Յանուն Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Այս չար, բիրտ ու նենգ աշխարհին մէջ երանի անոնց որ հանգիստ խղճով կը մեկնին մեզմէ:
Այս այլասերող, անձնամոլ աշխարհին մէջ, երանի անոնց որոնք ազգային խղճի հանգստութեամբ կը հեռանան կեանքէն:
Այս մարտահրաւէրային, քեզ քու մորթէդ հանող, ամէն օր տարբեր ձեւերով քեզ փորձութեան ու գիտակցական սխալի մղող այս կեանքին մէջ, երանի անոնց որոնք խոնարհաբար կրնան հաստատել թէ իրենք գիտակցական նուազագոյն սխալները ջանացին գործել, չտարուեցան եսամոլական քաշքշուկներու մէջ, երբ անդրադարձան որ իրենց պարտադրուած ճամփան սխալ է՝ կէս թողուցին ու ետդարձ կատարեցին, կրցան յստակատեսութիւն ունենալ եւ ասպետաբար դիմեցին քայլերու որոնցմով իրենք մերօրեայ մակերեսային արժէհամակարգով պարտուած նկատուեցան, սակայն մնայուն, դասական արժէհամակարգով դարձան յիշատակելի ու օրինակելի մարդիկ եւ արարքներ:
Ասկէ աւելի քան երեսնամեակ մը առաջ, երբ միութենական արխիւային պրպտումներու մէջ էի, հանդիպեցայ Տէօվլէթ Պայքարունի անունին, որուն կողքին փակագիծերու մէջ գրուած էր Պապահէքեան: Յիրաւի, հանգուցեալ Կարօ Պապահէքեանը ծնած էր պայքար ունեցող մարդու մը ընտանիքին մէջ: Պրն. Պապահէքեան այդ պայքարով թրծուած անձ էր: Ան իր այդ անհատական թրծումին զօդեց 1930ականներուն Պէյրութի կեդրոնական շուկաներուն մէջ հանրահռչակ Ուզունեան գրատան դուստրը: Այսպէս կազմաւորուած տէր եւ տիկին պապահէքեաններ առաւել հաստատաքայլ ու հաստատակամ ընթացան իրենց ժառանգած ու աւանդ մնացած պայքարի ու գիրքի ուղիով:
1970ականներու սկիզբին Խորհրդային Հայաստանէն փչող ազգային-մշակութային շունչը վերածուեր էր քամիի եւ զովասուն հովի պէս սկսեր էր հովացնել մեր ազգային զգացումները: Շեշտուիլ սկսեր էին հայ մշակոյթին զանազան բնագաւառներուն հանդէպ հետաքրքրութիւնները, մանաւանդ յատուկ ուշադրութեան սկսեր էր արժանանալ հայկական ճարտարապետութիւնը: Եւ ահա, այդ տարիներուն Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը հրապարակ հանեց մեծածաւալ հատոր մը նուիրուած հայկական ճարտարապետութեան: Աննախընթաց երեւոյթ էր այդքան գեղեցիկ, գունաւոր, համապարփակ ալպոմային հատորի մը լոյս ընծայումը Պէյրութի մէջ: Այդ հատորին մեկենասը պայքարի ու մշակոյթի ռահվիրայի պատմուճան հագած Կարօ Պապահէքեան ամոլն էր:
Վերջերս ուշադրութիւնս գրաւեց պարագայ մը, զոր կ’ուզեմ կիսել սգակիր բարեկամներուս հետ: Մեզմէ շատ շատերը գիտեն Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան բարերար Մելգոնեան եղբայրներուն մասին: Ու գիտենք նաեւ, որ Մելգոնեան երկու ամուրի եղբայրները կեսարածին եգիպտահայեր էին, որոնք հարստութեան տէր դարձան ծխախոտի արտադրութեամբ: Զարմանալին այն է, սակայն, որ ծխախոտի Մելգոնեան գործարանը միջակ մեծութեամբ գործարան մըն էր՝ ծխախոտի եգիպտահայ միւս ընկերութիւններուն բաղդատմամբ: Զարմանալի չէ, սակայն, որ ծխախոտի միւս մեծահարուստ գործարանատէրերուն անունները հանրութեան համար կը մնան անծանօթ: Որովհետեւ, Մելգոնեանները գիտցան իրենց սեփական դրամը վերածել ազգային դրամագլուխի, կեանքէն իրենց շահածը դրին ի սպաս ազգին, որով եւ մնացին սերունդներու համար անմոռանալի:
Պրն. Պապահէքեան արթուն եւ սրատես անձ էր: Ասկէ միքանի տարի առաջ էր երբ հանդիպեցայ իրեն՝ իր ճարտարարուեստական նախաձեռնութեանց մասին գիտնալու եւ եթէ կարելի ըլլար՝ գրելու համար: Ինք պատմեց թէ ինչպէս 1950ականներուն րաուշէի մօտերը ընկղմած Շամփոլիոն նաւուն մեքենաներէն մաս մը գնելով զարկ տուած էր իր նորահաստատ գործարանին: Ան եղեր էր լայնամիտ եւ գործընկեր ընտրեր էր ոչ-հայ մը եւ միասին ծաւալեր էին իրենց ճարտարարուեստական ձեռնարկութիւնը:
Դժբախտաբար, սակայն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ծանրօրէն հարուածեր էր այդ ձեռնարկութեան, որ կը ձգտէր դառնալ ամբողջ Միջին Արեւելքի որսորդական փամփուշտի շուկան բաւարարող ընկերութիւն:
Հակառակ այդ ծանր հարուածին, Պրն. Պապահէքեան չընկրկեցաւ, չգուրգուրաց միայն իր ընտանիքին, զաւակներուն եւ թոյլատրեցէք ըսեմ՝ իր դրամին վրայ, այլ այդ դրամէն դարձեալ շարունակեց բաժին հանել իր ազգին, այս անգամ նպաստելով Հայաստանի մէջ կաթնատու կենդանիներու ճարտարարուեստին: Իմ նպատակս չէ թուարկել Պրն. Պապահէքեանին բարերարութիւնները, որոնց վերջիններէն մին ՀԲԸՄ Հաճընի որբանոցին գիրքին մեկենասութիւնն է:
Անձնական հաշիւներէ ելլելով, տարբեր կարծիքներ կրնան յայտնուիլ իր տալու չափերուն մասին: Ինծի համար, ան կը մնայ ազնիւ անձ մը որ ոչ միայն իր քսակէն տուաւ եւ լաւապէս, այլեւ տուաւ իր հոգիէն՝ ստանձնելով Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետութիւնը եւ դիմագրաւեց դժուարին ու փորձանաւոր կացութիւններ եւ հուսկ, երբ տեսաւ թէ ԹՄՄ Հիմնադիրներու նաւը արդէն անցուցած է փոթորկոտ հանգրուան մը եւ թէ ինք աւելին չի կրնար ընել, ազնուութիւնը ունեցաւ հրաժարելու եւ ջահը յանձնելու այլ յանձնառուին:
Յիրաւի, քիչ են այն մարդիկ, որոնք Պրն. Պապահէքեանին նման, ազգային խղճի գոհացնող հանգստութեամբ կրնան մեկնիլ այս աշխարհէն՝ ըրած ու տուած ըլլալով իրենց կարելիէն աւելին:
Չէ, չեմ կարծեր որ ան հանգստացած գնաց՝ իտես իր անմիջական միջավայրին շարք մը տհաճ երեւոյթներուն, վստահ եմ արցախեան մերօրեայ տառապանքը կը քերծէր իր հոգին եւ ատոր համար ալ ան չբաւարարուած գնաց ասկէ, միաժամանակ իրատեսօրէն գիտակցելով որ ուրիշներն ալ շինիչ ընելիքներ ունին եւ պարտին ընել:
Իր մեկնումով Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կը կորսնցնէ ազնիւ, հաւատաւոր վեթերանը:
Յանուն Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնին, կը յայտնեմ մեր խորազգած ցաւակցութիւնները հանգուցեալին հարազատներուն, տիկին Յասմիկին, զաւակներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, մօտիկ եւ հեռու ազգականներուն, իր հաւատարմօրէն ծառայած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, նաեւ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան, որուն հպարտ մէկ անդամն էր ան: