Վալապպհաի Փաթել (անգլերէն՝ Vallabhbhai Patel, 31 Հոկտեմբեր 1875 — 15 Դեկտեմբեր 1950), ճանչցուած է որպէս Սարտար Փաթել, հնդիկ քաղաքական գործիչ, Հնդկաստանի առաջին փոխվարչապետը եղած է եւ Հնդկաստանի հանրապետութեան հիմնադիր հայրերէն մին: Առաջնորդ դեր խաղցած է երկրի անկախութեան պայքարի գործին մէջ եւ ղեկավարած է միացեալ, անկախ ազգի ձեւաւորումը:
Փաթելը Կուճարաթ երկրամասը ծնած եւ մեծցած է: 1900-էն մինչեւ 1910 թուականը որպէս քրէական գործերու փաստաբան: 1910 թուականին Լոնտոն մեկնած է Միտլ Թեմփլ իրաւաբանական ընկերութիւն մտած է: 1913-ին Հնդկաստան վերադարձած է:
Քաղաքականութեան մէջ Մահաթմա Կանտիի համախոհը եւ Հնդկաստանի անկախութեան պայքարի գործին մէջ անոր հաւատարիմը եղած է: Անկախութիւն ստանալէն ետք Վալապպհաի Փաթելը մեծագոյն ջանքեր գործադրած է Հնդկաստանը որպէս ամբողջական երկիր պահպանելու եւ բազմաթիւ մանր պետութիւններու չբաժնուելու համար:
1950-ի Դեկտեմբեր 20-ին վախճանելէն ետք անոր մարմինը կիզուած է: 2013 թուականին Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի նախաձեռնութեամբ Կուճարաթ նահանգի Նարպատա գետի ափին սկսած է Վալապպհաի Փաթելի կերպարանքով Միասնութեան արձանի (անգլերէն՝ Statue of Unity) կառուցումը: Արձանի բացումը տեղի ունեցաւ 2018-ի Հոկտեմբեր 31-ին: Իր 182 մ բարձրութեամբ (պատուանդանով՝ 240 մ) արձանը աշխարհի ամենաբարձրն է: Կառուցումը արժած է $ 600 միլիոնէն աւելի: