Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած այսպէս կոչուած թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն՝ Ապրիլ 2018-ին, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Ապրիլեան յատուկ թիւի մը դասական բովանդակութիւնը շրջանցած` ո՛չ ուղղափառ թիւ մը հրատարակած էինք: Ան կը պարփակէր Պատմական զանազան ժամանակաշրջաններու Հայաստանի քարտէսները, որ այդ պահուն մեր վերահրատարակելը խորհուրդ մը ունէր: Զգաստութեան համեստ կոչ մըն էր թերեւս սթափեցնելու մեր ժողովուրդն ու հայրենի իշխանութիւնները, թէ ո՛ւր էինք, ո՛ւր հասանք եւ դեռ ո՜ւր պիտի հասնինք:
Հայոց պատմութեան ու աշխարհագրութեան ընթացքն ու պատկերը, նախորդ դարասկիզբի Հայոց Ցեղասպանութեան ձգած ցաւն ու յիշատակը, Արցախեան նորօրեայ պատերազմը, ու հակառակ մեծ զոհողութեանց անոր անբարունակ վախճանը ու այս բանին որպէս հետեւանք՝ մեր ազգին մութ ճակատագիրը պատճառ են այսօր այս խմբագրականին հրատարակման՝ վերեւը ներկայացնելով նոր քարտէս մը, որ ցաւալի նոր փաստ մըն է հայկական հողերու աւելի եւս նօսրացումին այսօր…:
Հակառակ պատմութեան տուած դասերուն, հակառակ ներելի, թէ աններելի, սակայն ուսանելի մեր բոլոր բացթողումներուն, հակառակ մեր այսպէս կոչուած խելացութեան եւ «մենք քիչ ենք, սակայն մեզ Հայ են ասում»-ի նման խօսքերուն ու ինքնագովութեան, մեր իրավիճակը ո՛չ միայն նախանձելի չէ այսօր, այլեւ աւելի քան մտահոգիչ, որովհետեւ այս ընթացքով եւ մեր ընտրութիւններով ու պահուածքով մեր ժողովուրդն ու Հայրենիքը կրնան օր մը գոյութիւն չունենալ այլեւս…:
Յոռետե՞ս. կրնայ ըլլալ, սակայն ի տես պատահածին՝ աւելի քան իրատես, որուն առաջքը առնելու համար մենք պէտք ունինք ազգային զարթօնքի մը, որ տակաւին կ’ուշանայ:
Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հաստատուած է Հայոց պատմական հայրենիքի՝ Հայկական Լեռնաշխարհի ընդամէնը 1/10-րդ մասին վրայ։ Երկու օր առաջ կնքուած Հայ-ազերիական ամօթալի համաձայնագիրը Արցախի մեր հպարտառիթ հանրապետութենէն մեզի ձգեց անոր հազիւ 1/3-րդը…: Քաղաքական ճակատագրի բերումով մեր ծովէ-ծով հայրենիքը պատմական յիշողութիւն է արդէն, մինչ մենք աւելի եւս կը շրջապատուինք թշնամիներու տիրապետութեան տակ եղող տարածքներով եթէ լաւ նայինք մեր նոր քարտէսին:
Յիշողութիւնն ու դառն փորձառութիւնը սակայն կրնայ իրականութիւն դառնալ ու լաւագոյն դաս, երբ անոնք կը վերածուին պատմական դասի ու վաղուան գործունէութեան կանխորոշող խորհուրդի, եւ այսպէս շարունակ։ Հակառակը՝ այսինքն՝ առանց ազգային կենսական նոր զարթօնքին, մեր Հայրենիքին ապագայի քարտէսին չափը ամէն անգամ աւելի եւս ճղճիմ պիտի ըլլայ, եթէ աւելի ուշ ապագային երբեւիցէ չափ մը ունենայ ան, անշո՛ւշտ:
Այսօր, երբ կիրքերը տակաւին տաք են հանդէպ պատահածին եւ տակաւին հոգիները հանգստացած չեն եւ կան բաներ, որոնք կը կարօտին աւելի եւս լուսաբանման, մենք պիտի բաւարարուինք այսքանով:
Յաջորդին աւելի եւս պիտի խորանանք մեկնաբանութիւններու մէջ հետապնդելով շինիչ նպատակներ քանի տակաւին կ՛ուզենք հաւատալ, որ ուշ չէ: Արդեօ՞ք ուշ է…:
Ս.Յ.