Գանատայի Քեպէգ նահանգի Լաւալ քաղաքի Նոյեմբեր 4-ին կայացած քաղաքապետական խորհուրդի նիստի ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց յատուկ բանաձեւ, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը։ Բանաձեւի գլխադիր կէտով խորհուրդը կը ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հորիզոն»-էն։
Բանաձեւին մէջ կը դատապարտուի Արցախի դէմ ուղղուած թուրք-ատրպէյճնական ռազմական յարձակումը եւ կոչ կ՚ուղղուի Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան եւ Քեպէգ նահանգի կառավարութեան, որպէսզի սատարեն Արցախի հակամարտութեան գծով միջազգային մարդասիրական օրէնքներու գործադրման։