Ընկերային, տնտեսական, առողջապահական ծանր օրեր կ’ապրի լիբանանցին: Կը կաղայ Լիբանանը, դիմադրելով զանազան դժուարութիւններ, բայց կը մնայ լաւատես:
Յարատեւութեան փայլուն արտայայտութիւն մըն էր Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի շրջափակին մէջ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական նոր տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը:
Պսակաւոր ժահրին պատճառով (քորոնա) հանդիսութիւնը բացառապէս տեղի ունեցաւ առանց բազմութեան, սակայն ուղիղ հաղորդումով սփռուեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի դիմատետրի էջէն:
Սկաուտական շարժումէն միայն խմբապետական կազմը, երէցները, քառավելները՝ լրիւ կազմով, մնացեալ խումբերու առաջնորդները եւ փոխառաջնորդները, ինչպէս նաեւ փոխանցուելիք անդամները ներկայ գտնուեցան հանդիսութեան: Միութեան ջահը վառ պահելու, սկաուտական շարքերը նոր ծաղիկներով բեղմնաւորելու յանձնռութիւնը մնաց անփոփոխ:
Նախքան հանդիսութիւնը, տեղի ունեցան խմբային փոխանցումները:
Հանդիսութիւնը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով Արցախի պաշտպանութեան համար նահատակուած զինուորներուն յիշատակը: Ապա ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Արցախի խորհրդանիշ Մամիկի եւ Պապիկի խորհդապատկերին առջեւ: Հայաստանի, Լիբանանի, ՀԲԸՄ-ը, ՀԵԸ-ի քայլերգներէն ետք, տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը, AEL-ի, SDL-ի ներկայացուցիչներ:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան շնորհաւորեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ընդհանուր խմբապետը, խմբապետական բոլոր կազմերը, առաջնորդները եւ փոխառաջնորդները՝ սկաուտական շարժումին մէջ կատարուող հաւաքական եւ հետեւողական աշխատանքին համար: Ան յատկապէս գնահատեց անցնող տարիէն մինչեւ օրս՝ լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումէն ետք քանդուած բնակարանները եւ գլխաւոր փողոցները մաքրելու, սննդեղէն հայթայթելու, վերաշինութեան ծրագիրներուն մասնակցելու ՀԵԸ ԱնդրանիկԱնթիլիաս սկաուտական շարժումին գործունէութիւնը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց բոլորին:
Ապա խօսք առին SDL-ի ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Շրեմ: Ան բացատրեց տարուան խորհուրդը՝ Լուսաւորել սիրտերը: AEL-ի խօսքը յղեց ընդհանուր քոմիսէր Փէյրուզ Թիւթիւնճեանը:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ Եղիկ Աւետիքեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Միութեան ջահը միասնաբար բարձրացուցած, անոր բոցին ճառագայթներով յոյս ներշնչել շրջապատին, բոլոր միութենականներուն: Այդ ջահով պայքարիլ պսակաւոր ժահրին (քորոնա) եւ Արցախի վրայ յարձակող թուրք-ազերի թշնամիին դէմ, մեր քաջարի բանակին կողքին: Ան նաեւ յաջողութիւն մաղթեց պայմաններու բերումով երկրէն մեկնած բոլոր անդամ-անդամուհիներուն:
Երէցական փոխխմբապետ Սեւակ Հաճեքեան արաբերէնով արտասանեց սկաուտական շարժումին խօսքը:
Ապա տեղի ունեցան խմբապետական փոխանցումները.Նաթալի Տարաքճեան եւ Նարինէ Էլմայեան նշանակուեցան թիթեռներու փոխխմբապետուհի (նախապէս՝ քառավել): Նանոր Կարապետեան եւ Սելին Քեսմէեան՝ արենուշներու փոխխմբապետուհի(նախապէս՝ քառավել): Յովիկ Փօլաճեան՝ սկաուտական խմբապետ (նախապէս՝ փոխխմբապետ): Վաչէ Չելտըրեան, Զօհրապ Աբրահամեան եւ Աբրահամ Մըսըրլեան՝ սկաուտական փոխխմբապետ (նախապէս՝ երէց): Լիանա Մելքոնեան՝ քառավելներու խմբապետուհի (նախապէս՝ փոխխմբապետուհի):
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ յառաջիկայ տարուան համար յաջողութիւններու բարեմաղթանքներով:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ