Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Յաւիտենական Հանգիստ Հոգելոյս Տէր Զաւէն Ա. Քհնյ. Տէմիրճեանի

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 15, 2020-ին, 93 տարեկան հասակին մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ վաթսուն տարիներու հոգեւորական, տիպար ամուսին, չորս համով հոտով զաւակներու հայր, տասը թոռնիկներու մեծ հայր եւ մէկ ծոռով բախտաւորուած՝ մեծ-մեծ հայր՝ հոգելոյս Տէր Զաւէն Ա. Քհնյ. Տէմիրճեան, մեծ ցաւ  պատճառելով ոչ միայն իր ընտանիքին, այլեւ Տէր Հօր մօտէն ծանօթներուն։

Տէր Հօր տան կարգը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի Հոկտեմբեր 21-ին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Վան Նայս քաղաքի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ։ Այդ օրուայ Ս. Պատարագը մատոյց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ գլխաւորեց տան կարգի հոգեւոր արարողութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի ցաւակցագիրը, Արեւմտեան Թեմի նախկին փոխ Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, որ կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին գիրը։

Ներկայ էր Արեւմտեան Թեմի նահապետը՝ բազմավաստակ նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներու հոյլ մը։

Ընտանիքին կողմէ խօսք առին հանգուցեալ Տէր Հօր երկու թոռնիկները՝ Զաւէն Տէմիրճեան եւ Մէրի-Անուշ Տէմիրճեան։ Հանգուցեալի որդին, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ ժրաջան եւ սիրուած հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Շնորհք Քհնյ. Տէմիրճեան շնորհակալական եւ սրտի խօսքով վերջ գտաւ եկեղեցւոյ տան կարգը, որմէ ետք սգակիրներու թափօրը մեկնեցաւ Հոլիվուրտ Հիլզի Forest Lawn գերեզմանատունը, թաղման կարգը կատարելու համար։

*****

Հոգելոյս Տէր Զաւէն ծնած է 1927-ին Պաղեստինի Եաֆա քաղաքը։ Ուսանած է Երուսաղէմի դպրեվանքը, ապա 1948-ին Լիբանան տեղափոխուելով ծառայած է իր հօր Տէր Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Տէմիրճեանի պաշտօնավարած Մազրաայի եկեղեցւոյ մէջ, որպէս երգչախումբի ղեկավար եւ կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէն։

Հետեւած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ քահանայից երկամեայ դասընթացքներուն, 1961-ին քահանայ ձեռնադրուած է Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Բարոյեան (յետագային Կաթողիկոս) ձեռամբ, իսկ աւագութեան աստիճան շնորհուեցաւ Լիբանանի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արամ Եպս. Քէշիշեանի կողմէ (ներկայիս Կաթողիկոս)։

Ծառայած է Պէյրութի Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ Ամերիկա գալը։ Եղած է ուսուցիչ Պէյրութի Աբգարեան, Էհրամճեան եւ Կիլիկեան վարժարաններուն մէջ։ Եղած է Լիբանանի Թեմի Դատաստանական Մարմնի անդամ։

Տէր Հայրը ամուսնացած է Մայրանուշ Աւետիքեանի հետ եւ բախտաւորուած են ինչպէս յիշեցինք չորս զաւակներով (երեք աղջիկ եւ մէկ տղայ), տղան՝ իր հօր եւ մեծ հօր պէս քահանայ ձեռնադրուած է։

Երէցկին Մայրանուշ չորս զաւակներու տէր ըլլալով հանդերձ, Տէր Հօր աջ բազուկն էր իր հոգեւոր ծառայութեան մէջ։ Ան սկաուտի պէս պատրաստ որեւէ ծառայութեան կամ սպասարկութեան համար, որ եկեղեցին կարիքը ունի։ Մեծագոյն համբերութեամբ եւ անսահման սիրով եւ քաղցրութեամբ իր նպաստը կը բերէր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։

1986-ին Տէր Զաւէն ԱՄՆ կը հաստատուի միանալու համար իր զաւակներուն։

ԱՄՆ-ի մէջ ընդառաջելով Լա Քրեսենթա Վալիի Ծուխի Ծխական Խորհուրդի խնդրանքին, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, (որ մօտէն ծանօթ էր Տէր Հօր եւ ընտանիքին) զինք մեր Ծուխի Հովիւ նշանակեց, փոխարինելով Ծուխիս հիմնադիր հովիւ հոգելոյս Տէր Կոմիտաս Ա.Ք. Շիրինեան, որ առողջութեան պատճառաւ հանգստեան անցաւ։

Մենք Տէր Զաւէնին առաջին հանդիպումին իսկ սիրեցինք զինք։ Անոր հոգեւորականի ֆիզիքական տիպարը, հագուածքը, խօսակցութիւնը, համեստութիւնը, ծառայասիրութիւնը, ճշմարտախօսութիւնը եւ անկեղծութիւնը մեր բոլոր վարչականներուն վրայ խոր ազդեցութիւն ձգած էր։ Ճշմարիտ հոգեւորական մըն էր, որ միայն քաղցրախօսութիւն, հաւատք, յոյս եւ սէր կը բուրէր։ Ծխականներուն մէջ սէր եւ համերաշխութիւն սերմանող, զանոնք գործի լծելու իւրայատուկ ձեւ մը ունէր։

Տէր Զաւէն մեր Ծուխը եկաւ, միայն չորս պատերէ բաղկացած սրահի մէջ սկսաւ գործել։ Այն ալ մեր շատ սիրելի Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին, ազնուահոգի հայուն կողմէ մեզի տրամադրեց Ամերիկահայ Գոլէճի սրահը։ «Խնդրեմ ասիկա ազգային տուն է, ինչ կ՚ուզէք ըրէք եկեղեցիին համար», ըսաւ Դոկտ. Տէր Եղիայեան։

Տէր Զաւէն եւ Ծխական Խորհուրդի անդամները գործի անցան։ Շարժուն խորան մը շինել տուին, մոմ վարելու ամաններ պատրաստեցին։ Երգչախումբի եւ սարկաւագներու շապիկներ կարել տուին, գործածուած երգեհոն մը գնուեցաւ, Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի աթոռները ամէն Կիրակի կը շարուէին, պատերուն վրայ տասէ աւելի սրբանկարներ գնուեցան եւ պատերուն վրայ զետեղուեցան։ Այս բոլորը սուսիկ բուսիկ Տէր Զաւէնը կ՚ընէր, ո՞ւրկէ կը գտնէր այդ նուիրատուները չէինք գիտեր, միայն մէկ բան գիտենք, «անոնք Լիբանանի մեր Ծխականներէն էին» կ՚ըսէր մեզի։ Այս բոլորի կողքին Տէր Զաւէն կազմեց շատ աշխոյժ Տիկնանց Յանձնախումբ մը, պատանեկան յանձնախումբ եկեղեցւոյ «Ներսէս Շնորհալի» անունով մկրտուած երգչախումբը, Կիրակնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններ։ Երկու-երեք շաբթուայ ընթացքին մեր Շաբաթօրեայ վարժարանը սկսաւ 110 աշակերտ-աշակերտուհիներով, 11 կամաւոր ուսուցչուհիներով եւ տնօրէնութեամբ հայերէնի ծանօթ մանկավարժ եւ երգի ուսուցչուհի՝ Փրոֆ. Անահիտ Խրլոբեանի։

Առաջնորդ Վաչէ Սրբազան դպրոցի բացման ներկայ եղաւ եւ զարմանքով ըսաւ. «Ես նկատի առած էի, որ 10-15 աշակերտներ պիտի տեսնէի այսօր, ուրախ եմ որ 100-է աւելի փոքրիկներ եկած են այս դպրոցը», գնահատեց Տէր Հօր եւ այդ օրուայ Ծխական Խորհուրդի բոլոր անդամները։

Հոգելոյս Տէր Զաւէնէն շատ հաճելի եւ մարդկային նկարագիր բացայայտող յիշատակներ ունինք։ Իր խօսակցութեամբ եւ սիրով «պապա մարդ էր»։

Օր մը եկեկոյեան ժամը 7։00-ին Ծխական Խորհուրդի ժողովը սկսելէ առաջ, կանուխ գացած էի եկեղեցի, ես եւ Տէր Հայրն էինք։ Հոն երիտասարդ անտունի (homeless) մը մեր եկեղեցին եկաւ եւ խնդրեց որ եկեղեցին զինք օգնէ, քանի որ լման օր մը բան մը չէ կերած եւ ինք Thousand Oaks անունով հեռու քաղաք մը կ՚ապրի։ Տէր Հօր հետ խօսեցանք գումար մը տուինք եւ եկեղեցիին մօտ գործող In-N-Out burger-էն կերակուր առնէ։ Տէր Հայրը անմիջապէս ձեռքը գրպանը տանելով մարդուն կերակուրի դրամը պիտի տար, երբ ըսի, արդէն տուած եմ գումարը, ինք դարձաւ եւ ըսաւ. «Այս գումարը տանք թող հոս պանդոկ մը մնայ այս գիշեր եւ վաղը տուն երթայ, այս գիշերով ինչպէս Thousand Oaks պիտի երթայ», եւ այդպէս ալ ըրինք Տէր Հօր տուած դրամով Briggs եւ Foothill փողոցի վրայ motel մը տարինք իրեն, երբ վարչութեան կողմէ ուզեցինք Տէր Հօր տուած գումարը տալ, Տէր Հայրը ըսաւ. «Հոգ չէ ասիկա ալ իմ իմ կողմէս թող ըլլայ»։

Տէր Հայրը շատ գեղեցիկ խօսք մը ունէր, որ յաճախ կը գործածէր։ Երբ դժուարութեան մը հանդիպէինք կամ գործ մը մեր ուզածին պէս չէր ընթանար, Տէր Հայրը կ՚ըսէր. «Մի նեղուիք կ՚երեւի Աստուծոյ կամքով չէ այս գործը, Աստուծոյ կամքով եղած գործը միշտ շիտակ եւ յաջող կ՚ըլլայ», կ՚ըսէր իր ծխականներուն։

Արդարեւ մենք այս խօսքը եւ մօտեցումը միշտ ալ գործածած ենք մեր ազգային եւ անհատական կեանքին մէջ, խունկ եւ աղօթք անոր բարի յիշատակին։

«Յիշատակն արդարիւն օրհնութեամբ եղեցի»։

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img