Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» Թանգարանի Տեսչութիւնը անգամ մը եւս ձեզ կը հրաւիրէ այցելելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերանորոգուած «Կիլիկիա» Թանգարան, քաջալերելով հայորդիները, յատկապէս երիտասարդներն ու պատանիները, որպէսզի մեր պատմութեան հետ հաղորդուելով՝ սորվին, ճանչնան եւ ներշնչուին մեր պատմական, եկեղեցական եւ մշակութային գանձերով։
Թանգարանը հանրութեան առջեւ բաց է Երեքշաբթիէն Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 10:00-էն, երեկոյեան ժամը 5:00, իսկ Կիրակի օրերը առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրուան ժամը 1:00։
Մուտքը ազատ է։