Ուրբաթ, 8 Նոյեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Նահապետը՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820-1901)

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ծննդեան 200-Ամեակի Առիթով

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Ծանօթ։

Այս տարի Հայաստան եւ Սփիւռք կը նշեն  հայ գիրի , գրականութեան եւ հայագիտութեան երախտաւոր Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ծննդեան 200-ամեակը ։

Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի անձնաւորութեան ընդմէջէն սա յարգանքի տուրք մըն է նաեւ բոլոր այն գիտնական Մխիթարեան հայրերուն,որոնք թէ՛ Վենետիկի եւ թէ՛ Վիեննայի Մայր վանքերուն մէջ իրենց գիտական վիթխարի նուաճումներով անսակարկ ծառայեցին մեր ժողովուրդի բաձրագոյն նպատակներու իրագործումին՝  խոր գիտակցութեամբ եւ նուիրումով։ 

Յ.Մ.

Մեր ժողովուրդի բազմադարեան կեանքին մէջ կարեւոր եւ յիշարժան թուականներ եղած են- թուականներ,որոնք սխրանք բերած են, բերած են նշանակալից յաջողութիւններ եւ ձախողութիւններ։ Եղած են նաեւ աղէտներ։ Վերիվայրումներու շարք մըն է դժբախտաբար մեր պատմութիւնը ու յաճախ մարդիկ հարց տուած են թէ ինչպէ՞ս այս փոքրաթիւ ժողովուրդը կրցած է դարերու ընթացքին ո՛չ միայն պահել իր ֆիզիքական գոյութիւնը, այլեւ ստեղծագործել, մշակութային կեանք մը զարգացնել եւ իր վաստակը բերել համամարդկային մշակոյթի, գիտութեան եւ արուեստի զարգացման։

Նախախնամական երեւոյթ է որ Հայ կեանքի եւ պատմութեան մէջ մեր ամէնէն դժուարին, տագնապալի եւ ճակատագրական պահերուն երեւան եկած են դէմքեր, անհատներ, հասարակական ոյժեր որոնք իրենց տեսլականի ոյժով նոր ուղղութիւն պարգեւած են հայ ժողովուրդին երբ մեր շրջապատը եղած է անյոյս, տագնապալի եւ մարտահրաւէրներով յղի։ Այսպէս, Գրիգոր Լուսաւորիչ Քրիստոնէութեան լոյսը բերաւ Հայաստան եւ փոխեց մեր մշակութային հայեացքի կառոյցը եւ խորքը երբ այդպիսի յեղաշրջում մը անհրաժեշտ էր մեր կեանքէն ներս։ Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները Հայ Դպրութեան ճամբով նոր կեանք մը պարգեւեցին մեր ժողովուրդին, ազգային ինքնութեան եւ ինքնաճանաչութեան դրոշմ մը տալով մեր ազգին երբ մեր անմիջական շրջապատին մէջ անծանօթ գաղափար մըն էր տակաւին ազգութեան գաղափարը։ Վարդան Մամիկոնեան եւ իր ընկերները իրենց անձնազոհութեամբ Աւարայրի Դաշտին վրայ մեր գոյութեան ազգային հիմքերը զօրացուցին եւ նուիրագործեցին ։

Մեր պատմութեան հետագայ դարերուն եղան նաեւ անձինք նուիրեալք, որոնք իրենց աշխատանքով, գործունէութեամբ եւ նուիրումով Հայ կեանքին նոր սկզբնաւորութիւն մը տուին երբ նոյնքան մութ էր ու անյոյս մեր շրջապատը ։Անոնք հեռատեսութիւնը եւ գիտակցութիւնը ունեցան անցեալի ջահէն վառելու իրենց լապտերը ու լուսաւորելու եկող սերունդներու ուղին։

Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ծննդեան տարեդարձի տարողութիւնը, բնոյթը եւ կարեւորութիւնը ըմբռնելու համար հարկ է յետադարձ ակնարկ մը նետել ժամանակակից այն պատմութեան վրայ որ կանխեց Ալիշանի գործունէութեան շրջանը եւ պատճառ հանդիսացաւ Ալիշանի եւ անոր նմաններուն երեւան գալու մեր ազգային կեանքէն ներս՝ ժրաջան կերպով լծուելու աշխատանքի, բացայայտելու մեր ժողովուրդի հոգե-մտաւորական գանձերը, եւ ծանօթացնելու զանոնք մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն, այդ ճամբով անցեալը կապելու ներկային եւ անկէ ուղղութիւն տալու գալիք ժամանակներուն։ Ալիշան եւ իր նմանները սրբազան առաքելութեամբ եկան մեր ժողովուրդի մօտ բարձրացնելու եւ զարգացնելու անոր ազգային ինքնագիտակցութեան եւ ինքնաճանաչման հորիզոնները, բարելաւելու անոր մշակութային եւ մտաւորական կեանքի պայմանները եւ անոր քաղաքական իղձերուն եւ երազներուն իրականութեան մարմին մը տալու մտասեւեռումով։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԽՈՐՔԸ ԵՒ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ 18 ԵՒ 19-ՐԴ ԴԱՐԵՐՈՒ ԱՌԱՆՑՔԻՆ

18-րդ եւ 19-րդ դարերուն  Հայ ժողովուրդը Արեւելքէն եկած իրարայաջորդ արշաւանքներու,քաղաքական բախումներու եւ տիրող անիշխանութեան պատճառով կը գտնուէին ընկերային, իմացական եւ ազգային անկումի մը մէջ, ենթարկուելով անգամ մը եւս զիրենք շրջապատող ժողովուրդներու ջլատիչ եւ կաշկանդող ազդեցութեան։ «18-րդ դարուն սկիզբը հայ ազգը, եւ ամբողջ Արեւելքը , տակաւին կը գտնուէին տեսակ մը Միջնադարու մէջ» կը գրէ Պատմագէտ Հրանդ Պաստրմաճեան։ Էտուար Տիւլորիէր ( Edouard Jean Dulaurier) Revue des Deux Mondes հանդէսին մէջ իր «Լa société arménienne contemporaine» յօդուածին մէջ, տպուած 15 Ապրիլ 1854-ին, կը գրէ։ «18-րդ դարու սկզբնաւորութեան հայ ազգը զինք հարուածող աղէտներէն ետք, ճնշումներու տակ ստրկացած, արագօրէն կը դիմէր դէպի մտաւորական կատարեալ անկում։ Իր լեզուն եւ աւանդութիւնները  ամէն օր մաս առ մաս կը կորսուէին, տեղի տալով զինք շրջապատող ժողովուրդներու բարբառներուն եւ բարքերուն»։

Արդարեւ, այս տարամերժ պայմաններու հետեւանքով յառաջ եկած էին նաեւ գաղթականական տեղաշարժեր, որոնք նոր սփիւռքներ կը ստեղծէին ըստ բախտի  հայրենի աւանդական բնակավայրերէն հեռու , ու կը սպառնային  հայ ժողովուրդի գոյատեւման՝ իբրեւ միատարր ամբողջութիւն։ Այս պայմաններուն մէջ հայ ազգի ինքնութեան  եւ միութեան կապերը  տակաւ կը տկարանային, պատճառ դառնալով ձուլումի,այլասեռութեան եւ կորուստի։ Առաւել եւս, տարբեր քաղաքական  իշխանութեանց եւ դրութիւններու ենթակայ  հայ ժողովուրդը  Պարսկական եւ Օսմանեան կայսրութեանց սահմաններէն ներս իրարմէ անկապ ազգային զարգացումներ կ՛ապրէր առաւել  եւս տկարացնելով մէկ ժողովուրդ, մէկ լեզու, եւ մէկ ինքնութիւն հասկացողութիւնը՝ հայ զանգուածներուն մօտ։ Այս պայմաններուն մէջ «ամբողջական ստրկութենէն եւ կեանքի անհանդուրժելի պայմաններէն ետք, անբնական երեւոյթ չէր մեր խաւարամտութիւնը,յետամնաց կեանքը» կը նշէ Մինաս Թէօլէօլեան իր «Դար մը Գրականութիւն» երկհատոր գործին մէջ ։

Այսպէս 15րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դար « ո՛չ միայն քաղաքական կեանքի տեսակէտէն ,այլեւ Մշակութային կեանքի տեսակէտէն  այս շրջանը քայքայումի  շրջան մըն է Հայաստանի համար, թէեւ հոս հոն մի քանի կայծեր կ՛երեւին հորիզոնին վրայ» կը գրէ Լեւոն Արք. Զէքեան  պատմագիր  Gerard Dedeyan-ի խմբագրած «Histoire du Peuple Armenien» կոթողային գործին մէջ:

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ  ԶԱՐԹՕՆՔԻ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՇՐՋԱՆԻՆ

           Մխիթարեան Միաբանութիւնը մեծ եւ հիմնական դեր խաղաց Հայ Ժողովուրդի Զարթօնքի եւ վերածնունդի ընթացքի զարգացումին այլ գործօն ազդակներու կողքին 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն։

1701-ին հիմնուած փոքր Միաբանութիւն մը Մխիթար Սեբաստացիի ղեկավարութեան տակ ձեռք կ՛առնէր զարթօնքը կերտելու եւ կազմակերպելու աշխատանքը։ Հայ մատենագիտական վաստակի հրատարակութեամբ, թարգմանութիւններով, հայոց պատմութեան ուսումնասիրութեամբ  եւ ծանօթացումով Մխիթարեան հայրերը Վենետիկի եւ Վիեննայի մէջ կը ձեռնարկէին արեւմտեան ըմբռնումով , քննական եւ վերլուծողական պրպտումի եւ աշխատանքի։ Զոյգ վանքերը կը դառնային հետազօտութեան կենդրոններ, տեսակ մը հայկական համալսարաններ ուր լեզուն, պատմութիւնը, գրականութիւնը աննախընթաց ուսումնասիրութեան առարկայ կը դառնային։ Թարգմանչական ծաւալուն աշխատանքը որուն լծուեցան Մխիթարեան հայրերը  18-րդ եւ 19-րդ դարերուն , հայ մտաւոր եւ ընկերային կեանքին ընծայեցին արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցութեան նոր միջոցներ  եւ արագացուցին Զաթօնքի աշխարհին զարգացումը։

Մխիթարեան հայրերը իրենց Միաբանութեան հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ հետամուտ եղան հայ արժէքներու , սովորոյթներու , մեր նախնիներու հաւատքին  եւ լեզուի պահպանումին։       Ու այս աշխատանքը անոնք հետապնդեցին տարերային ուժգնութեամբ, ամբողջական նուիրումով , գիտակցութեամբ եւ աներեր կամքով ՝ Միաբանութեան հիմնադրութենէն մինչեւ օրերս։ Անոնց բանասիրական , պատմագիտական, թարգմանչական , հրատարակչական, լեզուական, ծիսագիտական ու կրօնական աշխատանքները խաւարին մէջ տուայտող մեր ժողովուրդին առիթը եւ միջոցը ընծայեցին՝ թօթափելու համար դարերու անշարժութիւնը եւ միանալու արդիական աշխարհի երթին։ Մասնագէտներու կարծիքով , Մխիթար Սեբաստացի, Մխիթարեան Միաբանութիւնը եւ Մխիթարեան հայրերը Հայութեան Զարթօնքի հունտերը ցանեցին 18-րդ  դարու ընթացքին եւ այդ Զարթօնքը կերտեցին 19-րդ դարուն։

ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ՝ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ահա այսպիսի զարգացումներու ընդմէջէն երեւան կու գայ անձ մը, Հայր Ղեւոնդ Ալիշան- բանաստեղծ, բանասէր, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, ու թարգմանիչ, գրական դէմք մը որ  մեծ դեր կը խաղայ Հայ Զարթօնքի ձեւաւորման եւ զարգացումին մէջ։

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ծնած է  6 Յուլիս 1820 թուականին, Պոլսոյ մէջ, հնահաւաք ու դրամագէտ Պետրոս-Մարգար Ալիշանեանի ընտանեկան յարկին տակ մկրտութեան անունով՝ Քերովբէ։ Պոլսոյ «Չալըխեան» նախակրթարանը հազիւ աւարտած՝ 12 տարեկան Քերովբէն ղրկուեցաւ Վենետիկի Սուրբ Ղազարի վանքը եւ յանձնուեցաւ Մխիթարեաններու դաստիարակութեան։ Վանքի Ընծայարանն ու «Մուրատ Ռափայէլեան» բարձրագոյն վարժարանը աւարտեց 1841ին՝ ու ձեռնադրուեցաւ կուսակրօն քահանայ։ Անմիջապէս նուիրուեցաւ նոյն վարժարանէն ներս ուսուցչական ասպարէզին, միաժամանակ աշխատակցելով 1843ին կեանքի կոչուած Վենետիկ Մխիթարեան հայրերու հրատարակած «Բազմավէպ» հանդէսին։ Այս շրջանին է որ լոյս տեսան իր առաջին բանաստեղծութիւնները,  որոնք գրաբարով գրուած էին եւ կը կրէին Մխիթարեաններու դասական դպրոցին կնիքը։

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԸ

1858–1861 թուականներուն կը վարէ Փարիզի Մուրատեան վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը: Նոյեմբեր 1861 թուականին  Ալիշան կը վերադառնայ Ս. Ղազար: Մի քանի տարի ետք ,1866 թուականին, ան կրկին կը նշանակուի Վենետիկի Ռափայէլեան վարժարանի տեսուչ։ Այդ պաշտօնը կը շարունակէ վարել մինչեւ 1872 թուականը որմէ ետք  ընդմիշտ կը ձգէ մանկավարժական ասպարէզը եւ մինչեւ իր մահը (22 Նոյեմբեր 1901) ամբողջութեամբ  կը նուիրուի հայագիտական աշխատանքի։ 

Իբրեւ մանկավարժ Ղեւոնդ Ալիշան շեշտը դրած է ուսումի կարեւորութեան վրայ։  «Եթէ հայ ազգը լաւ յատկութիւններ ունի, ուրիշ ազգերն էլ ունեն: Եթէ այդ

ազգեր պակասութիւններ ունեն, հայն էլ ունի: Որովհետեւ ազգը ասուածը պարտէզի է նման, որտեղ հնարաւոր չէ վատ, անօգուտ խոտ չբուսնի: Հարցը սա է, թէ ո՞րն է աւելի շատ մոլախոտով լցուած: Յայտնի է, որ աւելի անտէր, անմշակ թողնուած պարտէզը, եթէ նոյնիսկ հողը լաւն է, բայց դարմանող ձեռքեր չունի, կարող է բոլորովին անպիտան խոտերով պատուել եւ ծածկել ու խեղդել օգտակար բոլոր բոյսերը: Շարունակական կրթութիւնն է, որ ազգերին աւելի է ծաղկացնում, քան անխնամ թողնուած բնական ձիրքը» ըսած է ան: 

Արձակագիր, հրապարակախօս, գրական քննադատ եւ Արեւմտահայ գրող Արփիար Արփիարեան որուն, «Կարմիր Ժամուց» եւ «Ոսկի Ապրջան» գիրքերը նշանակալից ներդրում մը կը հանդիսանան  հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, այդ տարիներուն աշակերտած է Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի եւ հետեւեալ վկայութիւնը կու տայ։ «Հրապարակագրի կեանքիս մէջ շատ անգամ առիթ ունեցած եմ խօսելու Վենետիկեան յիշատակներուս վրայ։ Ամէն ատեն, եւ այժմ ալ, երբ ուզած եմ վերլուծել այն զգացումները, որք սիրտս կը կապեն Մխիթարեան Ռափայէլեան վարժարանին, երբ ուզած եմ փնտռել թէ ինչու՜ այնքան խորհին կերպով կը սիրեմ Վենետիկն, աչքիս առջեւ ներկայացած է  Հ. Ալիշան որ Ռափայէլեան  վարժարանի տնօրէնն էր։ Կը յիշեմ զինքը խոհուն, մտածող միշտ խորասուզուած իր մեծ աշխատութիւններուն մէջ , բայց միշտ սրտի տէր, միշտ յիշող  թէ այդ տղաքներն յանձնուած են իր խնամքներուն, անոնց միտքը , անոնց սիրտ իսկ պիտի կրթէ եւ ազնուացնէ» ։

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

Ալիշանը երիտասարդ տարիքին գրական ասպարէզ իջած է որպէս բանաստեղծ ու սկզբնական շրջանին հետեւելով Մխիթարեան աւանդին գրած է գրաբար լեզուով։

Ան 1850-ականներու վերջաւորութեան, «Նուագք» ընդհանուր անուան տակ ի մի բերելով երիտասարդ տարիքին գրուած իր քերթուածները, Ալիշան ՚ յաջորդաբար լոյս ընծայեց «Մանկունի», «Մաղթունի», «Խոհունի», «Բնունի», «Հայրունի», «Տէրունի» եւ «Տխրունի» խորագրուած գրքոյկները, որոնք մարդկային անսահման բարութեան, մարդկայնապաշտ ապրումներու եւ խոհերու, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական հաւատքի վերահաստատման նորօրեայ աւետարաններ հանդիսացան հայ ընթերցողին համար։ Այս բանաստեղծութիւնները  միաժամանակ հայ  սրտերուն եւ մտքերուն մէջ հրահրեցին հայոց փառապանծ անցեալի ոգեկոչումը, հայրենի բնութեան պաշտամունքը , հայրենի հողին, քարին ու ջուրին անանց նուիրումի հրամայականը։

Այս զգացումները աւելի կը հրահրուէին երբ  19-րդ դարու սկիզբներուն   ծայր կ՛առնէին ռուս-թուրքական եւ ռուս-պարսկական պատերազմները։Այս զարգացումները   յոյսեր կը ներշնչէին հայութեան‚ որ կը մօտենար պարսկական ու թուրքական բռնապետութիւններէն  ազատուելու ժամը։ Այս կը նշանակէր որ պէտք էր ոտքի հանել հայ ժողովուրդը ի խնդիր ազատութեան ։ Այս աշխատանքին  լծուած էին արդէն ժամանակի յառաջադէմ հայ բանաստեղծներէն հոյլ մը, որ մարտի կը հրաւիրէր հայ ժողովուրդի զաւակները՝ թօթափելու օտարի լուծը։ Այսպէս Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան կ՛աղաղակէր — «Կ՛ուզեմ վառօդ եւ գնդակներ»‚ մինչ Միքայէլ Նալբանդեան կը շեշտէր թէ «Ներկայ օրերում այլ ինչ սեւ քնար‚ սուր է հարկաւոր կտրիճի ձեռքին»։ Իր կարգին Ռափայէլ Պատկանեան կ՛այպանէր տատամսողը ու խօսքը ուղելով անոր կ՛ըսէր ։ «Ամօթ է քեզ‚  հազար ամօթ‚ որ զէնք չունիս քո ձեռքին» ։

            Ալիշան այս շրջանին իրարու ետեւէ կը հրատարակէ մարտակոչային եւ հայրենասիրական  բնոյթի բանաստեղծութիւններու ամբողջ շարք մը «Ի բամբիռն Հայկազնի»‚ «Կարմիր Վարդան»‚ «Սեպուհն Վասակ»‚ «Ի սուրբ Ղեւոնդ»‚ «Դատաստանք Վասակայ մատնչի»‚ «Ի նախագահն Մասիս» ‚ խորագիրներով, որոնք հայ հայրենասիրական բանաստեղծութեան  լաւագոյն նմոյշները կը հանդիսանան։

Անոնց մէջ Ալիշան հաստատ ու յստակ պատգամ մը կը փոխանցէր հայ ժողովուրդի զաւակներուն։Պաշտելու աստիճան սիրել եւ պահպանել հայոց լեզուն ու հայրենի հողը, հայն ու հայ մշակոյթը ։ «Լեզուն կորսնցնելէ ետեւ եւ մանաւանդ անոր հանդէպ անհոգ ըլլալէն ետեւ մէկ ալ ազգային սովորութիւնք եւ յիշատակք եւ նշանք շուտով կը կորսուին»։

Անդրադառնալով  որ ժողովուրդէն հասկնալի ըլլալու  համար գրաբար լեզուն ՚խոչընդոտ կը հանդիսանար իրեն, Ալիշան իր հետագայ գործերը գրեց աշխարհաբարով։ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան աշխարհաբարի մշակման ու բիւրեղացման պայքարին մէջ մեր դրօշակիրներէն մին եղաւ, ու սեփական ժողովուրդին հասկնալի ու սրտամօտ հայերէնի գործածութեան որդեգրումով սատարեց Զարթօնքի շարժումին եւ անոր գիտակցային տարածումին ժողովրդային լայն խաւերէն ներս։ 

Արդարեւ, աշխարհաբառ այս բնոյթի առաջին ստեղծագործութիւնը‚ որ լոյս տեսաւ «Նահապետ» կեղծանունով թէ՛ ըստ ձեւի‚ թէ՛ ըստ բովանդակութեան, նորութիւն էր‚ երբ հրատարակուեցաւ Վենետիկի Մխիթարեան ամսագիր «Բազմավէպ»ի մէջ 1847 Յունիսին «Հայոց աշխարհիկ» խորագիրով։ Այդ բանաստեղծութիւնը դարձաւ  հայ նոր գրականութեան  սկզբնաւորութիւնը աւետող  գործերէն մէկը։ Բանաստեղծութիւնը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ ամենուրեք։ Հեռաւոր Հնդկաստան ապրող Մեսրոպ Թաղիադեանը դրուատական առաջաբանով արտատպեց զայն իր «Ազգասէր Արարատեան» պարբերականին մէջ։ իսկ Պոլիս գտնուող լեզուաբան եւ գրականագէտ Հայր Արսէն Բագրատունի  հիացական նամակ գրելով Վենետիկ միաբանութեան իր ծանօթ- բարեկամներուն  կը  խնդրէր որ իմաց տան իրեն թէ ո՞վ է «Նահապետ » ծածկանունի տակ երեւցող այդ «նորովի տաղանդը»։  Այդ բանաստեղծութիւնը նկատի ունենալով Միքայէլ Նալբանդեան‚  կը գրէր ‚ որ «արժանաւոր վարդապետը չափաբերական քերթուածոց մէջ ախոյեան չունի» եւ թէ «նորա գործերը ջերմացուցէր են շատ սրտեր Նահապետի անունին ի վեր»։

            Ստորեւ մի քանի պատառիկ «Հայոց աշխարհիկ» բանաստեղծութիւնէն իբրեւ նմոյշ Ալիշանի մօտ տիրող հայրենասիրական տաղանդէն եւ ոգիէն։

Հայոց աշխարհիկ, գարունդ է հասել

Ահա գեղեցիկ գարուն քո եկել

Ո՜վ դու ի վաղուց մոռցուած հայրենիք,

Ո՜վ դու իմ սրտիս անմոռաց տեղիք։

Բայց ափսո՜ս հիմա, որ չար թըշնամիք

 Իսկի չեն խնայել Հայո՜ց աշխարհիկ,

 Զազգն ընչոք ռեղոք քանդել ու գերել,

 Դէմ չորս հովերուն տըուել ու ցրուել։

 Աւա՜ղ քեզ, աւա՜ղ, Հայոց աշխարհիկ,

  Տուն երկնանման, փըլած տաղուարիկ…

Ու  այդ բանաստեղծութեան մէջ Ալիշան կը պատգամէր նաեւ։

Ձեզ կ՛ասեմ մանկունք սիրունք, նազելիք,

Որոց է բնական Հայոց աշխարհիկ,

Մի ուրանայք զերկիրգ ու զազգըդ սիրուն,

Ծառն՝ արմատով ծառ, տունն հիմամբն է տուն…

Այսպիսի բանաստեղծութիւններով Ալիշան Վիպապաշտութեան  ուղին բացած է մեր մէջ դառնալով այդ ուղղութեան հիմնադիրներէն մէկը հայ գրականութեան մէջ։ Վիպապաշտութիւնը իբրեւ  գեղարուեստական, գրական, երաժշտական եւ մտաւորական շարժում սկիզբ  առած է  18-րդ դարու վերջին Եւրոպայի մէջ եւ կը յատկանշուի  զգացումներու, ինչպէս նաեւ բնութեան եւ անցեալի փառաբանութեամբ ։ Ալիշան այդ շարժումը ներմուծեց հայ գրականութեան ոգիին մէջ։

 1848  թուականին երբ Ալիշան կը նշանակուի  Վենետիկի Ռափայէլեան վարժարանի տեսուչ կը բռնկի  իտալական ազատագրական ապստամբութիւնը Աւստրիական լուծին դէմ։ Ան կը լսէ վարժարանի առջեւէն անցնող հազարաւոր իտալացի հայրենասէրներու ազատութեան ոգեշունչ երգերը, եւ ականատես  կ՛ըլլայ Վենետիկի փողոցներուն մէջ մղուող մարտերուն։ Այդ ամէնը երիտասարդ բանաստեղծին վրայ կը ձգեն ուժեղ տպաւորութիւն: Ազդուած այդ մթնոլորտէն   Ալիշան  կը գրէ «Բա՜մբ Որոտան»ը ։ «Բա՜մբ  Որոտան»ը  Ֆրանսական «Մարսէյէզ» քայլերգին չափ հրաբորբոք, անոր չափ սրտոտ խանդավառած է հայ ժողովուրդը  իր «Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, օ՜ն անդր յառաջ»  կոչով, եւ երգահան Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967)

յօրինողական յղացումով։

Բա՛մբ, որոտան , բարձուստ բոմբիւնք յԱյրարատեան դաշտն ի վայր,
Արի արանց արիւնք՝ յեռանդ առատանան ի հրազայր,
Հրաւէր հայրենեաց հըռչակի նդհանուր,
Հոգիք Հայկազանց բորբոքին ի հուր.
Որք երկնաւորին պսակին էք կարօտ,
Որք երկնաւորին փառաց երկնայորդ։

Հապ’օ՜ն արի արանց մանկունք,
Հայրենավրէժքըդ Հայկազունք,
Հապ’օ՜ն ի զէ՛ն գունդագունդ
Յեռեալ ի պար թունդ ի թունդ,
Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, օ՜ն անդր յառաջ,
Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, մի՛ ձախ մի՛ յաջ,

Օ՜ն անդր յառաջ,

Յառա՜ջ, յառա՜ջ
Հապ’օ՜յառա՜ջ, յառա՜ջ։

Առանձին հմայք ունին հայրենի երկրի բնութեան նուիրուած Ալիշանի թախծոտ ու սրտամորմոք երգերը ինչպիսին են  «Հայոց աշխարհիկ», «Հրազդան» եւ «Հայ հայրենիք» բանաստեղծութիւնները ։ Այս երգերուն մէջ առանձնապէս ուժեղ կերպով արտայայտուած է պանդխտութեան ցաւատանջ զգացումը։ Ակնարկելով այս երեւոյթին Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան Ալիշանը կոչած է «Մեր միշտ պանդուխտ ալեւոր Նահապետը»։

Մեր դասական գրականութեան մեջ պանդխտութեան  նուիրուած լաւագոյն բանաստեղծութիւններէն կը համարուի «Հրազդան»–ը, իր անմիջականութեամբ եւ յուզականութեամբ:

Հրազդա՜ն, գետակդ իմ հայրենի,

Հրազդա՜ն, ջրիկդ իմ անուշիկ,

Ահա թողել զհողն օտարի,

Բաբգէնս հասել եմ պանդըխտիկ.

Ա~յ Հրազդան, ա՜յ ջուրք Հայրենիք,

Ա՜յ ափունք, է՞ր կու լայք լըռիկ:

Բանաստեղծը, սակայն, լաւատեսօրէն  տրամադրուած իր հայրենիքի ապագայի նկատմամբ։ Իր «Հայոց Աշխարհիկ» երգը կ՛աւարտէ այն հաստատ հաւատքով, որ  օր մը պիտի բացուի Հայաստանի գարունը։

Ամպն ու փոթորիկ շուտով վերանայ,

Նոր արեւ, գարուն, ծառն ու այգի գայ։

Արմատք հին՝ նոր ճիւղ, հին ճիւղք՝ նոր ծաղիկ

Ընծայեն բնութեան, Հայոց աշխարհիկ…

 Որք խելոք սիրով կան զինչ աղբըրիկք,

 Տեսնեն քո գարունդ, Հայո՜ց աշխարհիկ…

«Լաւ քաղաքացի ըլլալու համար լաւ պէտք է ճանաչել հայրենիքը, քննել, ուսումնասիրել անոր անցեալն ու ներկան» կը պատգամէ Ալիշան: «Բնական է մարդուս փնտռել եւ սիրել զՀայրենիքը»։ «Ո՞ւր է հայրենիքն…», կը հարցնէ եւ ինքն ալ կը պատասխանէ «…Ուր որ հայրենի երգեր կը լսուին՝ հոն հայրենիքը ողջ է»:

ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԲԱՆԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԻՉԸ

Ալիշանն իր ուժերը փորձած է նաեւ գեղարուեստական արձակի մէջ հրատարակելով «Յուշիկք հայրենեաց հայոց» պատմա–գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը։ Հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալի օրինակով ան  երիտասարդ սերունդին սորվեցուցած է սիրել հայրենիքը, չխնայել կեանքը անոր փրկութեան համար («Կարմիր Վարդան»), գնահատել ու պահպանել ժողովուրդի մշակոյթը («Աբգար Դպիր»)։

Ալիշանի գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու գաղափարական շարունակողները հանդիսացան մեր դասական արձակագիրներէն Րաֆֆին‚ Մուրացանը‚ Պատկանեանը‚ Ծերենցը եւ  ուրիշներ‚ որոնց գործերուն երբ կը ծանօթանանք «կարելի չէ չնկատել Քաղցրազրուցիկ Նահապետի որոշակի ազդեցութիւնը անոնց վրայ»,  գրած գրականագէտ Սուրէն Շտիկեան  Օգոստոս 1990 թուականին Ղեւոնդ Ալիշանի ծննդեան 170-ամեակի առիթով Սովետահայ « Լենինեան Ուղիով» հանդէսին մէջ։

Նշանակալից է որ Ալիշան եղած է նաեւ հայ ժողովրդական բանարուեստի առաջին գնահատողներէն եւ բանահաւաք–ուսումնասիրողներէն մին։ 1852-ին տպուած «Հայոց երգք ռամկականք» ժողովածուն մեր գիտական բանագիտութեան առաջին աշխատութիւններէն կը հանդիսանայ։ Ան 1845 թուականին  «Բազմավէպ»-ի մէջ տպագրուած «Ռամկական երգեր» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ կը գրէ։ «Ռամկական երգը ազգային ոգւոյն մէկ ձայնն է, որ շատ հեղ ուրիշ կողմանէ մեռած կամ մարած ատեն ալ, դեռ այսպիսի երգոց մէջ կենդանի կը մնայ, անոր համար՝ ազգային երգ ալ կ՛ըսուի… Այսպիսի երգերը շատ անգամ աւելի լաւ կ՛իմացնեն ազգի հանճարը, քան թէ ծանր գրուածքները, եւ կը գտնուեն անոնց մէջ անանկ սքանչելի զուրցուածք, որ միայն իրենց ռամկական անունին համար հասարակ բան կը կարծուին, բայց ճշմարտութեամբ գերագոյն գրուածոց կարգը անցնելու են»:

Այնուհետեւ, ոգեկոչելով՚ «Ողբ կաքաւու» երգը, կ՛աւելցնէ. «Կը համարձակիմ ըսելու, թէ այս երգս անոնցմէ մէկն է, որոց վրայ  չի կրնար մէկը բան մը աւելցնել կամ պակսեցնել, եւ կրնայ գեղեցիկ օրինակ մը ըլլալ նաեւ օտար ազգաց, միայն թէ հայերէնին քաղցրութիւնը կարելի ըլլայ պահուիլ, որ անկարելի է. եւ կարծեմ՝ աւելի վսեմ հայկական լեզուով ալ գրուած րլլար նէ նույն աղուորութիւնը չէր ունենար»։ Ապա «ուսումնասէր եւ ազգասէր ընթերցողներուն» կոչ կ՛ընէր գրի առնելու, հաւաքելու Հայաստանի այլեւայլ գաւառներու մէջ երգուող ժողովրդական այդ երգերը, «վասնզի անոնցմէ կրնան շատ մարգարիտներ ելլել, եւ թերեւս ատենով հայոց գրականութեան տաճարին մէջը պատուաւոր տեղ մը ունենան»: Ալիշան, Վենետիկի, Փարիզի, Լոնտոնի, Վիեննայի մատենադարաններու հայկական գրչագիր մատեաններուն մէջ տարբեր ժամանակներու ընթացքին գրի առնուած ժողովրդական երգերը ի մի հաւաքելով է որ 1852 թուականին հրատարակած է հայերէն եւ անգլերէն, «Հայոց երգք ռամկականք» խորագրով երկը։ Այդ ժողովածուն կը պարունակէր 19 զանազան երգեր, որոնց մէջ նաեւ հետագային համազգային հռչակ ստացած «Կռունկ, ուստի՞ կուգաս» երգը:

ԲԱՆԱՍԷՐԸ ԵՒ ԳԻՏՆԱԿԱՆԸ

Ալիշան 1872 թուականէն սկսեալ իր կեանքն ու գիտական գործունէութիւնը կը նուիրէ Հայաստանի աշխարհագրութեան ուսումնասիրութեան։ 

          Գիտական յօդուածներով Ալիշանը երեւան  եկած էր  «Բազնավէպ»–ի մէջ «Տեղագիր Հայոց Մեծաց» (1855) աշխատութեամբ։

Այդ աշխատութեան մէջ ան  տեղագրած էր պատմական Հայաստանի գաւառները, տուած անոնց համապատասխան գիտա–աշխարհագրական բնութագրութիւնը ։ Ալիշանը նախատեսած  էր գրի առնելու  պատմական Հայաստանի բոլոր 15 նահանգներու  մասին պատմա–աշխարհագրական բնոյթի աշխատութիւններ,  զանոնք  ամփոփելով  20-22 մեծադիր հատորներու մէջ։ Այդ շարքի առաջին գործն է «Շիրակ»-ը (1881), ուր Ալիշանը, բնաւ Հայաստան չգտնուելով հանդերձ,  քննութեան ենթարկած է այդ գաւառի պատմութիւն ու աշխարհագրութինը։ Այնուհետեւ իրարու   յաջորդած  են «Սիսուանը» (1885),«Այրարատ» (1890) , եւ «Սիսական»  (1893) աշխատութիւնները։ Այդ գործերուն մէջ Ալիշանը մասնագիտական մանրակրկիտ քննութեամբ տեղագրած է Հայաստանի պատմական նահանգներու լեռները, լիճերը, ձորերը, արժէքաւոր տեղեկութիւններ հաղորդելով  քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ  եղած մեծ ու փոքր պատմական յուշարձաններու եւ  հայկական վանքերու մասին։ Ան հրատարակելով իր պատմա-աշխարհագրական, հայագիտական եւ բանասիրական գիտութիւնները , հայ ժողովուրդը կը ծանօթացնէր իր հարուստ, պատմական անցեալին, հռչակաւոր ու անուանի նախնիներուն եւ անոնց կատարած մեծագործութիւններուն։Այդ աշխատութիւնները գիտական աշխատութիւններ չեն միայն, այլ յագեցած են նաեւ գեղարուեստական մտածողութեամբ։

Կ՛արժէ հոս յիշել որ «Սիսուան»ի եւ Ալիշանի հետագայ աշխատանքներու մուտքը արգիլուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ, այն պատճառաբանութեամբ որ անոնց  բովանդակութիւնը «կը պղտորէր  օսմանահպատակ ժողովուրդներու միտքը» ։

Ալիշան հետեւած է ժամանակին լայն տարածում ստացած «աշխարհագրական ՚

ուղղութիւն» տեսութեան, որու համաձայն մարդկային հասարակութեան զարգացման հիմնական ազդակը աշխարհագրական միջավայրն է, եւ այդ միջավայրով է որ կը պայմանաւորուին երկիրներու ու ժողովուրդներու միջեւ եղած տարբերութիւնները։ 1881 թուականին Վենետիկ  կայացած աշխարհագրագէտներու համաշխարհային երրորդ համագումարին Ալիշան կարդացած է «Հայկական աշխարհագիտութիւն» նիւթով զեկուցում մը ուր  Հայաստանի աշխարհագրութեան հետ առնչուող հարցերու կողքին, պաշտպանած է իր այդ տեսութիւնը։

Ուշագրաւ է մանաւանդ Ղեւոնդ Ալիշանի «Հայբուսակ կամ հայկական բուսաբանութիւն» (1895) աշխատութիւնը, ուր ան հաւաքած , դասաւորած եւ գիտականօրէն բնութագրած է հայկական բնաշխարհի աւելի քան 3400 բոյսերու եւ ծաղիկներու տեսակներ։ Իր գրական գործունէութեան  50-ամեակի առիթով Տրապիզոնի  երիտասարդութիւնը  յուզիչ նախաձեռնութեամբ մը իրենց հայրենի գաւառ՚ներու եւ գիւղերու հազուագիւտ ծաղիկներու  հաւաքածոյ մը ղրկած են իրեն, հայ ժողովուրդի երախտագիտութեան իբրեւ նշան։Նոյնքան ուշագրաւ է  Ալիշանի «Հին Հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց»ը (1895)ուր քննութեան առարկայ եղած են հայ հեթանոսութեան ծագումի ակունքները։

Իր գիտական հսկայական ժառանգութեամբ (աւելի քան 45 հատոր), Ալիշան մեծապէս նպաստած է հայրենական գիտութեան զարգացումին։ Անոր գործերէն շատերը այսօ՛ր ալ ունին սկզբնաղբիւրի (Primary Source ) նշանակութիւն եւ արժէք։

Ալիշանի անտիպ ձեռագիրներուն, մէջ կը պահուած են նաեւ Արցախին եւ արեւելեան քանի մը նահանգներուն եւ շրջաններուն նուիրուած, աշխատանքներ: 1988 թուականին, Արցախեան շարժման օրերուն «Բազմավէպ»ի թիւերուն մէջ նախ տպագրուեցաւ «Արցախ»ը, ապա միւս գործերը, ցոյց տալով Ալիշանի գործերուն պատմական արդիականութիւնը:

«Թէեւ Նահապետը ֆիզիքապէս հեռու էր հայկական իրականութիւնից, այստեղից բխող բոլոր հետեւանքներով ապա դրա փոխարէն նա ունէր մի ուրիշ առաւելութիւն որից զուրկ էին ուրիշները ։ Դա այն էր որ իր ամբողջ կեանքն  անց էր կացրել  Վենետիկի համբաւաւոր Մխիթարեան Միաբանութեան ներսում , մեծանուն հայագէտների , նշանաւոր բանասէր-գիտնականների, հայ ժողովուրդի  հոգեւոր հարստութեանը ձեւ ու կերպարանք տուող մեծութիւնների շրջանում» կը գրէ Սուրէն Շտիկեան  իր «Ալիշանը Հայ Մտաւորականների Յուշերում Մենագրութեան մէջ»։

Իր կարգին Դանիէլ Վարուժան այսպէս արտայայտուած է Ղեւոնդ Ալիշանի մասին։ «Ան բանաստեղծ էր ,որ գիտութիւն կ՚ընէր, ու գիտնական մըն էր որ բանաստեղծութիւն  կ՛ընէր, ոչ թէ միայն  ճշմարտութիւն մը քօղազերծելու միակ

 մտահոգութեամբ, այլ նաեւ ա՛զգ մը երեւան բերելու համար լոյս աշխարհքին»։

 Արդարեւ, հայագիտական իր աշխատութիւններով «բանասէր» Ալիշանը երբեմն  կը դառնար  «վիպասան ու բանաստեղծ»։ Այս մասին արտայայտուելով Ալիշանը ըսած է ։ «Ո~հ, երբ այսպիսի յիշատակաց վրայ շարժի գրիչն չի կրնար գոնէ կայծեր չցատքեցնել. պատմիչն յանկարծ վիպասան կըլլայ, բանադատն` ալ բանաստեղծ...»:

ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉԸ

Ալիշանը կարեւոր ներդրում ունի նաեւ շարք մը հայ պատմիչներու գործերու գիտական հրատարակութեան բնագաւառին մէջ։ Անոնցմէ են՝ Կիրակոս Գանձակեցիի    «Համառօտ պատմութիւն» (1865), Լաբուբնա ասորի մատենագրի «Թուղթ Աբգարու…» , Խոսրով Անձեւացիի   «Մեկնութիւն աղօթից պատարագին» (1869), «Կամենից, Տարեգիրք հայոց Լեհաստանի եւ Ռումենիոյ» (1896) երկերը, «Սոփերք հայկականք» մատենաշարի 22 հատորիկները (1853-1861)։

**********

 Ալիշան իր հայագիտական աշխատանքով ոչ միայն գրաւած է հայ ժողովուրդի ուշադրութիւնը այլեւ իր վրայ հրաւիրած է օտար գիտական շրջանակներու ուշադրութիւնը։ 1874 թուականին կ՛ընտրուի Վենետիկի Արքունի Ուսումնական Գիտութիւններու Կաճառի անդամ։ 1886-ին կը դառնայ Ֆրանսական ակադեմիայի Պատուոյ լէգէոնի դափնեկիր։ Յաջորդ տարին  Իտալիոյ Ասիական Ընկերութեան Պատուոյ Անդամ կը հռչակուի։ 1894 թուականին  Մոսկուայի Հնաբանական Ընկերութիւնը ակադեմական կը կարգէ զինք եւ 1896-ին կը դառնայ  Վենետիկեան Կաճառի եւ Ս. Պետերսպուրկի Հնախօսական Ընկերութեան անդամ , իսկ  1897 կ՛ընտրուի Ենայի փիլիսոփայական ակադեմիայի պատուաւոր անդամ եւ դոկտոր։ 

Իր տարած գիտական այս աշխատանքներու բնական հետեւանքը այն եղաւ որ 1860-1870 թուականներուն Ալիշան հայագիտական ասպարէզի մէջ կը դառնար համա-եւրոպական հեղինակութիւն ։ «Նրանից խորհուրդ էին հարցնում եւ նրան ունկնդրում էին այնպիսի ճանաչուած հեղինակութիւններ ինչպիսին էին Տիւլորիէ, Լանկլուա, Հէնրիխ Գելցեր, Նիկոլա Մառը եւ շատ ուրիշներ» կը նշէ Սուրէն Շտիկեան։ «Այս անունները թուումը «արդէն ակնբախօրէն ցոյց կու տայ թէ որպէս հայագէտ- գիտնական ինչպիսի մեծութեան էր հասելՆահապետը։ Արժէքաւոր գործ կատարելով հանդերձ , իր ժամանակակից Մխիթարեան հայրերէն ոչ մէկը կարողացաւ բարձրանալ  համազգային մեծութեան այն մակարդակին , որին իր գործունէութեամբ կարողացել էր հասնել Ալիշանը։ Այս պատճառով  Նահապետը պաշտամունքի առարկայ դարձաւ  հայ ժողովուրդին համար , դարձաւ  գիտութեան եւ գրականութեան ասպարէզին մէջ իւրատեսակ չափանիշ» կ՛աւելցնէ հայրենի գրականագէտ Սուրէն Շտիկեան։

Ալիշան մահացած է 9 Նոյեմբեր 1901 թուականին եւ թաղուած է հայրենիքէն հեռու՝ Վենետիկի կղզիին մէջ, ու կը ննջէ իր համբաւաւոր Մխիթարեան հայրերու կողքին։

**********

Ալիշանի ծննդեան 200-ամեակի յիշատակի ոգեկոչական հանդիսութիւններ եղան Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ։ 6 Յուլիս 2020 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ եռօրեայ առցանց գիտաժողով՝ մը նուիրուած Հայր  Ղեւոնդ Ալիշանի ծննդեան 200-ամեակին կազմակերպութեամբ  «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի։ Գիտաժողովին բացման խօսքը արտասանելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գիտական ՚Ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան ըսած է :  «Արժեւորել Ղեւոնդ Ալիշանի յիշատակը կը նշանակէ  յետադարձ հայեացք նետել մեր ժողովուրդի անցած պատմական ուղիին, ստեղծած մշակութային անանց արժէքներուն եւ գրականութեան վրայ, ու նաեւ այդ ամէնի ուսումնասիրման գործում արժեւորել Մխիթարեան միաբանութեան դերը, որովհետեւ ինչպէս իրաւացիօրէն նշուել է տարբեր հետազօտողների կողմից, Ալիշանը դարձաւ Մխիթարեան հայագիտութեան եւ Մխիթարեանների ստեղծած ողջ գրականութեան հանրագումարը»:

  «Ղեւոնդ Ալիշանը դարուս հայկական հանճարի  ներկայացուցիչն է։ Իբրեւ բանաստեղծ բոլոր  բանաստեղծների նահապետն է , իբրեւ եկեղեցական մի Շնորհալի  իբրեւ գիտնական մի հանրագէտ է» գրած է Ղազարոս Աղայեան «Տարազ» պարբերականին մէջ Նահապետի գրական գործունէութեան  50-ամեակին  առիթով 1870 թուականին ։ Իր կարգին Շիրվանզատէ «Արձագանգ» պարբերաթերթին մէջ անդրադառնալով Ալիշանի գործին կը հաստատէր ։ «Ղեւոնդ Ալիշանը մեր ազգի ամէնէն մեծ գրագէտն է այժմ, նա հայկական գիտութեանց միակ հեղինակութիւնն է 19-րդ դարում, նա է մեր նորագոյն բանաստեղծութեան հայրը, եւ վերջապէս նորա է պատկանում հայկական երկրորդ քերթողահայր լինելու պատուանունը։ » Իսկ Արշակ Չոպանեան  Փարիզի «Անահիտ» հայագիտական հանդէսին մէջ  կ՛ըսէր։ «Այն գործը , զոր կը թողու Ալիշան, հսկայ յիշատակարան մըն է  անխոնջ աշխատասիրութեան, մշտավառ ու բեղմնաւոր հետաքրքրութեան, կաթոգին ու խանդոտ զգայնութեան, գողտր ու թեւաւոր երեւակայութեան – գործ հայրենասէրի , կրօնաւորի , հմուտի, ընդհանրացուցիչի, թարգմանիչի»։

 Դանիէլ Վարուժան լաւագոյնս արտայայտած է Ալիշանի անձին, գործին եւ աւանդին ամբողջական պատկերը երբ ըսած է ։

«Ալիշանի Ոգիին մէջ է այն ներուժ Կեանքը, որ սքեմը գլխուն քաշած, աղօթքի 

մրմունջը շրթունքներուն՝ թափառեցաւ տարիներով Աւարայրի դաշտէն՝ մինչեւ

Արարատի քղանցքները, Սիսուանէն Շիրակ, անընդհատ խառնելով նախնեաց 

աճիւնները, անոնց մտքին մոխրաթաղ կայծերը։ Ժողուեց, սրտի՛ն վրայ հաւաքեց 

մագաղաթներն, յիշատակարաններն ու արձանագրութիւնները։ Աչքերուն բոլոր լոյսն 

ու երիտասարդ կեանքին ծաղիկները թափթփեց անոնց վրայ՝ մինչեւ որ մէջտեղ 

բերաւ հին փառայեղ կեանքի մը, ազգի մը անցեալ փառքը։ Ու ամէն մէկ 

յիշատակարանի , ամէն մէկ աւանդութեան հաւատաց ան սուրբի մը հաւատքով, 

փոխանակ գիտունի մը թերահաւատութեամբ. բաւական էր, որ բոլոր այդ բաները

 ըլլային գեղեցիկ ու բռնկեցնէին հրդեհը հայրենասիրութեան»։ 

**********

            Մեզմէ ոմանք, չըսելու համար շատեր, Հայաստանէն ներս թէ դուրս , մտահոգ են սփիւռքահայութեան վերապահուած ճակատագրով։ Սփիւռքի տարտղնուածութիւնը հայ մշակոյթի զարգացման առջեւ հիմնական հարցեր յառաջացուցած է եւ կը յառաջացնէ տակաւին։ Երբ ճառեր կը խօսուին բեմերէն, ու քարոզներ կը լսուին խորաններէն թէ կարեւոր է հայ մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը  պահպանել սփիւռքի մէջ հարց կը ծագի ո՞ր մէկ մշակոյթի մասին կը խօսուի, ո՞ր մէկ ժառանգութեան գովաբանութիւնը կ՛ըլլայ։Ո՞վ կրնայ յստակ կերպով կրնայ ըսել եւ բացատրել թէ ի՞նչպիսին է նոր հայը եւ հայ մշակոյթը Ամերիկայի մէջ, Եւրոպայի մէջ, Միջին Արեւելքի մէջ, Լատինական Ամերիկայի մէջ եւ կամ Աւստրալիոյ մէջ։ Ին՞չ ձեւով պիտի բացատրենք այդ մշակոյթը, եւ  ի՞նչ ձեւով պիտի փոխանցենք անոր էութիւնը սփիւռքի մէջ մեծցած երիտասարդ հայ սերունդին որ առիթը չէ ունեցած զարգացնելու իր ազգային գրականութեան եւ մշակոյթի գիտութիւնը եւ անկէ բխող գիտակցութիւնը այս նոր պայմաններուն մէջ։Ի՞նչն է որ հայ կ՛ընէ զինք եւ հայ կը պահէ իր ծննդավայր շրջապատին մէջ որ այնքան տարբեր է մեր ճանչցած կամ երեւակայած շրջապատէն եւ իրականութենէն։ Ինք իր ծննդավայր երկրի քաղաքացին է ու հայ միաժամանակ եւ իբրեւ այդպիսին երկուութիւն մը կ՛ապրի։ Անոնցմէ ո՞ր մէկը գերակայ է իր ամենօրեայ կեանքին մէջ։ 

Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ երկու առիթներով գիրքը, գրականութիւնը եւ մշակոյթը փրկարար դեր խաղցած են մեր ժողովուրդի ազգային ինքնուրոյն քաղաքակրթութեան զարգացումին մէջ՝ միաժամանակ ապահովելով մեր ժողովուրդի փրկութիւնն ու յաւերժութիւնը։Առաջինը կը պատկանի մեր Ոսկեդարու շրջանին երբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները գիտակցելով գիրի եւ գրականութեան հզօր ազդեցութեան հրաշքի համազօր արարքով մը հայկական նոր մշակոյթ մը ստեղծեցին այնպիսի ատեն երբ հայութիւնը կախեալ էր օտարամուտ ազդեցութիւններէ եւ ենթակայ անոնց մտաւորական եւ կրթական ուղղութեան։ Անոր նման երկրորդ հրաշք մըն ալ պատահեցաւ երբ 1717 թուականին Մխիթար Աբբահայր հիմնեց միաբանութիւն մը որ Եւրոպայի սրտէն գիրքի, գրականութեան եւ մշակոյթի ճամբով զարթօնք մը բերաւ հայ ժողովուրդին, ամրապնդեց մեր ազգային գոյութեան եւ գիտակցութեան հիմքերը։ Երկու պարագաներուն ալ ազգային ինքնագիտակցութեան եւ արժէքներու հասկացողութիւնը անցաւ գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթի ճամբով՝ հարստացնելով ապագայ սերունդները եւ անոնց փոխանցելով մեր արժէքներու հասկացողութիւնը եւ ըմբռնումը։ Արդեօ՞ք ներկայ սփիւռքը ի վիճակի է նոյնը կրկնելու այսօր կամ ապագային։

Մեր եզակի բանաստեղծներէն Դանիէլ Վարուժան 1902 թուականին Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի մահուան առիթով Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած յիշատակի հանդիսութեան  մը ընթացքին ըսած է ։

«Միութիւններ, միաբանութիւններ, կուսակցութիւններ եւ նոյնիսկ ազգեր ունին իրենց ուրոյն կեանքը, աւանդութիւնները եւ սկզբունքները, որոնց համեմատ կը ճշտուի իրենց ուղղութիւնը եւ ծնունդ կ՚առնէ իրենց գործը, բո՛ւն նպատակը։Այս իրենց 

կենսունակութիւնն է։ Բայց որպէսզի անոնց  միութիւնը տեւական դառնայ եւ 

շօշափական ամբողջութիւն մը ստանայ  անոնց կեանքը պէտք ունին Հոգիի մը, 

Տաղանդի մը, որ իրենց պատկանած խմբակցութեան ամբողջ իտէալները իր անձին 

մէջ խտացնէ եւ մարմնացումն ըլլայ այդ բոլորին։ Անգամ մը որ խմբակցութիւն մը կրցաւ ծնանիլ այդ Մարդը՝ այլեւս փրկուած կրնայ համարիլ իր գոյութիւնը եւ 

տեւականութիւնը։ Տարիներ ու դարեր այդ Մարդուն շուրջ կը հաւաքուին բոլոր 

հետեւորդ ուժերը, բոլոր հոգիները ու անոր յիշատակէն կը քաղեն իրենց 

առաքինութիւնը»։

            Հայր Ղեւոնդ Ալիշան այդ «Հոգին«, այդ «Տաղանդը» եղաւ իր ժամանակին։ Իսկ ո՞վ կամ ո՞վքեր պիտի ըլլան մեր ժամանակներու նոր տիպարները, եւ սփիւռքի փրկարարները։

Աղբիւրներ

ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ, ՏԱՃԱՏ Հ. ։ «Մխիթարեաններու Նպաստը Հայ Մշակոյթին եւ Հայագիտութեան» ,

Լոս Անճէլըս ,1987։

ԵՐԱՄԵԱՆ, ՍՈՒՐԷՆ Հ. ։ «Կենսագրութիւն՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի» ,Վենետիկ , 1903  ։

ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ, ՄԻՆԱՍ ։ «Դար մը Գրականութիւն», Պոստըն,1977։

ՊԶՏԻԿԵԱՆ,ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ, Հ. ։ «Մխիթար Վրդ. Սեբաստացին եւ Մխիթարեաններու Նպաստը Հայ Մշակոյթին» ,Երեւան 2003 ։

Առաւել։

-Առցանց յօդուածներ,յուշագրութիւններ եւ գրութիւններ։

-Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Հայ Մատենագրութեան Թուանշային Առցանց Գրադարան։

-Հայաստանի Սովետական Հանրագիտարան, Երեւան 1976։

Dedeyan Gerard,  Histoire du Peuple Armenien,  Editions Privat, Toulouse, 2007. 

Հիւսթըն

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img