Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը երէկ գումարած իր հերթական ժողովին ընթացքին խստօրէն դատապարտեց թուրք-ազերիական թշնամի կողմի նամանաւանդ վերջին օրերուն կիրառած պատերազմական միջոցները, որուն ընթացքին ան գործածութեան դրած է միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքեր եւ զանգուածային բնաջնջման զինամիջոցներ ինչպէս «սպիտակ ֆոսֆոր»ը:
Մարդկային ո՛չ մէկ արժանիք ունեցող թշնամի կողմը իր կիրառած միջոցներով, ո՛չ միայն իր ցեղասպան մտադրութիւնը կը փորձէ յառաջ քշել, այլ շրջանցելով նաեւ ցեղասպանութիւնը, Արցախի մայր բնութիւնը կը փորձէ բնաջնջել: Կատարուածը բառին բուն իմաստով ecocide է: Գեղատեսիլ կոյս անտարներ եւ տեսակաւոր կենդանական աշխարհ օր ցերեկով կը բնաջնջուի, որուն հանդէպ միջազգային ընտանիքը տակաւին կը զլանայ իր ազդեցիկ միջամտութիւնը: Ազերիական կողմը իր բարբարոս մշակոյթով հրոյ ճարակ կը դարձնէ աշխարհագրական նոյնինքն այն տարածքը, որ իրը ըլլալը՝ «պիզիմ տըր» կը յորջորջէ:..
Հիմնուելով վերոյիշեալին եւ ընդհանրապէս աւելի քան ամիսէ մը ի վեր շարունակուող թուրք-ազերիական կողմին Հայ ժողովուրդին դէմ շղթայազերծած պատերազմին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը հաստատակամ է, որ ինչպէս միշտ, յառաջիկայ օրերուն ալ աւելի եւս պիտի բարձրաձայնէ Արցախի մէջ կատարուածը ի լուր ականջախուլ աշխարհին:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան