Տիկ Յասմիկ Պապահէքեան
Եւ ընտանիք,
Պէյրութ, Լիբանան
Ազնիւ Տիկ Պապահէքեան եւ համայն ընտանեկան պարագաներ,
Պատանեկան տարիներուս հանդիպած եմ Պրն Կարապետ Պապահէքեանի Պէյրութ՝ Էշրէֆիէի մեր բնակարանը մի քանի անգամ։ Երեւի կրնայ հետաքրքրական ըլլալ։ Հօրեղբայրս՝Տոքթ. Ռոպէր ճէպէճեան, Պրն Վազգէն Թիւթիւնճեան եւ Պրն Կարապետ Պապահէքեան՝գորածակցեցան միասին եւ հրատարակեցին Հայաստանի Յուշարձանները հաստափոր նկարազարթ ալպոմը։ Հօրեղբայրս կուգար Հալէպէն, Պրն Թիւթիւնճեան մեզի դրացի էր եւ ինք՝միասին մի քանի անգամ մեր տունը ժողով ըրին գիրքին հրատարակութեանը եւ յաջողցուցին այդ ծրագիրը։ Եւ արդիւնքը եղաւ գեղեցիկ ալպոմ մը։
Տարիները պիտի անցնէին՝եւ Ճենին ու ես պիտի դառնայինք դասընկերներ Հայկազեան համալսարանի մէջ։ Վաչէին եւ Սօսիին հետ պիտի սկսէր մեր բարեկամութիւնը ուսանողական տարիներէն նոյնպէս։ Եւ պիտի հասնէինք չորրորդ սերունդ՝երբ Վահէն՝իմ տղաս՝եւ Գարինը՝Վաչէին եւ Սօսիին դուստրը՝ պիտի դառնային նոյնպէս դասընկերներ Հռիփսիմեանց վարժարանի մէջ։
Եւ այս կեանքի հետաքրքրական ընթացքն է որ տարիներու վրայ կը գլորի եւ կը կազմէ ու կը զարգացնէ մեր մարդկային հաղորդակցութիւնը եւ բարեկամութիւնը։ Եւ այս կեանքի զարգացումներու միջոցաւ է որ իւրաքանչիւրս կը կերտենք մեր անհատական, ընտանեկան եւ հաւաքական կեանքերու մէջ արժէքներու հասկացողութիւնը՝ որ կը մնայ։ Նոյնիսկ երբ ֆիզիքական այս աշխարհէն կը բաժնուինք անցնելու համար յաւիտենականութեան հասկացողութեանը։
Պատանեկան տարիներէն մինչեւ երիտասարդական տարիներս ու չափահասութիւն՝կը տեսնէի եւ կը հետեւէի Պրն Պապահէքեանի ազգային,միութենական, կուսակցական ու տակաւին Հայաստանի ու անոր բարօրութեանը համար տարած իր բոլոր գործունէութիւններուն։ Հոն էր ու մնաց միշտ հոն Պրն Պապահէքեան՝ երբ բերաւ ու շարունակեց բերել իր մեծ ներդրումը ու մասնակցութիւնը։ Ինչպէս որ տեսած էի զինք իմ պատանեկութեան օրերուն երբ իր անձնուէր հոգածութիւնը եւ մասնակցութիւնը կը բերեր ազգային գործ մը յաջողցնելու համար՝Պրն Պապահէքեան մնաց իր նոյն նուիրուածութեանը մէջ եւ երբեք չի սակարկեց։ Ան հաւատաց մեր ազգային արժէքներուն եւ կառչեցաւ անոնց ու սատարեց։
Յարգանք իր ապրած ծառայութեան այս կեանքին։
Կը ցաւիմ որ անձնապէս չեմ կրնար ներկայ ըլլալ եւ ցաւակցութիւն յայտնել։ Կը գտնուիմ Քուէյթ։ Խնդրեմ ընդունեցէք իմ ցաւակցութիւնները։
Աղօթող եմ ձեր բոլորին համար եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը կը հայցեմ։
Ցաւակցօրէն՝
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան
Քուէյթ, 2 Նոյեմբեր, 2020