Շաբաթ, 8 Փետրվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Քանի՞ Արժեց…

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Պատերազմի առաջին օրերուն մամուլը հրապարակեց լուր մը՝ հետեւեալ խորագրով. «Ազգային Անվտանգութիւնը նախկին բարձրաստիճան զինուորականի պետական դաւաճանութեան դէպք է բացայայտել»:

Եւ հիմա ամիս մը ետք արդէն նոյնն հարցն է որ զիս կը տանջէ… 18 տարեկան Գագիկին, 19 տարեկան Ռաֆայէլին, Թաթուլին, Հայկին, Արմէնին եւ բազմաթիւ ուրիշներու հոգիները քանի՞ արժեցին…: Արդեօք քանի՞ ամերիկեանի դիմաց ծախուեցան անոնց կեանքերը:

Պատմութեան ընթացքին մի՛շտ ալ դաւաճաններ եղած են եւ տակաւին կը շարունակեն ըլլալ: Այսպէս.-

1913 թուականին Հնչակեան Կուսակցութիւնը Ռումանիոյ մէջ կը գումարէ իր 7րդ համագումարը, որու ընթացքին կ’որոշուի ահաբեկել իթթիհատական կուսակցութեան ղեկավարները, ովքեր կազմակերպած էին 1909-ի Ատանայի ջարդերը: Արշաւիր Եասեան այդ մասին կը յայտնէ թրքական իշխանութիւններուն, որու հետեւանքով 20 հնչակեան ղեկավարներ կը դատապարտուին կախաղանի: 1920ին Արշակ Եզտանեան Կ. Պոլսոյ մէջ կը սատկեցնէ դաւաճանը:

Կ’ըսենք թէ 1915-ի ապրիլի երեկոյեան բոլոր հայ մտաւորականները ձերբակալուեցան. Իսկ ուրկէ՞ բոլոր հայ մտաւորականներու ցուցակը թուրք իշխանութեան… Վահէ Իհսան պատրաստելով բոլոր հայ մտաւորականներու ցուցակը փոխանցած էր Թուրք պետութեան եւ այդ ցանկին հիման վրայ ձերբակալեցին բոլոր հայ մտաւորականները, աքսորեցին եւ գազանաբար խոշտանգեցին: 27 Մարտ 1920ին Արշաւիր Շիրակեան Կ. Պոլսոյ մէջ կը սատկեցնէ դաւաճանը:

Յարութիւն Մկրտիչեան նոյնպէս կը պատրաստէ 250 մտաւորականներու ցուցակ եւ կը յանձնէ Թուրքերուն, որոնց մէջ է նաեւ Կոմիտասի անունը: 1919ին Սողոմոն Թեհլիրեան Կ. Պոլսոյ մէջ կը սատկեցնէ դաւաճանը:

Ես այսպէս շարունակ պիտի ըլլան դաւաճաններ, որոնք դրամի սիրոյն թուրքին պիտի յանձնեն մեր երիտասարդներու կեանքը, ազգի ապագան ու իրեն պատիւը՝ ի սէր փառասիրութեան ու աթոռի: Սակայն այդպիսիներ ինչպէս անցեալին՝ այսօր եւս պիտի յանձնուին մահուան ու պատմութեան էջերուն վրայ առյաւէտ յիշուին որպէս դաւաճան ու նուաստ մարդիկ:

Եւ վերջապէս, այսպիսի հազարաւոր մատնիչներէ ետք տակաւին հայ ազգը յամառօրէն կը գոյատեւէ: Յուդայի նման (30 արծաթի համար – Խմբ.) թող մեզ մատնեն, յանձնեն խաչին… մենք դարձեալ յարութիւն առնել գիտենք!!!

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img