Չորեքշաբթի, 19 Մարտի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Հայոց Լեզուի Ուսուցիչներս (9)

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Իմ տարիներուս գրաբարի միակ դասագիրքը Եղիշէ եպս. Դուրեանի «Ընթացք ի գրոց բարբառ» կոչուած վտիտ հատորն էր, որ եռագրութեան մը առաջինն էր:

Այս գիրքը կը սկսէր հետեւեալով.

***«Թզենի մի էր ուրումն տնկեալ յայգւոջ իւրում, եւ եկն խնդրել  պտուղ ի նմանէ  եւ ոչ եգիտ»:

Թարգմանական երկար փորձերէ ետք, որուն, ուսուցիչին հրաւէրով,  կը մասնակցէինք աշակերտներս եւս՝ մեր խայտաբղէտ մեկնաբանութիւններով, ան եզրակացուց կամ բիւրեղացուց մտքերը հետեւեալ կաղապարով. «Մարդուն մէկը թզենի մը տնկեց իր այգիին մէջ, օր մըն ալ եկաւ պտուղ խնդրելու անկէ եւ չգտաւ»:

Մենք հալած իւղի պէս ու ինքնագոհ  կլլեցինք այս թարգմանութիւնը,_ ուր կար մեր վաստակը եւս,_  ու կը պատրաստուէինք անցնելու յաջորդ նախադասութեան:

Ունէինք խենթ  ու խելառ, բայց նաեւ արթնամիտ դասընկեր մը, որ ո՛չ գրաբարով հետաքրքրուած էր, ո՛չ ալ աշխարհաբարով,  սակայն եկուր-տես, որ  միայն ի՛նքն էր որ  գայթակղեցաւ տրուած մեկնաբանութենէն ու հարցուց.

—Պարո՛ն, ինչպէ՞ս կարելի է ծառէն բան մը խնդրել

Ուսուցիչը աչքերը չորս բացաւ, յօնքերը մտահոգ պռստեց, ձեռքի բնագիրին նայեցաւ, ապա տղուն .  զգալի էր որ դժուար ու անհաճոյ պահ մը կ’անցընէր: Բայց եւ այնպէս հաւաքեց ինքզինք, խուսափողական նայուածք մը պտտցուց մեր վրայ ու սկսաւ «բացատրել».

—Գիտէք, մարդիկ անցեալին միամիտ ու սնապաշտ կ’ըլլային, կը հաւատային, որ ծառերն ալ կը մտածեն ու կը զգան, ասոր լաւագոյն փաստը մեր «Սօսեաց ծառերուն» աւանդավէպն է. մեր նախահայրերը կ’երթային  «Սօսեաց անտառը» եւ  իրենց խնդրանքները կը ներկայացնէին ծառերուն՝ հաւատալով, որ անոնց մէջ կ’ապրին մեր նախնիներու ոգիները, որոնք կ’իրագործեն մեր իղձերը…

Եւ այսպէս երկար ու բարակ, այլեւ կասկածելի պատմութիւն մը, որուն կ’ընկերանային  ճակատէն հոսող քրտինքի կայլակները եւ ելեւէջող կուրծքին ծանր շնչառութիւնը, որ շատ յստակ կը  լսուէր:

Այնուհետեւ բաւական ժամանակ անցաւ, որպէսզի հասկնայինք, որ խնդրել գրաբար կը  նշանակէ եղեր…փնտռել[1]. ուրեմն այգեպանը  տնկած ծառին պտուղը կը փնտռէր պարզապէս՝ արդարօրէն համոզուած,  թէ   ա՛լ  չափահաս էր ան ու ժամանակն էր , որ անկէ պտուղ ստանար հիմա:

2. Այլ առիթով մը հանդիպեցանք սաղմոսի հետեւեալ հատուածին.

***«Ես առ Աստուած կարդացի, եւ նա լուաւ ի ձայնի իմում»:

Այստեղ ալ հարց ծագեցաւ,  թէ ի՞նչ ըսել է եւ ինչպէ՞ս կարելի է «Աստուծոյ կարդալ», եւ ապա՝ Աստուած ինչպէ՛ս կրնար լսել  մարդուն ընթերցումը:

Է՜հ, վերջին հաշուով ամէն բան գաղտնիք մը եւ բացատրութիւն մը ունի: Ուստի  այս պարագային եւս  երկար խարխափումներով  թարգմանեցինք հատուածը.

—Որովհետեւ նախ՝ շատեր բարձրաձայն ու լսելի ձայնով կը կարդան, միւս կողմէ՝ Աստուած ամէն բան կը լսէ, նոյնիսկ եթէ մտքէդ ըսես, ալ ինչո՞ւ կարդացածդ պիտի չլսէ,  խո՞ւլ  է:

Ասկէ աւելի տրամաբանական  բացատրութիւն կ’ըլլա՞յ:

Այս պարագային եւս ժամանակը սորվեցուց, որ կարդալ կապ չունի ընթեռնելու հետ, այլ կը նշանակէ, ըստ  «Նոր հայկազեան»-ի», ձայնել, գոչել, աղաղակել, օգնութեան կանչել, իսկ թրքերէն, ըստ նոյն աղբիւրին,  չաղըրմագ:

Ուրեմն սաղմոսերգուն ո՛չ մտքէն  կը կարդար, ո՛չ քիթին տակէն. այլ…կ’աղաղակէր «ի ձայն բարձրագոչ եւ բարձրաբարբառ», նոյնիսկ եթէ գիտէր,— եւ վստահաբար գիտէր,— որ Աստուած մտքէն ըսածն ալ  կրնար  հեշտութեամբ  լսել:

3. Մեր ահեղ գօտեմարտը գրաբարին հետ երկար տեւեց, մինչեւ որ ի վերջոյ  սուրերը պատեան դրինք, սակայն ոչ Աւ. Իսահակեանի պատկերացուցած «փառքով»[2], այլ գլխահակ ու ամօթապարտ, որովհետեւ ան շատ հալածեց մեզ իր հազար ու մէկ ծուղակներով ու խորխորատներով, «ուր  ուսուցիչ եւ աշակերտքս  նորին ստէպ անկանէինք թեթեւ ի  գարշապար»:

Այսպէս, որո՞ւ մտքէն կրնայ անցնիլ, որ ապրիլ կը նշանակէ…

Փորձեցէ՛ք գուշակել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ան հետեւեալ նախադասութեան մէջ. ***«Ապրեցո՛ զիս, Տէ՛ր,  յորոգայթէ որսողին»:

Այս պարագային ալ ուրիշ արդար մտահոգութիւն մը ունէինք. փոխանակ «որսորդին որոգայթէն» ապրեցնելու,  թող անոր մէջէն   դուրս բերէր, ազատէ՜ր:

Եւ շատ  ուշ գիտցանք, որ ապրիլ իրապէս ալ կը նշանակէ ազատիլ,  իսկ ապրեցնել՝ ազատել:

 Ուրեմն որքան  տրամաբանական շարադրուած է մաղթանքը.

 «Ազատէ՛ զիս, Տէ՛ր, որսորդին որոգայթէն»,—  այսինքն՝  թակարդէն:

                                                           *   *   *

Մեր գայթակղութիւնը աւելի մեծ եղաւ, երբ Փաւստոս Բուզանդի մէկ հատուածէն  իմացանք, որ Շապուհ մորթել տուաւ Վասակ Մամիկոնեանը,  խոտով լեցնել տուաւ  զայն եւ խամաճիկը կախեց  Արշակի բանտի պատէն, աչքերուն դէմ՝ աւելի տառապալից դարձնելու համար Հայոց շղթայակապ արքային  կեանքը:

Այս պարագային ալ ըմբռնելի չէր, թէ Շապուհ ինչո՞ւ պիտի Վասակը նախ  մորթէր,   մարմինը լեցնէր խոտով ու ապա միայն կախէր Արշակի դիմաց. եթէ _―նպատակը արքան աւելի չարչարել էր, պայմա՞ն էր, որ կտրէին անոր սպարապետին  գլուխը եւ կտրած գլուխով խամաճիկ մը կախէին անոր դէմը:

Եւ վերջապէս  մարմինին ո՞ր մասը պիտի լեցնէին  խոտով,  եւ ան պիտի չնեխէ՞ր:

Ահա այստեղ ալ հարցերը իրենց  պայծառ ու տրամաբանական լուծումը գտան, երբ պարզուեցաւ, թէ  մորթել  կը նշանակէր…մորթազերծել եւ ոչ թէ՝ գլուխը կտրել:

Հրէշային պատիժ մըն էր այս, որով  ողջ-ողջ կը յաջողէին զոհին մաշկը  անջատել մարմինէն, ապխտել զայն  ու ապա յարդով լեցնել: Այս մահով  մեռաւ Հայոց  սպարապետը[3], որ երեսուն տարի դողացուցած էր  Շապուհի էութիւնը:

——————————-

³  Քանի մը տարի ետք Վասակի որդիին՝ Մուշեղի ձեռքը ինկան Շապուհի բանակէն 500 ազնուականներ, որոնց բոլորը մորթազերծեց եւ  խամաճիկները ղրկեց Պարսկաստան:


[1]  Նկատի ունենալ, որ  Աճառեանի «Արմատական»-ը եւ  Երից վարդապետաց  «Նոր  հայկազեան»-ը, որոնք բանալիներն են գրաբարի խրթնաբանութեանց, տակաւին վերահրատարակուած չէին, իսկ անոնց առաջին հազուագիւտ հրատարակութիւնները անմատչելի կը մնային:

[2] Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտին, գովերգելու համար խորհրդային բանակներու    յաղթանակը եւ մանաւանդ Մեծ առաջնորդին՝ Ստալինի հանճարը,   Իսահակեան գրեց բանաստեղծութիւն մը, որ կը սկսէր  հետեւեալ տողով. «Մեր սուրը փառքով դրեցինք պատեան…»:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img