«Եթէ կորցնենք Արցախը, մենք կը շրջենք հայ ժողովրդի պատմութեան վերջին էջը…» եւ մենք հիմա արդէն ականատեսը կը դառնանք շրջուելուն… մեղա՜յ, մեղա՜յ Մոնթէին…
«Ադրբեջանի կառավարութիւնը հաստատ որոշել է հայերին վտարել, հետեւաբար՝ դիմադրելուց բացի այլընտրանք չկայ» եւ մենք այդ այլընտրանքը ամօթաբար գտանք հողերը յանձնելուն մէջ… մեղա՜յ, մեղա՜յ Մոնթէին…
Հազարաւոր դեռատի հայորդիներ յանձնեցինք հողին, հազարաւոր երազներ ու իղձեր կիսաւարտ եղան, մայրեր դարձան որդեկորոյս, այրի… մեղա՜յ, մեղա՜յ Մոնթէին…
Եւ դեռ մեղա՜յ անոնց համար, որոնք փոքր տարիքէն դարձան որբ ու ծնողազուրկ… մեղա՜յ, մեղա՜յ Մոնթէին…
Հազար մեղա՜յ անոնց համար որոնք դարձան անտուն ու անպատսպար, լքուած ու անոք… մեղա՜յ, մեղա՜յ Մոնթէին…
Եւ դեռ մեղանչեցինք դաւաճանութեամբ, վախկոտութեամբ, Մոնթէներու, Վազգէններու, Բեկորներու, Դուշմաններու ժառանգին տէր չկանգնելով, պարտութեամբ, տկարութեամբ եւ անոնց բոլոր տեսակներով… մեղա՜յ, մեղա՜յ Մոնթէին…
Ու մեղա՜յ բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք անցեալին թէ ներկային իրենց արիւնը զոհաբերեցին ի սէր հայրենիքին ու հայ ազգին. մեղուցեալ ենք ձեր առջեւ…
Հրայր Տաղլեան