Լիբանան կը պատրաստուի ամբողջական փակումի յառաջիկայ Շաբաթ օրուընէ սկսեալ , որ պիտի տեւէ մինչեւ Նոյեմբերի վերջը: Այս մասին որոշումը կայացած է: Այս որոշումէն զերծ կը ման օդակայանը, նաւահանգիստներն ու ցամաքային սահմանները:
Լիբանանի կառավարութիւնը ստիպուեցաւ առնել այս որոշումը ի տես անգերակշռելի թիւերուն, որ սկսաւ արձանագրուիլ վերջին շաբաթներուն ինչ կը վերաբերի քորոնաժահրով վարակուողներուն եւ անոր պատճառով մահացողներուն:
«Եթէ լիբանանցի ժողովուրը յարգեց արգելափակումի օրէնքները, յոյս ունինք որ թիւերը կը նուազին եւ պիտի կրնանք փրկել կեանքեր» ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատար՝ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ:
Իր կարգին, Լիբանանի Ներքին գործոց նախարարը յայտնեց որ ինքնաշարժներու համարներուն հետ կապուած օրէնք մը կրնայ պարտադրուիլ արգելափակումի օրերուն, ուր իրաւունք պիտի տրուի ճշդուած համարով աւարտող ինքնաշարժներուն երթեւեկը տուեալ օրերուն: