Համեմատական էական տարբերութիւնները հաշուի առնելով՝ համազգային ներկայ ճգնաժամի համար մեղաւոր ենք բոլորս:
Մեղաւոր ենք՝ որովհետեւ գիտակցելով հանդերձ, որ արցախեան առաջին պատերազմի յաղթական աւարտով հակամարտութիւնը դեռ չէ աւարտած եւ խաղաղութիւնը դեռ չէ ամրագրուած, անտեսելով հազարամեակներու իմաստութիւնը որ կը պատգամէ՝ եթէ խաղաղութիւն կ’ուզես պատերազմի պատրաստուիր, տուրք տուինք ինքնախաբէութեան հեշտագին մոլութեան:
Մեղաւոր ենք՝ որովհետեւ արցախեան առաջին պատերազմի յաղթականը փոխանակ մեզ աւելի իմաստուն, շրջահայեաց եւ խոհեմ դարձնելու, ամբարտաւանութիւն, մեծամտութիւն եւ անհիմն մեծակարողութիւն սրսկեց մեր գիտակցական եւ հոգեկան աշխարհէն ներս:
Մեղաւոր ենք՝ որովհետեւ մինչ մեր թշնամիները իրենց պարտութենէն դասեր կը քաղէին եւ կը պատրաստուէի յաջորդ պատերազմին, մեզի համար աւելի մեծ նշանակութիւն ունեցաւ յաղթանակի դափնեպսակները հագնելու համար շքերթներու կազմակերպումը, ճոռոմ բաժակաճառերու արտասանումը եւ յոխորտալից յայտարարութիւններու արձակումը:
Մեղաւոր ենք՝ որովհետեւ թշնամիները իրենց պարտութեամբ իմաստացան, իսկ մենք մեր յաղթանակով յիմարացանք, մեր զգօնութիւնը խամրեցաւ եւ նոր իրավիճակները ճիշդ տեսնելու, հասկնալու եւ գնահատելու մեր կարողութիւնը մթագնեցաւ:
Մեղաւոր ենք՝ որովհետեւ արհամարհեցինք եւ ստորագնահատեցինք թշնամին, անոր կարողութիւնները ու զարգանալու հնարաւորութիւնները:
Մեղաւոր ենք՝ որովհետեւ փոխանակ մեր պետականութեան տունը ամրօրէն կառուցելու եւ անոր անվտանգութեան պարիսպին ամէն օր քար մը եւս աւելցնելու, զբաղուեցանք այդ քարերը իրար վրայ շպրտելու կործանիչ աշխատանքով:
Մեղաւոր ենք՝ որովհետեւ անձնական ու խմբակային անասնական ախորժակները բաւարարելու համար, անյագօրէն թալանեցինք ու կողոպտեցինք ազգային ու պետական հարստութիւնը, կարծես այն թշնամիէն մեզի մնացած աւար ըլլար:
Մեղաւոր ենք՝ որովհետեւ փոխանակ ազգային յստակ օրակարգ ձեւաւորելու, անոր շուրջ համազգային բոլոր կարողութիւնները եւ ներուժը համախմբելու ու նպատակասլաց օգտագործելու, տարուեցանք ներքաղաքական ու ներպալատական ճղճիմ խարդաւանքներով եւ սադրանքներով, կամ ալ մսխելով ժամանակ ու ջլատելով հնարաւորութիւններ՝ զբաղուեցանք ձեւական եւ անարդիւնաւէտ համագումարներ ու խորհրդաժողովներ կազմակերպելով:
Մեղաւոր ենք՝ որովհետեւ չտեսանք, չուզեցինք տեսնել վերափոխուող աշխարհը, աշխարհաքաղաքական սրընթաց զարգացումները, ուժերու յարաբերակցութեան մէջ արձանագրուող արմատական փոփոխութիւնները՝ նամանաւանդ չկրցանք ճիշդ ընկալել եւ խորաչափել ռուս-թրքական վերանորոգ սիրախաղի հետեւանքները եւ անոր հաւանական ազդեցութիւնը՝ ընդհանրապէս մեր տարածաշրջանի եւ մասնաւորապէս արցախեան հակամարտութեան վրայ:
Մեղաւոր ենք՝ որովհետեւ ընթացք տուինք ամբոխավարութեան, անհանդուրժողականութեան, ատելութեան եւ ոխամոլութեան, փոխանակ մեր ազգային ու հանրային յարաբերութիւնները կառուցելու ողջամտութեան եւ ազգային գերագոյն շահի գիտակցութեան հիմքերու վրայ:
Մեղաւոր ենք՝ որովհետեւ շուրջ ամիս ու կէս առաջ ունէինք մօտաւորապէս 42000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքով ՀԱՅԱՍՏԱՆ, յետ այսու լաւագոյն պարագային պիտի ունենանք՝ մօտաւորապէս 33000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքով ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Մեղաւոր ենք՝ որովհետեւ եթէ շարունակենք մեր նախկին ընթացքը, վտանգուած է նաեւ մեր գոյութիւնը՝ թէ՛ որպէս ազգ եւ թէ՛ որպէս պետութիւն:
Անցեալին ըսինք՝ մեղայ, մեղայ ԱՐԱՐԱՏԻՆ:
Հիմա կ’ըսենք՝ մեղայ, մեղայ ԱՐՑԱԽԻՆ:
Ազգովին սթափինք ու զգաստանանք որպէսզի վաղը ցաւատանջօրէն չկոչենք՝ մեղայ, մեղայ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ:
ՍԹԻՒ ՆՈԽՈՒՏԵԱՆ