Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն յետ երեսփոխանական պլոքներու հետ իր շրջօրեայ պարտադիր խորհրդակցութիւններու Սաատ Հարիրին երկրի վարչապետ նշանակեց։
Խորհրդակցութեանց ընթացքին 65 երեսփոխաններ Հարիրին անուանեցին, որ ապահովեց ձայներու այն նուազագոյնը, որ Հարիրի կարիքը ունէր նշանակուելու համար::
Նշենք, որ Հարիրին վարչապետի իր պաշտօնէն հրաժարած էր եւ անոր յաջորդած էր Հասսան Տիապը (Տիապ վարչապետ նշանակուած էր դեկտեմբեր 2019-ին), որ 8 ամիս վարչապետի պաշտօն կատարելէ ետք հրաժարական տուած էր Պէյրութը աւերակած պայթումէն անմիջապէս ետք (4 օգոստոս 2020)։
Մինչեւ Հարիրիի վարչապետ նշանակուիլը, եւ ըստ Լիբանանի համար նախատեսուած նախաձեռնութեան երկրի վարչապետի պաշտօնը վստահուած էր Մուսթաֆա Ատիպին (31 օգոստոս), որն իր կարգին չկարողանալով կառավարութիւն կազմել նոյնպէս հրաժարած էր։
Հարիրի դէմ յանդիման կը գտնուի լուրջ դժուարութիւններու կազմելու համար իր նախատեսած անկախ կառավարութիւնը: Նորանշանակ վարչապետի աշխատանքները դժուարացնելու կարեւորագոյն կողմը՝ երեւութապէս կը հանդիսանայ Ազգային Ազատ Հոսանքը:
Սաատ Հարիրի իր նշանակումէն ետք տեսակցութիւններ ունեցաւ նախկին վարչապետներու հետ: Ան նաեւ վարչապետ նշանակուելէ անմիջապէս ետք հարիրի կարճ խօսքով մը հանդէս եկաւ յայտարարելով, որ մեծ ճիգեր պիտի իրագործէ արագօրէն նոր կառավարութիւն մը կազմելու։