Յարաբերաբար ընդունելի պայմաններէն քաջալերուելով, Լիբանանի Թեքուանտոյի ֆետերասիոնը, 26 Սեպտեմբեր եւ 3 Հոկտեմբերին երկու քննութիւններ կազմակերպեց Մոն Լա Սալի մէջ:
Առաջինը՝ կարմիր գօտի կրող, « առաջին տան, փում» եւ « երրորդ տան, փում» քննութիւնները, որուն ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս մասնակցեցաւ 27 մարզիկներով: Մեր մարզիկները փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին քննութիւններուն: 26 մարզիկներ ստացան սեւ գօտիի կարգ, իսկ մէկ մարզիկ « երրորդ տան, փում»:
Երկրորդը՝ չորս եւ «հինգ տան, փում» կարգի քննութիւն մըն էր, որուն ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս մասնակցեցաւ վեց մարզիկներով: Հինգը ստացան «չորրորդ տան, Մեսթըր»ի կոչում, իսկ մէկը՝ 5-րդ «տան»:
Ի պատիւ այս փայլուն արդիւնքները արձանագրող մարզիկներուն, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի տնօրէնութիւնը, Շաբաթ, 31 հոկտեմբեր, 2020-ի երեկոյեան, գնահատանքի հաւաք մը կազմակերպեց, կեդրոնին 5-րդ յարկին մէջ:
Հաւաքին ներկայ գտնուեցան ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիրի ներկայացուցիչ Թալին Ինքնատիոսեանը, «Կրենտ-Մեսթըր» Պասըմ Աատ, մարզիկներուն ծնողները եւ սեւ գօտի կրող բոլոր մարզիկները:
Գնահատանքի խօսք արտասանեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը, շնորհաւորելով Թեքուանտոյի դպրոցին նոր յաջողութիւնները: Ան նաեւ շնորհաւորեց ՀԵԸ-ական Գարոլ Չալեանը, Լիբանանի Թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մաս կազմելու առիթով: Մարզիկներուն սրտի խօսք յայտնեց «Կրենտ -Մեսթըր» Պասըմ Աատը:
ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի անունով իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Յասմիկ Աւետիքեանը: Ապա մարզիկները մարզիչներէն ստացան իրենց սեւ գօտիները:
Բարեմաղթութիւններէն ետք հատուեցաւ օրուան կարկանդակը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ