Լիբանանի նորանշանակ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հաստատեց, որ ին ամէն բան պիտի ընէ կազմելու կառավարութիւն մը, որուն կազմութեան չափանիշը համահունչ է ֆրանսական նախաձեռնութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը դուր բերել ներկայ անելէն:
Հարիրի երէկ ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններ ըրաւ երեսփոխանական պլոքներու հետ հասնելու համար կառավարութեան կազմութեան հասարակ յայտարարի: Հանդիպումներու բոլոր մասնակիցներն ալ դրական արտայայտութիւններ ունեցան:
Հարիրի օրուան աւարտին յայտարարեց, որ իր կառավարութեան կազմը պիտի ըլլայ ոչ-քաղաքական: Ան խոստացաւ արհեստավարժներէ բաղկացած կառավարութեան կազմով մը շուտով պիտի կարենայ ֆրանսական նախաձեռնութեան նախապայմանները կատարել եւ հասնիլ պահանջուած բարեփոխումներուն:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր կողմերուն իրենց տարակարծութիւնները մէկ կողմ դնել, փրկելու համար երկիրը: