Լոս Անճելըսի մէջ, ՌԱԿ Ամերիկայի Հայ Իրաւանց Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ դրամահաւաք շատ սեղմ շրջանակի մը ներկայութեամբ։
Այդ օր մօտ քսան հինգ հոգիի ներկայութեամբ, ազգային եւ հայրենասիրական մեծագոյն գիտակցութեամբ կէս ժամուայ ընթացքին 65 հազար տոլարի գումար մը գոյացաւ եւ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Թահանկայի Garden of Foothill շքեղ սրահին մէջ, հիւրընկալութեամբ Հ. Ի. Խորհուրդի անդամ Հրանդ Վարձպետեանի։
Այդ օր խրախուսական խօսքերով ելոյթ ունեցան Ընկերներ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, Փանիկ Քէշիշեան, Դաւիթ Սամուէլեան, Հենրիկ Միսրլեան եւ Տիար Հրանդ Վարձպետեան։
Հանդիպումին իր օրհնաբեր բացման եւ փակման աղօթքը կատարեց Արժանապատիւ Տէր Ասողիկ Քհնյ. Ժամկոչեան։
Յաջորդող օրերուն ՌԱԿ-ի Հայ Իրաւանց Խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը, Հայաստանի Համահայկական Հիմնադրամի գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հիմնադրամի ԱՄՆ-ի ողջ տարածքի նախագահուհի, ազգային եռանդուն գործիչ՝ Տիկ. Մարիա Միհրանեանին հետ յանձնելով գոյացած 65 հազար տոլարի գումարը։
Հիմնադրամի վաստակաշատ նախագահուհին մեծապէս գնահատեց Հ. Ի. Խորհուրդի աշխատանքները եւ ինչպէս հայութեան բոլոր կազմակերպութիւններ ՌԱԿ-ի պատասխանատուները միշտ թիկունք եղած են Հայաստանի Համահայկական Հիմնադրամի հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ։
Նոյն օրը, ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ, հանդիպում մը ունեցան ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Դեսպան Արմէն Բայբուրթեանի հետ։
Դոկտ. Բայբուրթեան ջերմ եւ սիրալիր խօսքերով գնահատեց ՌԱԿ-ի ղեկավարները հայրենիքի եւ Արցախի իրենց մշտատեւ զօրակցութեան եւ ծառայութեան համար։
Սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ Արցախի ճակատներուն վրայ տեղի ունեցած թուրք, ազերի եւ վարձկաններուն անմարդկային եւ խաղաղ բնակչութեան վրայ կատարած յարձակումներուն մասին։ Դոկտ. Բայբուրթեան գոհունակութեամբ յիշեց, որ Արցախի քաջարի բանակը ցարդ կրցած է բոլոր ոտնձգութիւններուն հակահարուած տալ եւ պաշտպանել Արցախի մեր հայրենիքը։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ