Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Ռաս ուլ-Այն (Սերեքանիյէ) շրջանին մէջ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Սուրիոյ ազգային բանակ» (ՍԱԲ) զինուած խմբաւորման 7 անդամ յանձնուած է քրտամէտ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր» (SDF) դաշինքի զինեալներուն։ Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, կը յայտնէ «Մարդու իրաւունքներու դիտարկման սուրիական կեդրոնը» (SOHR)։
Կը նշուի, որ «Սուրիոյ ազգային բանակ» խմբաւորման զինեալները քրտական ուժերուն յանձնուած են այն պատճառով, քանի որ կը վախնան, որ իրենց Լեռնային Ղարաբաղ կ՝ուղարկեն եւ չեն վճարեր աշխատավարձերը։
Կը հաղորդուի, որ թրքամէտ զինեալները իրենց ծառայութիւնը կ՝իրականացնէին Ռաս ուլ-Այնի Ապու Ռասին գիւղին մէջ։
SOHR աւելի շուտ յայտնած էր, որ «Սուրիոյ ազգային բանակ»ի 8 զինեալ եւս Հոկտեմբեր 21-ին յանձնուած էին քրտամէտ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր» դաշինքի զինեալներուն։