Մի քանի օրեր առաջ «զարգացած» հայու մը թիրախը դարձայ՝ արեւմտահայերէն խօսելուս պատճառով: Պարզուեցաւ որ արեւմտահայերէնը շփոթած է Արցախի բարբառին հետ:
Ջղագրգռուած մօտեցաւ եւ հաշիւ պահանջեց թէ ինչո՞ւ համար այստեղ եմ. «Արցախ պատերազմ է դուն ինչո՞ւ համար այստեղ ես…»: Առանց լիբանանցի ըլլալս յայտնելու հարցին պատասխանեցի հարցով. «եթէ երկիրը պատերազմ է ու այսքան մտահոգ ես դո՞ւն ինչու համար այստեղ ես»:
Սակայն այս խօսակցութիւնը երկրի պատերազմական վիճակին հետ ո՛չ մէկ առնչութիւն ունէր. հարցը պարզապէս ԱՐՑԱԽՑԻի եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻի անիմաստ ու փուճ հարցն էր:
Պատերազմի առաջին օրերուն մամուլի մէջ կար այն արտայայտութիւնը, որ զոհուածները Արցախցի են… եւ կամ զոհուածները հայաստանցիներ են: Իսկ հարց. Ի՞ՆՉ Է ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ…
Ազերիին եւ Թուրքին մղած պատերազմը ՀԱՅ ժողովուրդին դէմ է եւ այդտեղ չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ Արցախցիի, Հայաստանցիի, Հանրապետականի, Դաշնակցականի եւ այլ բաժանմունքներու, կուսակցութիւններու կամ յարանուանութեանց տարբերութիւններ:
Պարզապէս կը ցաւիմ, որ այս օրերուն, տակաւին, նման սին նիւթեր ու կռիւներ ծնունդ կ’առնեն մեր հայ ժողովուրդին մէջ: Արցախն ու Հայաստանը իրար հետ մարմնի մը ամբողջութիւնն են: Երբ ոտքդ ցաւի, այդ ցաւին ազդեցութիւնը կը զգաս նաեւ սրտիդ, հոգիիդ, ուղեղիդ եւ բոլոր զգայարանքներուդ մէջ: Նոյնն է նաեւ Արցախի ցաւը, որովհետեւ Արցախի ցաւը անտարակուսելի օրէն Հայաստանին եւ հայուն ցաւն է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ