Հակառակ վերջին վայրկեաններու թէական խոչընդոտներուն եւ քրիստոնեայ երկու կարեւոր խմբաւորումներու չկամութեան, Հարիրի կրնայ այս շաբաթ վարչապետ նշանակուիլ: Անոր նշանակումը պիտի գայ իր հրաժարականէն տարի մը ետք:
Յառաջիկայ Հինգշաբթի օրուայ երեսփոխաններու հետ նախագահի խորհրդակցութիւններուն պահով, Հարիրի ապահոված կը թուի ըլլալ երեսփոխաններու մեծամասնութեան իրեն ի անուանման ի նպաստ կեցուածքը:
Հակառակ այս դրական յառաջընթացին Հարիրի նշանակումէ ետք կրնայ դիմագրաւել կառավարութիւն մը կազմելու դժուարութիւններ մանաւանդ երբ հերթը կայ կարեւոր նախարարութիւններու բաժանումին, որ իր քուէարկութեան նպաստող իւրաքանչիւր պլոք պիտի ուզէ իր կողմին վերապահել: