Ոչ անպայմանօրէն անակնկալ քայլով մը Միացեալ Նահանգներ ֆինանսական եւ տնտեսական պատիժներ սահմանեց Լիբանանի Արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան նախագահ՝ Ժըպրան Պասիլին դէմ։ Պատիժը գրանցուեցաւ «Մակնէսքի» պատժամիջոցներու ընդհանուր խորագրին տակ, որ բաւական ծանրակշիռ է եւ կրնայ անդամալուծել Պասիլի ֆինանսական ամէն գործարքներն ու անձնական ունեցուածքը:
Պատիժը վարչական տնօրինումներէ անդին կը թուի, որ ունի քաղաքական իր «պատգամ»ները մանաւանդ, որ անոր նախորդած էր միեւնոյն քաղաքական ճակատի այլ անձնաւորութիւններու դէմ ալ պատժամիջոցներ: Պասիլ կ՛ամբաստանուի փտածութեամբ, պաշտօնի չարաշահումներով, ինչպէս նաեւ կասկածելի գործարքներով։
Պատիժը բաւականին կը խոչընդոտէ Պասիլի ապագայի ծրագիրները, մանաւանդ
յառաջիկային կայացուելիք նախագահական ընտրութիւններու գլխաւոր թեկնածու ներկայանալու իր երազանքները:
Ինչ կը վերաբերի Պասիլի կեցուածքին, ան պատիժներու մասին յայտարարութիւնէն անմիջապէս ետք ըսաւ, թէ այս պատիժները եղած են, որովհետեւ ինք «Հըզպալլա»ի դաշնակիցն ու բարեկամն է։