Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, իր 2020 Հոկտեմբեր 20-ի թիւ 1708-Ն որոշումով, ժամանակաւոր արգելք դրած է թրքական ծագում ունեցող վերջնական սպառման ապրանքներու ներմուծման վրայ: Արգելքը ուժի մէջ կը մտնէ 2020 Դեկտեմբեր 31-ին: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն:
«Թրքական ծագման ապրանքներու ներմուծման սահմանափակումը կ՝ենթադրէ նախ եւ առաջ անվտանգային բաղադրիչ՝ հաշուի առնելով քանիցս հաստատուած փաստերը, ըստ որոնց, Թուրքիան բացայայտօրէն կ՝աջակցի ու կը սատարէ Ազրպէյճանի կողմէ՝ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմական եւ ահաբեկչական գործողութիւններուն: Թրքական ծագումով ապրանքներու ներմուծման արգելքով կը դադրեցուի հայաստանեան աղբիւրներէն Թուրքիոյ պետական գանձարանի նիւթական սնուցումը, միաժամանակ կը կանխարգելուի նաեւ թշնամական տրամադրուած երկրէ վերջնական սպառման ապրանքներու ներմուծման միջոցով հնարաւոր վտանգներու ներթափանցումը Հայաստան»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: