Իր նախագահին կարեւոր նախաձեռնութեամբ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմէին երեսփոխաններ Էտի Ապի Լամաա եւ Իմատ Ուաքիմ ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեան Չորեքշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին այցելեց Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոն հանդիպում մը ունենալու ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հետ:
Նախաձեռնութեան նպատակն էր զօրակցութիւն ցուցաբերել Հայ ժողովուրդին իր Արցախեան հերոսամարտին մէջ ընդդէմ թուրք-ազրպէյճանական արիւնալի թշնամանքին եւ մարդկութեան դէմ գործադրած ոճիրին:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան հիւրերուն ներկայացնելով հանդիպման ներկայ ՌԱԿ-ի ղեկավարութիւնը հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ Արցախի պատերազմին ներկայ իրավիճակին մասին նաեւ հիմնուելով վերջերս լիբանանեան լրատուական միջոցներուն ընկերակցութեամբ Արցախ կատարած իր այցելութեան լոյսին տակ:
Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութեան անդամները հայկական հարցին լաւատեղեակ ըլլալով հանդերձ մօտէն հետաքրքրուեցան եւ քարտէսի միջոցաւ տեղեկացուեցան շրջանի աշխարհաքաղաքական եւ ռազմական իրավիճակին մասին: Շեշտուեցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ընտանիքին կողմէ ճանաչողութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին ընկ. Յակոբեան Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութեան անդամները եւ անոր երեսփոխանական պլոքը ընդհանրապէս հրաւիրեց Արցախ անձամբ տեսնելու այնտեղ կատարուածը եւ հայ ժողովուրդի արդար եւ ազատատենչ պայքարը յանուն ինքնորոշման իրաւունքին, որ հեռու չէ հիւր կողմին տարիներու պայքարէն յանուն ազատ, ժողովրդավար եւ գերիշխան Լիբանանի:
Հանդիպման աւարտին, հիւր պատուիրակութեան անունով լրատուամիջոցներուն առջեւ խօսք առաւ երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ, Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան անունով աջակցութիւն յայտնելու հայ ժողովուրդի արդար պայքարին ընդդէմ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ թուրք-իսրայէլեան աջակցութիւնը վայելող ազրպէյճանական ուժերուն: Ընկ. Յակոբեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց այս զօրակցական նախաձեռնութեան տիրոջ՝ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան նախագահ Տոքթ. Սամիր Ժաաժաաին Հայ դատին հանդէպ իր եւ իր կուսակցութեան ցուցաբերած մշտական զօրակցութեան համար: