Դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտընին կը մնայ յաղթանակ տանիլ Նեւատայի նահանգին մէջ՝ քուէատուներու 6 ձայնով, որպէսզի շահի այս ընտրութիւնները: Այս կանխատեսումը ըրած է Fox News հեռուստաալիքը։ Հեռուստաալիքի վերջին տուեալներուն համաձայն, Պայտըն անհրաժեշտ 270-էն հաւաքած է քուէատուներու անդամներու 264 ձայն:
Ան ԱՄՆ-ի գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփէն ընտրողներու ձայներով առաջ անցած է Նեւատայի նահանգին մէջ, ուր կան յաղթանակի համար քուէատուներու անդամներու 6 անհրաժեշտ ձայները: Տուեալներու համաձայն, Պայտընի օգտին Նեւատայի մէջ քուէարկած է 588 հազար 252 մարդ (49,3 տոկոս), Թրամփի օգտին՝ 580 հազար 605 (48,7 տոկոս) եւ մինչեւ այս լուրին հրապարակումը այնտեղ հաշուած են ձայներու 75 տոկոսը: