Թրքական պետական հեռուստաընկերութիւնը, ուղիղ եթերով ներկայացնելով պատերազմական վերջին զարգացումները Արցախի մէջ, աղմկայարոյց վրիպում մը ըրած է՝ շեղելով թուրք-ազրպէյճանական քարոզչական կեղծիքէն։ Թրքագէտ Վարուժան Գեղամեանը նկատած եւ հասարակական ցանցի վրայ կիսուած է այդ տեսագրութենէն վերցուած լուսանկարով։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Նիւթը ներկայացնելու ժամանակ պաստառին յայտնուած գլխագիրին մէջ թրքերէն նշուած է. «Ազրպէյճանը կը յարձակի քաղաքացիական անձերու վրայ»/Azerbaycan sivillere saldırıyor/։
Նշեալ դրուագը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է թրքական մամուլին եւ հասարակական լրատուադաշտին մէջ։ Հասարակական կայքերու մէջ թուրք օգտատէրերը նոյնպէս իրենց վրդովմունքը յայտնած են՝ այս դիպուածը համարելով խայտառակութիւն։ Դէպքին առնչութեամբ թուրք օգտատէրերը յիշած են նաեւ պետական հեռուստաընկերութեան կողմէ նախապէս եւս պատահած նմանատիպ «սխալները»։
Այսպիսով, թրքական պետական հեռուստաընկերութիւնը արցախեան պատերազմի այս ողջ ընթացքին առաջին անգամ, թէկուզ պատահաբար, ներկայացուց ճշմարտութիւնը, որ խիստ վրդովեցուց թուրք հասարակութինը։