Պէյրութ, 3 Նոյեմբեր 2020
Ազնուափայլ
Ընկհ. Յասմիկ Պապահէքեան և Ընտանիք,
Խոր վիշտով կը միանանք Ձեզի, հրաժեշտ տալու մեր բոլորին սիրելի, Ձեր ազնուահոգի կողակիցին,օրինակելի հօր եւ մեծ հօր, պատասխանատու ղեկավարին, տիպար ու խոնարհ հայորդիին ընկ. Կարապետ Պապահէքեանի, որ յաւիտենապէս բաժնուեցաւ այս աշխարհէն, բարի յիշատակներ ձգելով իր հարազատներուն, գաղափարի ընկերներուն եւ բարեկամներուն:
Ընկ. Կարապետին թողած դրոշմը ազգային, կրթական եւ հասարակական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր հոգատարութիւնն ու երկարամեայ նեցուկը ազգային կառոյցներու ընդհանրապէս, եւ յատկապէս Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի անքակտելի պիտի մնայ վարժարանիս պատմութեան յուշամատեանին մէջ: Մեր սիրելի ընկերոջ դերը հայ ազգային մեր արժէքներու պահպանումին մէջ անուրանալի է: Ի մասնաւորի իր կատարած դերը մեծարժէք է մեր բոլորին համար, որովհետեւ հաւատալով հայ վարժարանի սրբազան առաքելութեան հայակերտման եւ մարդակերտման աշխատանքին, ազգանուէր ու անձնուէր ոգիով միշտ ալ իր զօրակցութիւնը յայտնած է մեր վարժարանին եւ հեռատես, անկեղծ, պարկեշտ, պարտականութեան գիտակից, հաւատարիմ, սկզբունքային ու հանդուրժող նկարագրով միշտ ալ ծառայած է հայ նոր սերունդի դաստիարակութեան:
Այս տխուր առիթով, Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը, ծնողաց յանձնախումբը և ողջ աշակերտութիւնը, իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը փոխանցեն Ձեզի եւ բոլոր հարազատներուն, խոստանալով յաւերժ վառ պահել Ընկ. Կարապետի յիշատակը:
Անհուն մխիթարութիւն Ձեզի եւ բիւր յարգանք ու յաւերժական հանգիստ մեր սիրելի ընկերոջ:
Խոր վշտակցութեամբ՝
Կալինա Շեմեմեան Նաճարեան Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան
Տնօրէնուհի Հոգաբարձութեան Ատենապետ