Հարիւրաւոր բողոքարարներ երէկ Պէյրութի Ֆրանսական դեսպանատան մօտակայքը բախումներ ունեցան լիբանանեան ապահովական ուժերուն հետ Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսած Մարգարէին ծաղրանկարին հետեւանքով:
Ծաղրանկարը իրենց կրօնական զգացումները վիրաւորած սեպելով հարիւրաւոր ցուցարարներ երէկ Թրիփոլիէն փոխադրակառքերով եկան Պէյրութ իրենց բողոքը արտայայտելու: Ցոյցին ընթացքին բողոքարարները այրեցին Ֆրանսայի դրօշը: Բարձր ոճով ճառերէ ետք երբ ցոյցը աւարտած պէտք է սեպուէր, ցուցարարներէն ոմանք բախումներ ունեցան դեսպանատան շրջակայքը ապահովող լիբանանեան ապահովական ուժերուն հետ: