Կիրակի, 16 Մարտի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Լեհական Իշխանութեան Ուղղուած՝ Լեհահայութեան Կոչը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Արցախի եւ Հայաստանի վրայ կատարուած թուրք-ազրպէյճանական վայրագ յարձակումներու միջազգային հանրութեան կոչերուն կողքին, Լեհաստանի պետութեան ուղղուած մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու լեհահայ միութիւններու, հոգեւորականներու եւ անհատներու կոչին միացան յոյներ եւ պուլկարացիներ։ Լեհաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն ուղղուած կոչի հեղինակները անյապաղ կը խնդրեն վճռական միջոցներ ձեռնարկելու եւ օգնելու Արցախի հայութեան: Հոկտեմբերի վերջին օրերուն յղուած կոչի հեղինակները, որպէս Լեհաստանի քաղաքացիներ, իրենց կոչը ուղղած են Լեհաստանի Հանրապետութեան Նախագահին՝ Անտժեյ Տուտային, վարչապետ՝ Մաթեուշ Մորավիեցքիին, արտաքին գործերու նախարար՝ Զբիկնեւ Ռաուին և Լեհաստանի Հանրապետութեան Սեյմի  նախագահ` Էլժպիէթա Վիթեքին, Լեհաստանի Հանրապետութեան Սենատի նախագահ՝ Թոմաշ Կրոցքիին։

Կոչը լեհական իշխանութիւններէն կը խնդրէ անյապաղ միջոցներ ձեռնարկել մարդասիրական օգնութիւններ ապահովելու արցախահայութեան դէմ 27 սեպտեմբերէն ի վեր իրականացուող յարձակումները, ռազմական գործողութիւնները կասեցնելու եւ արցախահայութեան զոհերու եւ մասնաւորապէս մարդասիրական օգնութիւն ապահովելու համար օգտագործելու հնարաւոր բոլոր պետական միջոցները։

Կոչը կը պարունակէ նաեւ վերոյիշեալ բոլոր կողմերէն միջազգային հարթակներու վրայ մարդասիրական օգնութիւն ապահովելու հրատապ այս հարցը բարձրաձայնելու, միջազգային արագ գործողութիւններ ձեռնարկելու խնդրանքը, կոչ ուղղելով նաեւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան հայ կեանքեր խնայելու եւ պաշտպանելու անյետաձգելի հրամայականը, խնայելու եւ կանխարգիլելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէճանի կողմէ նախատեսուած հայասպանութեան եւ հաւանական ցեղասպանութենէն։

Կոչը լեհական պետութեան կը յիշեցնէ նաեւ, որ Լեհաստան բարոյական պարտաւորութիւնը մը ունի, մանաւանդ որ Լեհական խորհրդարանը 19 ապրիլ 2005 թուին  ճանչցած է հայոց ցեղասպանութիւնը։ Կոչին հեղինակները  շեշտադրած են, որ չեն փափաքիր որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնէ, այսօր ռազմական պայմաններուն տակ արցախահայութիւնը եւ Արցախը ընդհանրապէս չունին միջազգային ընտանիքին կողմէ անվտանգութեան երաշխիքներ, ներառեալ մարդկային կեանքի հիմնական իրաւունքը, ուստի հայ ժողովուրդի սպառնացող ցեղասպանութեան վտանգը մեծ հաւանականութիւն ունի երբեւիցէ գան այսօր ։  

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img