գործածութեամբ հակազդեց Ռուսիոյ աջակցութիւնը վայելող Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի մայրաքաղաք Թրիփոլին գրաւելու մէկ տարի տեւող փորձին:
Զօրավարին ուժերը՝ ձեռնունայն նահանջեցին դէպի արեւելք: Արցախի մէջ, ինչպէս ծանօթ է թշնամին օգտագործած է թրքական եւ իսրայէլեան զանազան տիպի տրոններ, որոնք գերարդիական կը նկատուին եւ մեծապէս ազդու են:
Հանճարեղ հայ միտքը՝ Արտեմ Միկոյեանի նման, պէտք է անյապաղ լուծում մը գտնէ տրոններու առթած լուրջ սպառնալիքներուն, ոչ միայն ներկայ զինեալ բախումներուն՝ այլ ապագային համար մանաւանդ երբ այս տրոնները կրնան շատ աւելի կատարելագործուիլ: Ցաւալի իրողութիւն է նաեւ Հայաստանի օդուժին բացակայութիւնը: Երկրորդ Հանրապետութենէն մինչեւ այսօր, զանազան արդարանալի կամ անբացատրելի պատճառներուն, մեր Հայրենիքը զրկուած մնաց զօրաւոր օդուժէ: Անկասկած՝ Հայրենի քաղաքական – ռազմական ղեկավարութիւնը, ըլլայ Փաշինեանի կամ գալիք իշխանութիւններու օրով, պէտք է լուրջ ծրագիրներ մշակեն եւ աստիճանաբար գործադրութեան դնեն օդային գերակայութիւն հաստատելու հրամայականը: