Առնուազն 100 քոնկրեսականներ կոչ ըրին Քոնկրեսի ղեկավարութեան, որ անյապաղ գումարներ տրամադրէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումներուն թիրախ դարձող Արցախի մէջ ռումբերը վնասազերծելու եւ ականազերծման աշխատանքը ամբողջացնելու համար։
Դիմումը նախաձեռնութիւնն է քոնկրեսականներ Կաս Պիլիրաքիսի, Ճուտի Չուի, Ճիմ Քոսթայի, Թի․Ճէյ․ Քոքսի, Պիլ Ճանսընի, Ճան Քաթքոյի, Տեւըն Նունիէզի եւ Պրետ Շըրմընի։