Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Հայրենի Յուշեր (1)

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

1964-65 դպրոցական տարեշրջանին,– որ է ուսուցչական  եօթնամեայ ասպարէզիս վերջինը,– միաժամանակ  կը դասաւանդէի Մեսրոպեան եւ Սոֆիա Յակոբեան  վարժարաններուն մէջ,  երբ  յունիսի սկիզբները  հայրենի (Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային – խմբ.) Կապի կոմիտէութեան կողմէ հրաւէր ստացայ մէկուկէս ամիսով Հայաստան այցելելու՝ «Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերորակաւորման դասընթացք»-ի ծիրէն ներս:       

            Այցելութիւնը պիտի սկսէր յուլիսին ու աւարտէր օգոստոսի կէսին:

            Առ այս հրաւիրեալներուն թիւը ամբողջ սփիւռքէն կը հասնէր 45-ի:

            Որքան ալ այս այցելութիւնները բաւական սովորական դարձած ըլլային Հրաչեայ Քոչարի՝ 1961-ին Լիբանան գալուստով,– եւ  ահա չորրորդ տարին ըլլալով   տեղի ունենային անոնք կանոնաւոր յաճախականութեամբ,– այսուհանդերձ անսովոր բախտաւորութիւն մը կը նկատէի զայն, որով մեծապէս շոյուած ու լիացած կը զգայի ինքզինքս, մանաւանդ որ այդ այցելութիւնը առիթ պիտի տար ինծի տեսնելու  եղբայրս, որ 1946-ին փախստական անցած էր Հայաստան՝ անսփոփելի վիշտ պատճառելով ծնողքիս, որոնք  մեռան՝ առանց տեսնելու զինք, իսկ ես զրկուեցայ մեծ եղբօր մը  հոգեթով շուքէն ու  հովանաւորութենէն: Նոյնհետայն պիտի տեսնէի նաեւ մօրաքոյրս եւ հօրաքոյրս, որոնք նմանապէս  հայրենադարձուած էին այդ նոյն տարին, եւ բոլորն ալ հաստատուած էին այն ատեն՝ Կիրովական, ներկայիս՝ Վանաձոր   քաղաքը:

            Պիտի տեսնէի մանաւանդ Արտաշէս աշխարհակալի, Տիգրան մեծի, Արշակ Բ.-ի, Դրաստամատի  ու  Մեսրոպի աւանդ ձգած հողը կամ ինչ որ կը մնար անկէ:

            Ուրեմն անցագրային (pass-port) ու այցագրային (visa) այլազան ձեւակերպումներու ծիրէն ներս հարկ եղաւ քանի մը անգամ հանդիպիլ Խորհրդային դեսպանատուն, ուր  ազերի գլխաւոր դեսպանին կողքին  իբրեւ «Հայկական գործերու կցորդ» կը գտնուէր  պատուական հայ երիտասարդ մը՝ Նորայր Աւետեանը, որ երեսունը անց  պարթեւահասակ, գեղադէմ,  շատ կիրթ ու տպաւորիչ անձնաւորութիւն  մըն էր, որ պատիւ կը բերէր մեր համայնքին՝ նախ զինք ընտրողներուն ու առաքողներուն, ապա հայութեան՝ յաչս մեր տեղացի հայրենակիցներուն:

            Մինչեւ հիմա ալ չեմ գիտցած, թէ  ինչո՛ւ ամէն երթալուս՝ ան գործս կ’աւարտէր, ապա միջոցը կը գտնէր կարճ  արձակուրդ մը առնելու եւ դեսպանատան փոքրիկ պարտէզին մէջ զրուցելու հետս:  Ռուս կին մը կը սպասարկէր մեզի, եւ շատ կը զարմանայի, երբ ամէն անգամ  թէ՛  պաղպաղակ եւ թէ՛ լիմոնադ կը հրամցնէր, մինչ ես  կը տրամաբանէի, որ ասոնցմէ մէկը պէտք է լայնօրէն բաւէր…:

            Եղաւ պահ մը, ուր մտքէս անցաւ, թէ Աւետեան ինչ-որ՝ գաղութին ու անոր բաղկացուցիչ տարրերուն մասին  գաղտնիքներ  կ’ուզէր կորզել ինձմէ, սակայն ըստ կարելւոյս վերլուծելով զինք հետաքրքրող հարցերը կամ ուղղած հարցումները, կ’եզրակացնէի, թէ նման բան բացարձակապէս չկար, այլ բոլորովին սովորական նիւթերու շուրջ է որ կը դառնային մեր զրոյցները:

            Դեսպանատուն այցելութիւններէս վերջինին էր, երբ այնտեղ տեսայ հանրածանօթ ուսուցիչ, գրագէտ եւ «Բագին»-ի խմբագիր Եդուարդ Պոյաճեանը… Բայց ես պէտք է տասնհինգ տարի ետ երթամ՝ հասնելու համար 1950-ի  հոկտեմբերը, այսինքն՝ նախակրթարանի չորրորդ տարուանս վերամուտը  Աբգարեանի մէջ:

                                                               *    *    *


Եդուարդ Պոյաճեան

            Այն տարի քիչ մը ուշ դպրոց արձանագրուեցայ և երբ դասարան մտայ, տեսայ   ալեխառն ու ցրիւ մազերով ուսուցիչ մը,– «չորացած մի տղամարդ, երևի բանաստեղծ կը լինի, բայց աւելի շուտ նման է ցամաք ընկած ծովահէնի, որ երազում է  հեռաւոր  ծովերի ասպատակութիւնները…»,– այսպէս նկարագրած  է Ա. Ծառուկեան անոր  կերպարը («Մեծերը և միւսները», էջ 263),–  որ հանգիստ նստած էր դասարանին կեդրոնը, աշակերտական գրասեղանի մը աթոռի յենարանին  վրայ, նայուածքը ուղղած գրատախտակին, որուն առջև դասընկեր մը բաներ մը կը գրէր: Ան ոչ մէկ ուշադրութիւն դարձուց  վրաս և ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց նորեկիս հանդէպ:     

         Այլ ռնգային շեշտուած ու շատ անախորժ

         Եդուարդ Պոյաճեան

արտասանութեամբ մը,– ուր դժուար էր զանազանել, թէ ձայնը բերնէ՞ն դուրս կու գար, թէ՞ քիթէն,– հարցաքննուող աշակերտին դիմեց դաժանագոյն շեշտով.

         –Ո՞րն է այս նախադասութեան սեռի խնդիրը

         Հաւանաբար Եհովան այս նոյն շեշտով հարցուց Կայէնին. «Ո՞ւր է եղբայրդ»…        

         Ակնթարթի մը մէջ աշխարհը  փուլ եկաւ գլխուս, և անբացատրելի սոսկում մը պատեց էութիւնս  ի լուր  այդ «սեռի խնդիր» կոչեցեալին, որ առաջին անգամ կը լսէի կեանքիս մէջ և բացարձակապէս ոչինչ կ’ըսէր ինծի: Առաջին մտածումս եղաւ, թէ ընկերներս որքա՜ն պէտք է յառաջդիմած ըլլային, որպէսզի նման «գիտելիքի» տիրապետէին և հիմա ալ հարցաքննուէին, և ուրեմն որքա՜ն ետ մնացած պէտք է ըլլայի ես և ինչպէ՞ս պիտի կարենայի յաղթահարել այդ բացը…Ասոնք բոլորը կայծակի արագութեամբ անցան մտքէս՝ մթագնելով գիտակցութիւնս, խորապէս ընկճելով զիս, և անհուն ատելութեամբ մը լեցուեցայ այդ կացութեան խորհրդանիշը հանդիսացող «սեռի խնդիրի»-ին հանդէպ: Կը կարծէի, որ եթէ կարենամ ըմբռնել զայն, բոլոր դժուարութիւններս պիտի փարատէին, և ես պիտի կարենայի վերադառնալ իմ դպրոցական սովորական  ու  հեզասահ առօրեայիս:    

         Եւ ահա դէմս ունէի ուսուցիչ մը, որ վայրագօրէն թումբ կը կանգնէր անոր:

         Այդ ուսուցիչը Եդուարդ Պոյաճեանն էր:

                                                                        *   *   *

         Չեմ յիշեր, թէ ի՛նչ բերին հետագայ օրերը, սակայն սա՛ ևս չեմ յիշեր, թէ տարին իր հետ աւարտած ըլլամ, քանի որ բացարձակապէս ոչ մէկ ուրիշ յիշատակ պահած եմ իրմէ ու չորրորդ դասարանի հայոց լեզուի ուսուցումէն ընդհանրապէս:

         Այնուհետև ճիշդ տասնմէկ տարի ետք  հանդիպեցայ իրեն այլ դպրոցի մը մէջ, բայց այս անգամ իբրև իր պաշտօնակիցը. ինք   հայոց լեզու կը դասաւանդէր Brevet-ի կարգերուն,  իսկ ես ուսողութիւն եւ ֆրանսերէն պիտի դասաւանդէի  անոնց:   Պատմեցի իրեն մեր առաջին հանդիպումի տագնապներուս և հոգեկան ահաբեկումիս  մասին:  Նոյն շուարած  ու վերացած դէմքով եւ  անորոշ նայուածքով  կը փորձէր խուզարկել ներաշխարհին խորերը. զո՜ւր փորձեր, որովհետեւ ոչինչ յիշեց:                  

         Իսկ  ես շատ  պիտի զարմանայի… եթէ յիշէր:

         Դպրոցը ս. Նշանն էր, ուր այնուհետեւ միասին պաշտօնավարեցինք երեք տարի, մինչեւ որ  չորրորդի նախօրեակին որոշուեցաւ, որ միջնակարգը առժամաբար պիտի փակուի, եւ մենք դուրս եկանք  անկէ,  ու  այնուհետեւ կորսնցուցի իր հետքը, բայց ինք չկորսնցուց իմս, եւ ահա տարի մը ետք,  այս հանդիպումը…խորհրդային դեսպանատան մէջ:

         Երկուքս ալ անակնկալի եկանք, երբ   պարզուեցաւ, որ հաւասարապէս   հրաւիրուած ենք եւ, ուրեմն, պիտի միասին ճամբորդէինք:

         Ես արդէն նաւու տոմսս գներ էի, երբ Պոյաճեան խնդրեց,  որ իրեն ցոյց տամ ընկերութեան տեղը, ուստի միասին գացինք ճամբորդական գրասենեակ:  Մտաւ ու կարճ պահ մը ետք դուրս եկաւ՝ շփոթահար ու ընդվզած.

         –250 լո  պահանջեցին,– ըսաւ:

        Մինչ ես իրեն ըսեր էի, որ միայն 200 վճարած էի  շաբաթ մը առաջ:

         Յայտնապէս ծուռ բանով մը կը սկսէր այս ճամբորդութիւնը:

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img