Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ համատեղ խաղաղապահ առաքելութեան հնարաւորութիւնը երբեք չէ քննարկուած: Այսպէս Քրեմլի պաշտօնական ներկայացուցիչը հակադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ համատեղ դիտարկման կեդրոնի մասին խօսքերուն:
«Ղարաբաղի մէջ համատեղ խաղաղապահ ուժերու մասին խօսք չէ եղած, այդ երբեք չէ քննարկուած: Փոխգործակցութեան տարածքը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ: Այդ Ղարաբաղի մէջ չէ: Եւ խօսքը վերահսկողութեան (մոնիթորինկ) կեդրոնի մասին է»,-ըսած է ան:
Նախօրէին Ռուսաստանի ԱԳՆ-ն արդէն մերժած էր թուրք խաղաղապահներու առաքելութիւնը ԼՂ-ի մէջ: Հակառակ ատոր՝ Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած էր, որ ԼՂ-ի մէջ պիտի գործեն Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ խաղաղապահ ուժերը: