Էտուարտ Ութուճեան (ֆր.՝ Édouard Utudjian, 12 Նոյեմբեր 1905, Կ. Պոլիս — 28 Յուլիս 197, Շարթըր, Ֆրանսա), ֆրանսահայ քաղաքաշինարար, ճարտարապետ:
Քաղաքացիական ճարտարապետի կրթութիւն ստացած է Ամերիկեան Ռոպերթ Գոլէճ: 1934 թուականին աւարտած է Փարիզի համալսարամի քաղաքաշինական ճարտարապետութեան հիմնարկը, 1934-1936 թուականներուն հետեւած է յուշարձաններու վերականգման դասընթացքներուն:
Ութուճեանի նախաձեռնութեամբ՝ 1933 թուականին, Փարիզի մէջ կազմակերպուած է ստորգետնեայ քաղաքաշինութեան ընկերութիւն, որ 1937 թուականին վերածուած է միջազգային, ընդգրկելով շուրջ 90 երկիր: Ընկերութեան 1937, 1948 եւ 1959 թուականին համագումարներուն Ութունճեան ընտրուած է քարտուղար: 1936 թուականին հիմնած է «Լը Մոնտ Սութերեն» («Le monde souterrain») մասնագիտական հանդէսը, որ պատասխանատու տնօրէն ու խմբագիրն եղած է մինչեւ կեանքին վերջը:
Ութունճեան նախագծերով՝ Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ, կառուցուած են շուրջ 250 կառոյցներ: Ութունճեանի հեղինակակից է Փարիզի, Պորտոյի, Վերսայի, Ռուանի կոյուղիի ջուրերու մաքրման կայաններուն, Պաղտատ եւ Պասրա քաղաքներուն յատակագծման նախագիծերու: Դասաւանդած է Փարիզի տարբեր բարձրագոյն դպրոցներէն ներս, զբաղած է գիտահետազօտական գործունէութեամբ: Հեղինակ է բազմաթիւ գիտական յօդուածներու, «Հայաստանի 9—17-րդ Դարերու Յուշարձանները» (1967, ֆրանսերէն) գիրքի:
Անոր մասնակցութեամբ ու նախագիծերով վերականգնուած են որոշ յուշարձաններու, անոր կարգին՝ Երուսաղէմի մայրավանքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին: Ութուճեան Փարիզի ստորգետնեայ տնտեսութեան նախագիծի համար համաշխարհային ցուցահանդէսի (Փարիզ 1937) արժանացած է «Մեծ պարգեւ» (Grand prix) մրցանակին։ Պարգեւատրուած է Ֆրանսայի «Պատուոյ լեգէոն»-ի շքանշանով: 1957, 1958, 1959, 1961, 1964 թուականներուն Հայաստան այցելած է: