Մինչ Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ խնդիրներ ինչ կը վերաբերի քորոնաժահրի անզսպելի տարածումին եւ կը քննարկուի երկիրը շուտով ամբողջութեամբ արգելափակելու որոշում մը, Ազգային հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժպրան Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին բուռն կերպով յարձակեցաւ իր մասին առնուած որոշումին մասին եւ ինքնապաշտպանութեան իր խօսքին մէջ ամբաստանեց շատեր, ինքզինք անմեղ հռչակելով եղածին մէջ:
Սկսող շաբաթը յղի պիտի ըլլայ լուրջ խնդիրներով, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ է կառավարութեան կազմութեան պարագան, որ ըստ Պասիլի նաեւ կրնայ խոչընդոտիլ իր դէմ գործադրուած պատժամիջոցներուն պատճառով: Ան յայտարարեց, որ կարելի չէ իր գլխաւորած կուսակցութեան նման կուսակցութիւն մը մեկուսացնել նման որոշումներով: