Տիմիթրի Պաքրաձէ (7 Նոյեմբեր, 1826, Խաշմի, Թելաւի գաւառ, Վրաստանի նահանգ, Ռուսական կայսրութիւն (այժմ՝ Սակարեճոյի շրջան, Կախեթի մարզ, Վրաստան) — 22 Փետրուար, 1890, Թիֆլիս, Ռուսական կայսրութիւն), վրացի եւ ռուս պատմաբան, հնագէտ, էթնոգրաֆ, Սանկտ Պետերբուրգի գիտութիւններու ակադեմիոյ թղթակից անդամ(1879 թուականին)։
Տիմիդրի Պաքրաձէն ծնած է 1826 հոկտեմբեր 26-ին (նոյեմբեր 7-ին) Խաշմի գիւղին մէջ, հոգեւորական ընտանիքի մէջ:
1851-ին կ’աւարտէ Մոսկուայի հոգեւոր ակադեմիոյ:
1861 թուականէն կ’աշխատի Ռուսական աշխարհագրական միութեան Կազանի բաժանմունքին մէջ։ Կը մասնակցի Կովկասի՝ Ռուսական կայսրութեան միանալուն վերաբերող փաստաթղթերու հրապարակմանը (հրատարակութիւնն կ’իրականացուի Կովկասի հնագրագիտական յանձնաժողովի կողմէն 1873-1875 թուականներուն): 1874 թուականին կ’առաջարկէ կազմակերպել Կովկասի հնագիտութեամբ հետաքրքրուողներու միութիւն:
Տիմիդրի Պաքրաձէի աշխատութիւններու շարքին մէջ կ’առանձնանան վրացերէն հրատարակուած «Վրաստանի պատմութիւն» (1889), «Վրաստանն ու վրացիները» (1854), ինչպէս նաեւ ռուսերէն հրատարակուած «Կովկասը քրիստոնէական հանգոյն յուշարձաններուն մէջ» (1875), «Հնագիտական ճանապարհորդութիւն Վրաստանի ու Աճարիոյ մէջ» (1878), «Յօդուածներ Վրաստանի պատմութեան ու հնութիւններու մասին» (1887):
Տիմիդրի Պաքրաձէի նախաձեռնութեամբ Թիֆլիսի մէջ՝ Սիոնի եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ, կը կազմակերպուի «հնապահոց» (թանգարան):
Տիմիդրի Պաքրաձէն կը մահանայ 1890 փետրուար 10-ին (22-ին) Թիֆլիսի մէջ: