Ալմա Եոհանսոն (29 Հոկտեմբեր 1880, Սթոքհոլմ, Շուէտ — 31 Դեկտեմբեր 1974, Սթոքհոլմ, Շուէտ), միսիոնարուհի։
Տակաւին երիտասարդ նուիրուած է մարդասիրական կրօնական գործունէութեան: 1901-1915 թուականներուն ծառայած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող գերմանական միսիոնար, հաստատութիւններուն մէջ եւ որբանոցներուն մէջ։ 1915 թուականի աշնանը հարկադրուած վերադարձած է Շուէտ: 1920-1922 թուականներուն Կ.Պոլսոյ մէջ օգնած է ջարդերէն եւ տարագրութիւնէն փրկուած հայ որբերուն ու կարօտեալներուն: 1923 թուականին անցած է Սալոնիկ, աշխատած է Շուէտի, նպաստամատոյց հաստատութեան մէջ, օգնած է հայ գաղթականներուն:
1941 թուականի վերջերուն, Յունաստանի ֆաշիստական գրաւումէն յետոյ, երբ անհնար էր շարունակել մարդասիրական գործունէութիւնը, Եոհանսոնը վերադարձած է Շուէտ: Սակայն շարունակած են սերտ յարաբերութիւնները հայերու հետ. ան տիրապետած է հայերէն լեզուին:
Որպէս հայոց եղեռնի ականատես՝ Եոհանսոնը գրած է երկու գրքոյկ՝ «աքսորեալ ժողովուրդ մը» (1930) եւ «հայ աքսորականներու կ’եանքը» (1931), որոնք կը վկայեն հայերու տեղահանութիւնները եւ անոնց վրայ գործադրուած բռնութիւններուն մասը:
1941-ին Եոհանսոն վերադարձած է Շուէտ՝ շարունակելով սերտ յարաբերութիւնները հայերուն հետ. ան տիրապետած է նաեւ հայերէն լեզուին:
Ալմա Եոհանսոնի ու եւս չորս եւրոպացի մարդասէր կանանց կեանքի ու գործունէութեան մասին կը պատմուի 2015 թուականին նկարահանուած «Փրկութեան քարտէս» ֆիլմը: