Հայր Մկրտիչ Աւգերեան, (11 Նոյեմբեր 1762, Անկիւրիա (Օսմանեան կայսրութիւն) – 3 Մարտ 1854, Վենետիկ), աստուածաբան, լեզուաբան-բառարանագիր, թարգմանիչ։ Մխիթարեան միաբանութեան խորհրդական (30 տարի) եւ ընդհանուր աթոռակալ (20 տարի)։
Ծնած է Գաղատիոյ Անկիւրիա (այժմ՝ Անգարա) քաղաքը։ 1774 թուականին, հայրը զինք կը տանի Վենետիկ. կը մտնէ Սուրբ Ղազար վանք, ուր վանական դպրոցն աւարտելով 1786-ին վարդապետ կը ձեռնադրուի եւ մօտ 10 տարի դպրոցին մէջ կը վարէ ուսուցչութեան պաշտօն։ Կը ծառայէ Մխիթարեան Միաբանութեան որպէս խորհրդական (30 տարի), ընդհանուր աթոռակալ (20 տարի) եւ Կ. Պոլսոյ կաթողիկէ հայոց քարոզիչ (8 տարի)։ Կը մահուան Վենետիկի մէջ։
Աւգերեանը նշանաւոր լեզուաբան էր։ Ան «Նոր Հայկազեան լեզուի բառարան»-ը (տպ. 1836-1837) կազմող երեք վարդապետներէն մէկն էր՝ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեանի եւ Հ. Խաչատուր Սիւրմէլեանի հետ, գրելով Զ գիրէն մինչեւ վերջը եւ հետեւելով տպագրութեան՝ իր համահեղինակներուն մահէն ետք։ 1846 թուականին տպուեցաւ անոր հեղինակած համառօտագրութիւնը՝ «Առձեռն բառարան Հայկազեան լեզուի» վերնագրով եւ աշխարհաբար բացատրութիւններով (Բ. տպագրութիւն 1865-ին)։ Միւս գրական գործերն են՝ մեծաւ մասամբ տպուած Վենետիկ.
ա) «Լիակատար վարք եւ վկայաբանութիւն Սրբոց, որք կան ի հին տօնացուցի եկեղեցւոյ Հայաստանեայց» (1810-14):
բ) «Բան գործնական» (1812):
գ) «Բարի խորհուրդներ» (1809):
դ) «Դեղ Կենաց» (1810):
ե) «Դիմառնութիւն չորից վերջնոց» (1810) եւ այլն։
Այս աշխատութիւններուն մէկ մասը աշխարհաբար շարադրուած է, ինչ որ կարեւոր է վերջինիս պատմութիւնը ուսումնասիրելու առումով։