Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Նոյնիսկ Հակառակորդիդ Մօտ Կայ Ընդունելի Միտք Մը. Փնտռէ Զայդ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

«Որքա՜ն անիծեա՜լ է սուրը յարձակողի՝ նոյնքա՛ն նուիրակա՜ն է դա՝ ինքնապաշտպանուողի ձեռքում»։

«Հայրենիքի չափ նուիրական է՝ հայրենական պատերազմը, հաւաքական աւազակութեան եւ սպանութեան է՝ այլ կարգի ամէն պատերազմ։

ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ

Տասնամեակներ առաջ, երբ պատահմամբ հանդիպած էինք Գարեգին Նժդեհի մէկ անսպասելի բնութագրումին, տրուած իր կողմէ՝ իր իսկ կուսակցութեան, այս վերնագրին խորհուրդը ծնաւ մեր միտքին մէջ։ Մենք խստօրէն կը դատապարտէինք Նժդեհի ցեղակրօն ուխտն ու նացիական Գերմանիոյ հետ գործակցութիւնը, այսօր ալ կը դատապարտենք, բայց, անոր բնութագրումը իր պատկանած կուսակցութեան՝ ճիշդ ախտաճանաչում մըն էր մեր դատումով, եւ որոշած էինք փնտռել անոր այլ ճիշդ եւ ընդունելի միտքերը, ախտաճանաչումները եւ դիտարկումները։ Վերջերս ծանօթացանք Նժդեհի քանի մը մեզի անծանօթ բայց ընդունելի միտքերուն, որոնց կ՚ուզենք անդրադառնալ ներկայ գրութեամբ։ Յիշեցնենք, որ իր բնութագրումը իր կուսակցութեան՝ «ինքնանպատակ»ի ախտաճանաչումն էր, որուն մէջ այդ կուսակցութիւնը յաջողած էր եւ գոյատեւած աւելի քան 130 տարիներ… (Մեր անկեղծ համոզումով, մեր ժողովուրդի լայն զանգուածին իրաւաքաղաքագիտական մակարդակը չափելու համար, հարկաւոր է բացայայտել, թէ՝ ինչո՞ւ Արմենական Կուսակցութիւնը, մեր ժողովուրդին մօտ չգտաւ նոյնպիսի յաջողութիւն…)։

Իսկ փնտռտուքին առիթը՝ թուրք-թաթարական աքցանին նախայարձակումը Արցախի դէմ, անցնող Սեպտեմբեր 27-ին, այնպիսի պահի մը՝ երբ Արեւելահայաստանի իշխանութիւնները պահանջուած ջերմութիւնը չէին ցուցաբերեր Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ մեր միակ հզօր դաշնակիցին՝ Ռուսաստանի հանդէպ։ Ինչ որ մեծապէս մտահոգիչ պիտի ըլլար, եթէ երբեք Փաշինեանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը, իր էութեամբ՝ ինքնանպատակ ըլլար, եւ իր արեւելումով՝ թրքամէտ կամ արեւմտամէտ (ֆրանսամէտ…)։ Քանի որ, այդ պարագաներուն, այդպիսի ղեկավարութեան մը հրամաններուն ենթակայ հայկական բանակի մարտական ոգին կրնար կարճատեւ ըլլալ թշնամիին դէմ…։ Այս հարցին մասին, Գարեգին Նժդեհ կը գրէ հետեւեալ ընդունելի դիտարկումը. «Պատերազմում՝ յաղթանակում կամ պարտւում է նախ եւ առաջ՝ ոգին, ապա յետոյ՝ նիւթեղէն զէնքը։ Մահուան դէմ յաղթանակելով է միայն նուաճում կեանքը, ապրեցնում հայրենիքը»։

Արդարեւ, երբ հայ կուսակցութիւն մը ինքնանպատակ է,– իրեն համար իր կուսակցութիւնը գերիվեր է ամէն բանէ, նաեւ՝ հայրենիքէն –, եւ չի գիտակցիր Փանթուրքիզմի գոյութենական սպառնալիքի առկայութեան՝ հայ ժողովուրդին համար։ Նաեւ՝ չի գիտեր, որ այդ սպառնալիքին դէմ, մեր հզօր դաշնակիցը միայն Ռուսաստանն է, չի կրնար ունենալ՝ ոչ միայն անպարտելի ոգի թշնամի թուրք-թաթար նախայարձակումին դիմաց, այլեւ՝ ռուսական օրիենտացիա. այլ՝ ստրկական խաղաղութեան դաշինք կը ստորագրէ թշնամիին հետ, եւ որդեգրած կ՚ըլլայ՝ թուրք-արեւմտեան օրիենտացիա։

Միայն ու միայն, հայ յեղափոխական ու հերոս մարտիկն է, որ որդեգրած կ՚ըլլայ ռուսական օրիենտացիա, եւ նախայարձակ թշնամիին դէմ մարտնչելու անընկճելի ոգին կ՚ունենայ, անկախաբար՝ իր ունեցած զէնքին յարաբերաբար տկար ուժին։ Քանի որ, կ՚ըսէ նահատակ հերոս Ստեփան Շահումեան, յեղափոխական մարտիկը չի կրնար չկռուիլ իրեն պարտադրուած պատերազմին դէմ, եւ ան՝ երբեմն, կը կռուի նահատակուելու համար վասն հայրենեաց (ինչպէս եղաւ նաեւ նահատակ հերոս Հրանդ Տինքի պարագան, որ մերժեց հեռանալ հայրենի հողէն, հակառակ իրեն ուղղուած մահուան սպառնալիքներուն՝ ոչ թէ անվարժ, այլ՝ ի ծնէ ոճրագործներու կողմէ…)։

Այս կապակցութեամբ, ճիշդ եւ ընդունելի գտանք նաեւ Նժդեհի սա մասնագէտի ճշդումը. «Հարկաւ հերոսի համար՝ պատերազմն է ամէնից առաջ, մտքի գործ է, յաղթանակն ապահովելու համար. նա համադրում է ռազմի գործում դեր կատարող գործօնները, ներառեալ՝ օգտագործումը հակառակորդի սխալներին։ Իսկ եթէ այդ իսկ անբաւական լինի, գոնէ մեռնիլ այնպէս՝ որ մահդ էլ ծառայի ՀԱՅՐԵՆԻՔԻԴ։ Քանզի հերոսները մեռնում են, այո՛, բայց նրանց ցուցաբերած ոգին մնում է, մարմնաւորում գտնելով այլ հայերի մէջ, շարունակելով ապրել ու ներգործել»։

Բնականաբար, առանց այսպիսի միտք ածելու, մեռնիլը արկածախնդրութիւն է, ոչ՝ հերոսական, որ չի կրնար օրինակ ծառայել ուրիշներու։ Ընդհակառակը. կրնայ բարոյալքել ուրիշները, եւ հաւանաբար ալ՝ կորուստներ պատճառել ազգին ու հայրենիքին։

Հոս հարկ է ճշդել, թէ՝ Նժդեհ ռազմի մասնագէտ մըն է, բայց ոչ՝ ռազմապաշտ։ Այլ ընդհակառակը. դէմ է՝ գաղութարարութեան, իմփերիալիզմի եւ աշխարհակալութեան։ Ան գրած է. «Հերոսի անունը պէտք է զլանալ՝ աշխարհակալական պատերազմի մաս կազմող ամէն զօրականի։ Սպանութեան եւ կողոպուտի ելած բանակը կարող է՝ քաջ աւազակներ եւ մարդասպաններ տալ, բայց ոչ՝ եւ հերոսներ։ Որքա՜ն անիծեալ է սուրը՝ յարձակողի, նոյնքան նուիրական է դա՝ ինքնապաշտպանուողի ձեռքում»։

Մեր նախորդ մէկ գրութեան մէջ անդրադարձած էինք Վահան Թէքէեանի «Արեւ» թերթին մէջ ստորագրած մէկ խմբագրականին, որուն վերնագիրն էր՝ «Հայութի՞ւնը, Թէ՞՝ Սկզբունքը»։ Թէքէեանի տուած սա պատասխանին. «Հայութեան անվտանգութիւնը աւելի կարեւոր է քան՝ պայքարը կուրօրէն շարունակելու սկզբունքը», յար եւ նման դիտարկում մըն է՝ Գարեգին Նժդեհի սա մտածումը. «Երբ երկրի եւ ժողովրդի լինել-չլինելու խնդիրը կայ, դաւաճանութիւն է՝ զինուորական կանոնագրի այս կամ այն յօդուածի պատրուակով, վատօրէն թաքնուելը դրա տակ, կամ՝ անձնական պատասխանատուութիւնից փախչելը»։

Յայտնօրէն, Թէքէեանի յիշած սկզբունքը եւ Նժդեհի յիշած յօդուածը պատրուակող ղեկավարութիւնը՝ միեւնոյն կուսակցութեան ղեկավարութիւնն է…։ Եւ սակայն, այսպիսի պատրուակ մը, կրնայ համոզիչ ըլլալ՝ միմիայն, բնազանցական մտածելակերպ ունեցողներուն համար, որոնք, փաստօրէն՝ նախապատւութիւնը կու տան սկզբունքի մը կամ կանոնական յօդուածի մը տոկմային՝ հայրենիքի անվտանգութեան փոխարէն։

Տոկմաներու կոյր պաշտամունքը սակայն, չի կրնար փրկօղակ ընդունուիլ՝ հայութեան անվտանգութեան հանդէպ իր պատասխանատուութենէն փախչողին համար։ Ասիկա բնա՛ւ դաւաճանութիւն ըլլալէ չի դադրիր՝ դիալեկտիկ մտածելակերպ ունեցողներուն մօտ։

Խիստ շահեկան գտանք բարոյախօս Նժդեհի հետեւեալ զատորոշումը հարուածողին եւ հակահարուածողին միջեւ. «Հակահարուածել, սպանել ակամայից, առանց սպանիչ դառնալու – ահա թէ որպիսի գիտակցութիւն է զովացնում մեր հոգեկան ուժերը»։

Տակաւին. խիստ կարեւոր, ճիշդ եւ ընդունելի դիտարկում մըն է նաեւ՝ Նժդեհի հետեւեալ մտածումը. «Ճշմարիտ առաջնորդները չեն նշանակւում. նրանք  փնտռւում են, յայտնւում, պարտադրւում։ Նշանակւում են միայն պաշտօնեաները, որոնք մի բան գիտեն՝ մեքենաբար կատարել վերից տրուած ամէն հրաման»։

Այս դիտարկումը, սակայն, թերի է եւ պակասաւոր՝ հայութեան պարագային։ Քանի որ, լռելեայն տուեալ կ՚ենթադրէ՝ համազգային հանրային կարծիքի մը գոյութիւնը, որ գոյութիւն չունի հայութեան մէջ, ուր կ՚իշխեն նշանակեալ պաշտօնեաները, եւ ոչ թէ՝ ճշմարիտ առաջնորդները։ Այս տարականոնութեան գլխաւոր չորս պատճառներն են.

1 –     Հայութեան ոչ-համախումբ կեանքը մէկ հայրենիքի մէջ։

2 –     Հայու կերպարներու բազմազանութիւնը՝ ոչ միայն արեւմտահայութեան, արեւելահայութեան, պոլսահայութեան, պարսկահայութեան եւ կիլիկեցիներու, այլեւ՝ աշխարհացրիւ ու բազմահպատակ նախա-եղեռնեան, յետ-եղեռնեան եւ յետ-անկախութեան սփիւռքներու

3 –     Դասակարգային բեւեռացումը… եւ

4 –     Կուսակցական բեւեռացումը… կուսակցութեան մը՝ ինքնանպատակութեան եւ մենատիրական անխախտ համոզումներուն պատճառով, որուն հետեւանքով յառաջացած են կերպարները՝ դաշնակցական հայու, կոմունիստ հայու, հնչակեան հայու, ռամկավար հայու, եւ՝ անկուսակցական հայու…։ Եթէ՝ տակաւին, լուռ անցնինք՝ լուսաւորչական հայու, կաթողիկէ հայու եւ աւետարանական հայու կերպարներուն վրայէն…։

Տակաւին. ամբողջ աշխարհի մէջ, միակ երկգլխանի (բի-կեփալ _ bi-cephal) եկեղեցին՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին է…։ Երբ ժողովուրդի մը հոգեւոր իշխանութիւնն ալ երկփեղկուած է, ՄԷԿ ՉԷ, ո՞ւր կը մնայ համազգային հանրային կարծիք։ Այս ահաւոր ու սարսափելի յետամնացութեան պայմաններուն մէջ, միայն նշանակովի պաշտօնեաները կ՚իշխեն իբր առաջնորդներ։ Ողբա՜մ զքեզ…։

Կուսակցութեան մը ինքնանպատակութիւնը մերժող Նժդեհեան սկզբունքին մէկ տարբեր արտայայտութիւնն է անոր հետեւեալ դիտարկումը.

«Մի ժողովրդի լինել-չլինելային պատմական պայմաններում, ղեկավարի չափանիշը պէտք է լինի՝ ի՞նչ կը թելադրէ երկրիս եւ ժողովրդիս յաւիտենական շահը, եւ ոչ թէ՝ միայն օրուայ իշխանութեան շահը»։

Նժդեհ կը մերժէ որ կուսակցութիւն մը, գոյատեւումի համար միայն գոյատեւէ… եթէ՝ դադրած է ժողովուրդին ծառայելէ, եւ կամ՝ այլեւս ի վիճակի չէ ծառայելու, եւ կամ՝ այլեւս անելիք չունենայ։ Ռումինահայ բժշկապետ Աննա Ասլան, երբ երկարակեցութեան շիճուկ մը ստեղծեց, բացատրեց թէ իր շիճուկին նպատակը՝ գոյատեւութեան համար գոյատեւում չէ, այլ՝ առողջ վիճակի գոյատեւում…։ Այս դիտարկումին մէջ, Նժդեհ՝ իր սեփական կուսակցութեան ղեկավարած իշխանութեան ալ շահէն վեր կը դասէ երկրի եւ ժողովուրդի յաւիտենական շահը, եթէ նոյնիսկ այդ յաւիտենական շահը պահանջէ՝ օրուայ գնայուն իշխանութեան շահին ջնջումը…։ Այլ խօսքով. երբ երկրին մէջ օրուայ իշխանութեան դէմ յեղափոխական շարժում մը կազմակերպուի, որ աւելի ատակ ըլլայ պաշտպանելու երկրի եւ ժողովուրդի յաւիտենական շահը՝ օտար վերահաս վտանգին դէմ, ղեկավարը՝ անոր պէտք է զիջի օրուայ իշխանութիւնը, փոխանակ այդպիսի յեղափոխութիւն մը կամ ըմբոստութիւն մը արեան մէջ խեղդելու (ինչպէս եղաւ՝ 1920 թուի Մայիսեան Կարմիր Ըմբոստութեան պարագային, Արեւելահայաստանի մէջ)։

Այսպէս եղաւ 1920 թուի Մայիսին, որովհետեւ՝ օրուայ իշխանութիւնը ընտրած էր թրքական օրիենտացիան, իսկ կարմիր ըմբոստութիւնը ընտրած էր ռուսական օրիենտացիան։ Քանի որ, Ռուսաստանն էր՝ Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ մեր միակ հզօր դաշնակիցը։ Եւ այդ գոյութենական վտանգին դէմ՝ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի յաւիտենական շահերը կը համընկնէին իրարու հետ։ Եւ այդ օրերուն, Ռուսաստանի յեղափոխութիւնը յաղթարշաւի ընթացքի մէջ էր՝ թէ՛ Անդրկովկասի եւ թէ՛ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, Էնվեր Փաշայի գլխաւորած Պասմաչիական-Փանթուրքական զօրքերուն դէմ… եւ Էնվերի զգետնումը եղաւ հայ կարմիր բանակային հրամանատարի մը գնդակով (Մելքումեան անունով)։

Վերջապէս, բայց ոչ վերջին կարգով. ճիշդ եւ ընդունելի է Նժդեհի հետեւեալ ծանր դատավճիռը. «Թագ ու ձեւական իշխանութիւն փնտռում են այն ոչնչութիւնները միայն, որոնք անթագ իշխել, թագաւորել չգիտեն»։

1918 թուի Մայիսի վերջերուն, երբ արդէն Անդրկովկասեան Սէյմը առաջին սխալը գործած էր՝ անջատուելով յեղափոխական Ռուսաստանէն, գլխաւորաբար վրաց մենշեւիկ եւ ազերիներու մուսաւաթ ղեկավարութեանց դաւով, եւ հայ Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան պատեհապաշտ եւ աթոռամոլ ղեկավարութեան անհեռատես համակերպումով, Թուրքիան այս երեք հակա-յեղափոխական կուսակցութիւններէն այս անգամ ալ պահանջեց՝ նաեւ անջատուիլ իրարմէ, լուծարելով Սէյմը, եւ հռչակելով իւրաքանչիւր երկրի անկախութիւնը իրարմէ… որպէսզի մենակ մնացած Հայաստանի հաշիւը մաքրէ հեշտօրէն… (երբ վրաց մենշեւիկները ապահոված էին Գերմանիոյ նեցուկը, իսկ ազերի մուսաւաթականները արդէն իսկ թուրքերու կրօնի-արեան-լեզուի եղբայրներն էին – Տին, Գան վէ Տիլ քարտաշլարը)։ Հայ Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը, փոխանակ արժեւորելու եւ տէր կանգնելու Սարդարապատի ճակատամարտին մէջ Մայիսի 26-ին արձանագրուած յաղթանակին Վեհիբ Փաշայի զօրքին դէմ, եւ՝ մերժելու Թուրքիոյ խաղաղութիւն խոստացող անկախութեան հռչակումին խաբեպատիր պահանջը, եւ գործակցելու յեղափոխական յաղթական Ռուսաստանի հետ… գայթակղելով թշնամի Թուրքիոյ կողմէ անկախ Հայաստանի իշխանութեան աթոռներուն խաբուսիկ խոստումը բովանդակող պահանջէն, սակայն, վարանումով եւ մեծ տարակոյսով, հռչակեց անկախութիւնը… եւ երկրորդ մեծ սխալը գործելով՝ ստորագրեց Պաթումի ստրկական դաշնագիրը։ Բայց, նոյնինքն Սիմոն Վրացեան գրեց իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» վերնագրով հաստափոր հատորին մէջ. «Եւ մենք հիւանդ զաւակ ծնած մօր մը պէս հռչակեցինք անկախութիւնը, զոր թուրքերը պահանջում էին որպէս նախապայման՝ Պաթումի խաղաղութեան դաշնագրի…»։

Այդ կեսարեան ծննդաբերութեամբ ծնած անկախութիւնը ապրեցաւ միայն երկուքուկէս տարի։ Եւ, ապիկար, անհեռատես եւ իշխելու անատակ ղեկավարութիւնը ստիպուեցաւ իշխանութիւնը զիջիլ՝ 29 Նոյեմբեր 1920 թուին, Կարմիր Բանակի 11-րդ զօրաբաժինին, որ Դիլիջանի կողմէն մտած էր Հայաստան, առանց արտօնութիւն առնելու իշխելու անատակ ղեկավարութենէն։ Քանի որ, այդ ղեկավարութիւնը իմաստութիւնը չէր ունեցած, ամիսէ մը աւելի ժամանակ Թիֆլիսի մէջ նստած Լեգրանի պատուիրակութեան Երեւան հրաւիրելու, որ պաշտօն ունէր Երեւանի իշխանութիւններուն ներկայացնելու Յեղափոխական Ռուսաստանի աջակցութեան առաջարկը՝ Թուրքիոյ կողմէ Ալեքսանդրապոլի գրաւումին դէմ, խոստանալով ճանչնալ Հայաստանի անկախութիւնը ու միակ պայմանը դնելով՝ որ Հայաստան բարեկամ մնայ Յեղափոխական Ռուսաստանին, խոստանալով Ալեքսանդրապոլը ազատագրել թրքական գրաւումէն՝ Կարմիր Բանակին կողմէ (երբ արդէն թուրք բանակը ջարդած էր հոն 60,000 հայ)։ Այս եղբայրական աջակցութիւնը մերժող անատակ ղեկավարութիւնը, ուրեմն, իշխանութիւնը զիջեցաւ Կարմիր Բանակին։ Բայց երեք օր վերջ (1920 թ. Դեկտեմբեր 2-ին), երբ տակաւին թրքական զօրքը չէր քաշուած Ալեքսանդրապոլէն, այս ղեկավարութիւնը Թուրքիոյ հետ կնքեց Ալեքսանդրապոլի ապօրինի եւ անվաւեր դաշնագիրը ստրկական… որուն համաձայն՝ հայկական կողմը կը հրաժարէր Սեւրի Դաշնագրէն, իսկ թրքական կողմը յանձնառու կ՚ըլլար՝ օգնութեան հասնելու Երեւանի կառավարութեան, երբ ան յարձակումի ենթարկուէր եւ օգնութիւն խնդրէր Թուրքիայէն։ Ասիկա կը նշանակէր, թէ ապիկար ղեկավարութիւնը, որ զիջած էր իշխանութիւնը, պիտի փորձէր յեղաշրջումով մը վերադառնալ իշխանութեան, եւ եթէ Կարմիր Բանակը վերստին միջամտէր, Թուրքիոյ օգնութիւնը պիտի ապահովէր։ Եւ երկուքուկէս ամիս վերջ (18 Փետրուար 1921), այդ ապիկար եւ անհեռատես ու աթոռամոլ ղեկավարութիւնը սարքեց արկածախնդրական ապստամբութիւնը եւ գրաւեց իշխանութիւնը Երեւանի մէջ, որ ապրեցաւ միայն երկուքուկէս ամիս… բայց պատճառեց մեծամեծ կորուստներ հայութեան։ Քանի որ,  16 Մարտ 1921 թուի Մոսկուայի թուրք-ռուսական համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ, այն պահուն՝ երբ Երեւանի մէջ իշխանութիւնը կը գտնուէր Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը ստորագրած ապիկար ղեկավարութեան ձեռքին։ Եւ երբ ռուսական պատուիրակութիւնը Թուրքիայէն պահանջեց անվաւեր հռչակել այդ դաշնագիրը, թուրք պատուիրակութիւնը կտրականօրէն եւ իրաւացիօրէն մերժեց՝ քանի որ այդ պահուն, այդ սեւ դաշնագիրը ստորագրած ղեկավարութեան ձեռքին մէջ էր Երեւանի իշխանութիւնը…։

Եզրակացութիւն. Սարդարապատի համաժողովրդային յաղթանակին տէր չկանգնելով, այս ղեկավարութիւնը կրեց երկու կորստաբեր պարտութիւն, հաստատելով նոյնպէս Նժդեհի սա ախտաճանաչումը. «Ժողովրդից է՝ ամէն յաղթանակ. անկարող ղեկավարներից՝ ամէն պարտութիւն»։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img