Լիբանանի մէջ քորոնաժահրով վարակեալներու թիւը հատեց 70000-ը: Այսպէս յայտարարեց Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ, մինչ ներքին գործոց նախարարութիւնը որոշեց այսօրուընէ սկսեալ դարձեալ 63 քաղաքներ եւ գիւղեր արգելափակումներու ենթարկել զսպելու համար արագ աճող թիւը:
Երէկ արձանագրուեցան 1400 վարակեալներ իսկ մահացան 3 անձեր: Ընդհանուր 565 անձեր մահացած են մինչեւ օրս: