Եթէ նկատի չունենանք վերջին պահու խանգարիչ ազդակներ, արհեստավարժներէ կազմուած նոր կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ շուտով, մինչ բաւական յառաջընթաց արձանագրուած է նորանշանակ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Նախագահ Միշէլ Աունի խորհրդակցութիւններու որպէս արդիւնք:
Կը նշուի, որ անոր կազմին թիւը պիտի ըլլայ 18 եւ արդէն կարեւոր նախարարութիւնները բաժնուած են համայնքներու միջեւ:
Այս մասին յայտարարած է նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրին նշելով, որ եթէ անակնկալ մը չպատահի, կառավարութիւնը կրնայ կազմուած ըլլալ մինչեւ շաբաթավերջ: