Հրաչեայ Նէրսիսեան (24 Նոյեմբեր (6 Դեկտեմբեր) 1895, Իզմիթ, Թուրքիա
Պարտիզակ, Թուրքիա — 6 Նոյեմբեր 1961, Երեւան, ՀԽՍՀանրապետութիւն), Ֆիլմի եւ թատրոնի հայ անուանի դերասան, երկրորդ աստիճանի ստալինեան մրցանակի դափնեկիր (1941), ԽՍՀՄ ժողովրդական դերասան (1956)։
Հրաչեայ Ներսիսեանը ծնած է, Կոստանդնուպոլսոյ մօտիկ Նիկոմեդիա (ներկայիս՝ Իզմիթ) փոքրիկ քաղաքը։ Հայրը՝ Ներսէսը, փոքր ընտանիքի տէր արհեստաւոր մարդ, կը կարողանայ իր միակ որդուն ուսման տալ։ Հրաչեան կը սորվի ֆրանսական «Սեն-Պարպ» քոլէճը, ամերիկեան «Ռոպերդ Քոլէճը» եւ հայկական «Եսայեան վարժարանը», բայց ոչ մէկը չի հասցներ աւարտել։ Այս անկանոն կրթութիւնը ապագայ դերասանին կու տայ լեզուներու գիտակցութիւն, ֆրանսական եւ անգլիական հեղինակներու երկերը բնագրով կարդալու հնարաւորութիւն։
Արուեստասէր Գրիգոր պապի (մօրաքրոջ ամուսինին) տունը կ’ըլլար գրողներու ու արուեստի մարդիկ։ Շատ յաճախ՝ Դանիէլ Վարուժանը։ Պատանի Հրաչեան անոնց զրոյցներու մշտական ունկնդիրն էր։ Անոր կը վիճակուի լսել Կոմիտասին իրենց իսկ տունը, ուր ապրած էր մեծ երաժիշտը, ծանօթանալ անոր հետ։
1914-1918 Հրաչեան կը զինակոչուի իբրեւ թրքական բանակի թարգմանիչ, նոյն թուականի Ապրիլին ալ կը սկսի Մեծ եղեռնը։ Ծառայութեան շրջանին կ՛ուղարկուի արաբական երկիրներ, ուր ականատես կը դառնայ իր ազգակիցներու կոտորածներուն: Հրաչեան 1918-ին նորէն կը յայտնուի Կոստանդնուպոլիս։ Բնատուր լաւ ձայնի տէր, բնածին երաժշտական Հրաչեան կը յայտնուի Պենկլեան օփերետին մէջ իբրեւ երգչախումբի շարքային անդամ մը։ Նոյն թուականին Մկրտիչ Ջանանը կը կազմակերպէ հայ տրամատիկական ընկերութիւն եւ Հրաչեային կը հրաւիրէ իր նախաձեռնութեամբ։ 1919-էն սկսեալ գլխաւոր դերեր ստանձնած է բեմադրիչ եւ դերասան Մկրտիչ Ջանանի «Հայ դրամատիկ» թատերախումբին մէջ։ Ան կը խաղայ տարբեր ներկայացումներու մէջ, որ կը բեմադրեն Վահրամ Փափազեանի և Յովհաննէս Աբէլեանի ղեկավարութեամբ։ 1922-ին Վահրամ Փափազեանը Հրաչեային, Մկրտիչ Ջանանին եւ քանի մը այլ դերասաններու կը ղրկէ Կովկաս։ Որոշ ժամանակ մը անոնք կը շրջագային Բաթում եւ ուրիշ հայաշատ քաղաքներ, ապա առանց Հրաչեայի կը մեկնին Երեւան եւ կը միանան Առաջին պետթատրոնի կազմին։ Հրաչեայ Ներսիսեանը անոնց կը միանայ մէկ տարի ետք։
1923-ին ան մշտնջենաւորապէս կը դառնայ Երեւան քաղաքի բնակիչ, հայկական առաջին թատրոնի դերասան։
Առաջին տասնամեակին դերասանը մեծ յաջողութեամբ խաղցած է եւ՛ ողբերգական ու դրամատիկական, եւ՛ երգիծական ու ֆարսային դերեր, անձնաւորած է եւ՛ չար ու բարի, եւ՛ հերոսական ու սովորական կերպարներ։
Հայրենական պատերազմէն ալ իրարմէ շատ տարբեր դերեր վիճակուեցան Ներսիսեանին, թատրոնի եւ ֆիլմերու մէջ։ 1925-էն ի վեր, երբ հայկական առաջին ֆիլմի՝ «Նամուսի» մէջ խաղացած է Ռուստամի դերը, մինչեւ կեանքի վերջը:1961-ին «Տժվժիկ» ֆիլմում խաղացած է Ներսէս աղբարի դերը: Յետպատերազմեան տարիներուն ալ անոր խաղացանկը եղաւ շատ բազմազան։
1961-ին Մեք-Գրիգորի («Իմ սիրտը լեռներում է») կերպարանքով ըսաւ իր վերջին խօսքը եւ հրաժեշտ տուաւ կեանքին ու արուեստին։