Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 27ին, Արցախի վրայ շղթայազերծուած թուրք-ազերիական զինուորական լայն արշաւանքին իբրեւ հետեւանք, անգամ մը եւս խնդրոյ առարկայ դարձած է հայ ժողովուրդին գոյատեւուը:
Հայկական միացեալ բանակը ինքնապաշտպանութեան քաջարի մարտեր կը մղէ թշնամիին դէմ, պատճառելով լուրջ կորուստներ-հրասայլի, զրահապատ այլ կառքերու, օդանաւի (յատկապէս առանց օդաչուի), զինուորներու ու վարձկան իսլամական զինեալներու:
Աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր, OSCE Մինսքի Մարմինը, յաջողած է Մոսկուայի մէջ իրականացնել նախնական բայց տակաւին անգործադրելի զինադուլ մը: Ռուսական Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը լիազօրուած է բանակցութիւնները շարունակել, առաջին հերթին կողմերուն զինուորներու ու վարձկան զինեալներու դիակները տեղափոխուելու կամ թաղելու համար. Ապա, միաժամանակ, երկկողմ բանակցութիւնները շարունակելու, վերջնական զինադուլ հաստատելու համար:
Դժբախտաբար, սակայն, զինադուլի յայտարարութիւնը ձեւակերպութեան վերածուած է, Արցախի վրայ անխնայ ռմբակոծումներու շարունակութեամբ, խաղաղ բնակչութենէն խլելով անմեղ զոհեր, ինչպէս նաեւ պատճառելով բնակարանային եւ այլազան հաստատութեանց լայնածաւալ քանդումներ:
Միաժամանակ, կը թուի թէ ազերիական կողմը ծայրայեղ պահանջքներ դրած է, Արցախի հինգ շրջաններու վերադարձին, ու մնացեալ քանի մը շրջաններու ալ ճակատագիրը որոշելու պահանջելով, բայց մանաւանդ Արցախը մնալու պայմանով Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Մէկ խօսքով, իրականացուած զինադուլը լոկ ձեւականութեան վերածուած է՝ ազերի ռազմական գործողութիւններու շարունակութեամբ:
Մ. Նահանգները, Եւրոպական Միութեան երկիրները, Պարսկաստանը, արաբական կարգ մը երկիրներ, այլազան երանգաւորումներով կը դատապարտեն ազերիական զինուորական յարձակումները, կոչ ուղղելով երկկողմանի բանակցութեանց արդիւնաւորման:
Մնացեալ բոլոր երկիրները կ՛առաջնորդուին իրենց տնտեսական շահերով, եւ ապա՝ դիւանագիտական նկատառումներով: Ռուսական Դաշնութիւնը, որ այս անգամ ալ լիազօրուած է կողմերը իրաւախոհութեան մղելու, թրքական միջամտութեան հետեւանքով, այլազան նկատառումները մղուած, կը վարանի կտրուկ եւ ազդեցիկ միջնորդութեան դիմել: Հայաստանի հանրապետութեան հետ անոր կնքած փոխադարձ օգնութեան դաշինքը գործադրութեան դնելու պայմանները կը թուի թէ արդարացնելու գոյավիճակին մէջ չեն գտնուիր տակաւին:
Այլապէս, վարձկան Իսլամիստ զինեալներու օգտագործումը վտանգի կ’ենթարկէ Ռուսաստանի հիմնական ապահովութիւնը, անոր հարաւային սահմաններու երկայնքին, յատկապէս Իսլամ հինգ պետութիւններու գոյութեամբ: Հարաւային Կովկասը ազդեցութեան զգայուն գօտին է Ռուսական Դաշնութեան:
Սուրիական պատերազմին, 2012էն սկսեալ, Ռուսաստանի միջամտութիւնը, լաւագոյն օրինակն է ազդեցութեան իր գօտիին վտանգի ենթարկման իբր հետեւանք: Այս օրերուն, սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջաններուն մէջ կատարուած են ռուսական օդանաւային ռմբակոծումներ:
Զուգահեռաբար, կը կատարուի նաեւ Կիւմրիի ռուսական զօրակայանին ամրապնդումը՝ զինամթերքով եւ այլ սարքերով, որոնցմէ կարեւոր մաս մը միաժամանակ կը փոխանցուի հայկական բանակին: Միւս կողմէ Հայաստանի հարաւային սահմաններու երկայնքին, կը կատարուին պարսկական զօրքերու զօրավարժութիւններ, որոնք ձեւով մը, միաժամանակ, համապատասխան են ազդարարութեան՝ միանգամայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի: Միւս կողմէ, Թեհրան դիմած է Մոսկուա, որպէսզի աւելի ազդու կերպով միջամտէ:
Իսլամիստ վարձկան զինեալներու Թուրքիոյ կողմէ տեղափոխութիւնը Արցախեան ճակատ, գլխաւոր շարժառիթը կը նկատուի վերոյիշեալ նախաձեռնութեանց Ռուսաստանի ու Պարսկաստանի կողմէ: Զինուորական նման նախաձեռնութիւններ ազդարարութիւններ կը նկատուին Թուրքիոյ թափանցումը քաղաքականութեան յիշատակուած շրջանակներէ ներս:
Քաղաքականութեան մէջ, որքան ալ իրաւացի կամ արդար թուին ստեղծուած տագնապի մը լուծման համար կատարուած միջնորդութիւնները, ընդհանրապէս ակնկալելու չէ անմիջական կարգադրութիւններ: Եւ երբ խնդրին հետ առնչուած են դերակատար կարեւոր մեծ երկիրներ, դժուար է ներդաշնակել խնդրոյ առարկայ կողմերուն ակնկալութիւնները կամ առաջարկները: Գլխաւորաբար տնտեսական շահեր, ռազմավարական դիրքի բարեփոխումներ կը դժուարացնեն անմիջական հանդարտեցումով մը վերջնական լուծումի յանգելու համար:
Արցախի վրայ ազերիական զինուորական լայնածաւալ արշաւը այս անգամ ղեկավարուած է թրքական բանակի հրամանատարութեամբ, ինչ որ ահազանգային բնոյթ ստացաւ: Խնդրոյ առարկայ դարձան մէկ կողմէ հայ ժողովուրդին գոյատեւումը բազմադարեայ պապենական հողերուն վրայ, իսկ միւս կողմէ վերիվայրումներով գոյատեւող քաղաքական կացութիւնը: Հակառակ մէկէ աւելի զինադուլներու, բախումները կը շարունակուին բոլոր ճակատներու վրայ: Անխնայ ռմբակոծումի կ’ենթարկուին Արցախի բոլոր կառոյցները, յառաջացնելով համատարած աւերիչ քանդումներ գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ:
Եւրոպական երկիրներու, յատկապէս Մաքրոնի՝ Ֆրանսայի ու Մ. Նահանգներու կառավարութիւնները, Ռուսաստանի գլխաւոր դերակատարութեամբ կը շարունակեն կոչ ուղղել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի, անմիջապէս դադրեցնելու կրակը, բանակցութեամբ ու զիջումներով լուծում մը տալու համար շարունակուող հակամարտութեան:
Թրքական պետութեան միջամտութիւնը, վարձկան զինեալներու օգտագործումով, անխտիր բոլոր երկիրներու կառավարութիւնները մղած են, դատապարտելու նման նախաձեռնութիւն մը: Այս անգամ ճակատումի մէջ մտած են, Թուրքիան ու Ռուսաստանը, որոնք ունին տնտեսական, փոխադարձ ընդարձակ շահեր, սկսելով կազամուղներու օգտագործումէն: Այս հանգամանքին կու գայ միանալ Թուրքիոյ ՕԹԱՆի անդամակցութիւնը, եւ հետեւաբար՝ Արեւմուտքի ռազմավարական շահերը: Մէկ խօսքով, խնդրոյ առարկայ կը դառնայ շրջանին ընդհանուր կացութիւնը, սպառնալով խախտել քաղաքատնտեսական ընդհանուր կացութիւնը:
Մինչեւ որ կողմերուն եւ յատկապէս գլխաւոր դերակատարներուն միջեւ ընդունելի տարազ մը չգոյանայ, Արցախի գոյատեւումը պիտի պահպանուի հայկական բանակի մարտունակութեան ու կեանքի զոհաբերութեան գնով, հայրենիքի եւ հայկական սփիւռքի միացեալ, ընդհանուր զօրաշարժի անտեղիտալի պայքարով:
Արցախեան այս ճգնաժամը պիտի անվարան խթանէ իւրաքանչիւր հայ, համայն սփիւռքի բայց մանաւանդ հայրենիքի մէջ, անգամ մը եւս ինքնաբերաբար դառնալու Հայկ նահապետ, Սասնայ Մհեր, Վարդան Մամիկոնեան, Մխիթար Սպարապետ, Խաչենի Իշխան, Զօրավար Անդրանիկ, Աւարայրի ու Սարտարապատի ոգիով ինքնապաշտպանութեան հերոսական պայքար մղելու տեսակաւոր թշնամիներու դէմ: Հայկական բազմադարեան հողի իւրաքանչիւր բարձունքն ու հովիտը անգամ մը եւս պիտի ոռոգուին հայու արիւնով: Արցախեան ներկայ պատերազմը մէկ դրուագն է անցեալի մահ ու կենաց մարտնչումներուն:
Ոչ անօթաչու տրոնը, ոչ գործածութիւնը արգիլեալ ռումբի (cluster bomb) կամ հրթիռի, ոչ ազերի կամ վարձկան զինեալը, ոչ 90 միլիոն Թուրքիան, ոչ 10 միլիոն Ազրպէյճանը իրենց միացեալ ռազմավարութեամբ պիտի կարենան ընկճել հայկական դիմադրականութիւնը: Յոյժ ցաւալին այն , որ թուրքը եւ ազերին դաս չեն առած անցեալի հայոց պատմութենէն: Անոնք ի վերջոյ, պիտի ստիպուին ակամայ անդրադառնալ դարաւոր հայոց պատմութեան այս կարծր այլ հրաշագործ եղելութեան:
Այս պատերազմը հայ ազգի լինելութեան ու գոյատեւման պայքարն է: Մե’նք յաղթելու ենք:
ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ