Քորոնաժահրով Լիբանանի դիմագրաւած անելին վրայ եկած է աւելնալու կառավարութիւն կազմելու թնճուկը:
Արդարեւ Լիբանան կը դիմագրաւէ երկար ժամանակ կառավարութիւն չունենալու վտանգը իր բոլոր հետեւանքներով եթէ ֆրանսացի յատուկ պատուիրակին առաքելութիւնը ձախողի:
Փաթրիք Տիւրէլ՝ Ֆրանսայի նախագահին խորհրդականը, յատուկ յանձնառութեամբ մը Լիբանան հասաւ երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունենալու համար Լիբանանի քաղաքական կողմերուն հետ կառավարութեան կազմութեան թնճուկը հանգուցալուծելու միտումով: