Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Ալիս Քիփ Քլարքի Նամակներ Կիլիկիայէն (Օրագրութիւն), հատորը, զորթարգմանած, ներածականն ու ծանօթագրութիւնները գրած է Անդրանիկ Տագէսեան: Հատորը լոյս տեսած է Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան կողմէ, մեկենասութեամբ Ռաֆֆի եւ Հենրի Սիսլեաններու:
Հաճնոյ հերոսամարտի 100ամեակի ոգեկոչումի ծիրէն ներս, Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան ծրագրած ձեռնարկներու շարքին երկրորդ հատորն է այս մէկը:
Հատորը օրագրութիւնն է Նիր Իսթ Րիլիֆի (ՆԻՐ) Հաճնոյ մէջ վերահաստատած որբանոցի պատասխանատուներէն Ալիս Քիփ Քլարքի: Քլարք Հաճըն կու գայ զինադադարին, աջակցելու որբանոցին վերաբացումին: Ինք եւ միսիոնարուհի Էտիթ Քոլտ կը յաջողին հաւաքել Հաճընի եւ շրջակայ գիւղերու փողոցները թափառող մեծաթիւ հայ որբերէն շուրջ 260ը եւ զանոնք պատսպարել ՆԻՐի որբանոցին մէջ:
Սակայն, այս որբերը կեանքի վերադարձնելու, կեանքին հանդէպ յոյս եւ լաւատեսութիւն ներշնչելու միսիոնարուհիներուն փորձերը կը խանգարուին Հաճընի պաշարումով եւ կ’ընդհատին Հաճընի անկումով: Յիրաւի, խաղաղութեան եւ վերականգնումի ճգնող հաճընցիներուն միամեայ ջանքը կը խոչընդոտուի թրքական պաշարումով, ապա եւ կը խորտակուի՝ թրքական գրաւումով եւ շուրջ 7000 հաճընցիներու եւ որբերու ջարդով:
Քլարքի օրագրութիւնը հարազատ եւ անմիջական ոճով պատումն է այս եղեռնագործութեան: Քլարք կը ներկայացնէ որբերուն հոգեփոխութիւնը, անոնց վերստին կառչումը իրենցմէ երես դարձուցած կեանքին: Դժբախտաբար, սակայն, այս որբերուն վերադարձը դէպի յուսատու կեանք, կ’ըլլայ ողբերգականօրէն կարճ: Նոյնինքն Քլարք իր օրագրութիւնը կը փակէ թերի պատասխանուած հարցադրումով՝ թէ ինչու՛ արդեօք այս որբերը մահէն կեանքին բերուեցան պահ մը միայն ապա դարձեալ մատաղուեցան մահուան…:
Այս եւ նախորդ հատորին շնորհանդէսները եւ ծրագրուած այլ ձեռնարկներ գործադրութեան պիտի դրուին անմիջապէս որ պայմանները թոյլատու ըլլան:
Հաճնոյ Հայրենակցական Միութիւն,
Լիբանան