2009-ին, գաղութիս Հ.Բ.Ը.Մ.-ի բարձր հովանաւորութեամբ, նշուեցաւ խարբերդ ծնած միութե-նականի մը 65 տարիներու ե՛ւ թատերական, ե՛ւ ազգային-հասարակական գործունէութեան նուիրուած յոբելենական հրապարակային հանդիսութիւն մը:
Այդ օր, պատշաճօրէն եւ արդար, նաեւ նշուեցաւ նուիրեալ յոբելեարի զոհաբերող ոգին, վեր առնուեցաւ անոր անխոնջ աշխատասիրութիւնը եւ յատկապէս շեշտուեցաւ գաղութիս, նախապէս «Արտաւազդ», իսկ ներկայիս «Սաթամեան» թատերախումբի յաջողութիւններն ու նոր ծրագրումները, որոնք՝ շնորհիւ այս հայուն տեսիլքին եւ աշխատանքի կորովին ու կիրքին ու նաեւ անսակարկ սրամիտ եւ սակայն խանդավառող ոգիին, տարիներու ընթացքին ձեռք ձգուած էին:
Մէկ խօսքով, հրապարակուեցաւ սոյն հայուն նոյնքան դրական աստուածատուր շնորհները , հայ մշակոյթի անբաժան մասնիկը եղող՝ հայ թատրոնի նկատմամբ, մեղրահամ բնաւորու-թեամբ եւ բացառիկ կազմակերպչական ձիրքերով օժտուած, օրինակելի, պարտաճանաչ ու անխոնջ աշխատանքով իր ցուցաբերած գուրգուրանքն ու անհուն սէրը: Ու իբրեւ ազգասէր եւ ազնիւ հայորդի, նոյն ձեռնարկին ան պարգեւատրուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահական բարձրագոյն շքանշանով, ու բացի նահանգային ծերակուտականներու գնահատագրերէն, իր ազնուափայլ կողակից տիկնոջ՝ հանրածանօթ երգչուհի Ժանէթ Գույումճեանի հետ միատեղ, ան նաեւ ստացաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետէն՝ «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքնաշանը:
Սակայն ո՞վ էր այս մարդը, որուն մահուան տխուր առիթով նման երկա~ր նախաբանով մը կ’արձանագրեմ յարգանքի ու սրտի խօսքերս:
Պարզեմ.- Հանգուցեալը՝ Խարբերդ ծնած, մեծ եղեռն «համտեսած» եւ ապա Պէյրութ մեծցած, եւ հոն ընտանեկան բոյն կազմած եւ պայմաններու բերումով բոլորին նման Միացեալ Նահանգ-ներու Փասատինա քաղաքը հաստատուած՝ Սամուէլ Իլանճեանն է: Բոլորին ծանօթ մեր «Սամուկը», որ օրեր առաջ, իր մահկանացուն կնքած էր, սուգի մատնելով իր կողակիցը, զաւակներն ու թոռները եւ բոլոր հարազատները, ինչպէս նաեւ իր պատկանած միութենա-կաններն ու յատկապէս իր սրտին եւ հոգիին շատ մօտիկ պահուած՝ «Սաթամեան» թատերախումբի մեծ ընտանիքը:
Հաստատապէս ան, բոլորէս եւ բոլորէն փնտռուած անձն մըն էր: Բոլորիս եւ բոլորին՝ հարա-զատ մեծ հոգատար հայ մը: Բոլորիս եւ բոլորին՝ գործակից միութենական մը: Պարկեշտ ամուսին եւ գթասիրտ հայր ու մեծ հայր: Միշտ շեշտած եմ, ըսելով, թէ «մենք հայերս, մեր մեռելները մեզի հետ ապրեցնող ազգ մըն ենք, եւ մեր մեռելներուն սուգը մեր կեանքի արեւն ալ է»: Ահա օրինակը:
Այս բոլորը կ’ըսեմ ամէնէն անկեղծութեամբ եւ հարազատօրէն, որովհետեւ չորս տասնամ-եակներ առաջ, երբ ընտանիքովս Տիթրոյիթէն Կլէնտէյլ կը հաստատուէի, թատերական ելոյթի մը ընթացքին առաջին իսկ պատեհ պահուն, նախ իրեն ծանօթացայ: Այդ վայրկեանին, անձ-նապէս բախտը ունեցայ զինք աւելի մօտիկէն ճանչնալու: Ու անկէ ետք յաճախ եւ տարբեր առիթներով, միասին բաժնեցինք զանազան մտածումներ: Նոյն սեղանին շուրջ զրուցակից-ներ դարձանք: Անկեղծօրէն կիսուեցանք վիշտ, ցաւ եւ մտահոգութիւն ու ինչու չէ նաեւ խնդութիւն, ժպիտ, կեանք ու ծրագրում հաւասարապէս եւ պարկեշտօրէն: Ու այս ձեւով, բարի, հաւատարիմ եւ համեստ իր ներկայութիւնը վայելեցի արդարօրէն:
Թէեւ փոքրահասակ էր, սակայն մեծ էր նկարագրով եւ տարիքով: Լուրջ եւ զգայուն մարդ:
Ու ինչ մեղքս պահեմ, այս օրերուն քիչ մը ծանր պայքարեցայ այս հայրենակիցիս հին օրերու գեղեցիկ յուշերու թարմացումները ապրելու: Փորձեցի գնահատել եւ արժեւորել իր կեանքը, որ միաժամանակ ազգային հաւաքական ապրում ալ էր: Բոլորն ալ կը սիրէին զինք իր հեզաբարոյ նկարագրով եւ անուշ ժպիտով միատեղ: Անոնք, որոնք մօտէն ճանչցած էին իր խորունկ հոգին, անպայման պիտի հաստատէին այս տողերը: Մէկ խօսքով բարութեան եւ նոյնքան ալ բարի կամեցողութեան մարմնացում:
Մարդիկ կան, որոնք իրենց ապրած շրջանակէն ներս միութենական կամ այլ, տարիներու վրայ երկարող իրենց գործունէութեան ընթացքին, իրենց անսակարկ ճիգով եւ աշխատանքով, խղճի օրինակով եւ կամքի քրտինքով այդ անմիջական մեծ ու փոքր, նեղ կամ լայնատարած շրջապատի պատմութեան էջերուն՝ կ’արձանագրեն յստակ եւ ազնիւ տողեր: Իրենց կնիքը կը ձգեն լուռ եւ անձայն: Առանց թմբուկի եւ բացականչութիւններու: Այսպէս ալ կը յիշատակուին երկար ժամանակ: Ահա անոնցմէ օրինակ մը՝ Սամուէլ Իլանճեան անունով խարբերդցին, որուն մօտ աշխատանքի եռանդին խառնուած ժպիտը, բնածին արժէք էր: Այլ խօսքով՝ հպարտութիւն առթող ներկայութիւն, որուն՝ հայ մշակոյթի վերելքին եւ բարգաւաճման ի խնդիր պաշտամունքի հասնող տարած ճիգերն ու նուիրումը, վճռորոշ դերեր խաղցած էին ազգային մեր կեանքէն ներս: Ահա եւ իր արդար դերը՝ «Սաթամեան» թատերախումբի վերելքի կեանքին:
Ինծի համար Սամուէլ Իլանճեան կը մարմնաւորէ համեստ ու նուիրուած տիպար ու մաքուր նկարագրով հայրենակիցիս կեանքը, որ հարուստ էր ծառայասիրութեամբ, իմաստաւորուած աշխատանքով եւ անհատնում նուիրաբերութեամբ եւ որ բոլորիս համար դարձած էր իբրեւ տիպար միութենականի մը անբիծ եւ մաքուր օրինակը:
Ինքն էր, որ տարիներով եւ օրինակելի գնահատեց ճիշդն ու ճշմարիտը: Ներքնապէս ուրախացած իր ապրած գաղութի եւ նոյնքան ալ հայրենիքի արձանագրած նուաճումներով: Դարձեալ լուռ եւ զուսպ քննադատած՝ վատն ու սխալը: Մէկ խօսքով բոլորին համար բացառիկ հայ մը, անտրտունջ աշխատանքի նուիրումով միութենական մը, որ պարկեշտ ե՛ւ նուիրեալ ե՛ւ յանձնառու՝ ծառայեց անխոնջ իր սիրած եւ պաշտած թատերախումբին, միաժամանակ ծառայելով նաեւ հայ մշակոյթին: Ազգովին մեր մեծ ու փոքր սուգերը, մեզի կը մղեն մտածելու շատ մը «բաներու» մասին մանաւանդ՝ մեր գուրգուրալի արժէքներուն:
Անոր համար կը հաւատամ, որ մենք բոլոր սգակիրներս, երկար տարիներ իր անուշ յիշատակը պիտի ապրինք մեր մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Արդ, այս առթիւ համեստօրէն մտքիս խորերէն յանկարծ ինքնածին, կը ծագի մեծ հարցում մը.- Գրած այս տողերովս կամ արտայայտութիւններովս, արդեօ՞ք կարողացայ արդարացնել հանգուցեալ երէց հայրենակիցիս հայու ոգիի հաւատքին եւ հոգեկան մեծութեան հանդէպ ունեցած յարգանքս…: Անպայման:
Ուստի, իբրեւ սգակիր, իմ կարգիս՝ ափ մը խունկ եւ ծունկ մը աղօթք իմ կողմէ, իբրեւ երախտապարտ զգացումներուս արդար տուրք:
Բիւր յարգանք իր յիշատակին: