Երկուշաբթի, 17 Փետրվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Անաւարտ Զրոյց․ Հօրս՝ Արամ Սեփեթճեանի Յիշատակին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ուրկէ՞ սկսիլ, վերսկսիլ ու շարունակել մեր զրոյցը: Զանգ մը բաւարար էր, որպէսզի ինչ-որ տեղէ սկիզբ առնէր խօսակցութիւն մը, որ պիտի գար հայաշխարհէն անպայման: Դուն՝ Պէյրութ, ես՝ Լոս Անճելըս. սակայն զրոյցին առանցքը հայն ու Հայաստանն էին միշտ: Գրականութիւն, մշակոյթ, ապա՝ եկեղեցի, քաղաքականութիւն, Սփիւռք, համայնքային կեանք, վերադառնալու համար Հայաստան ու Արցախ: Եւ միայն հեռաձայնը անջատելէ առաջ՝ իրարու որպիսութիւնը կը հարցնէինք ու… մինչ նոր «հանդիպում»:

***

Պայմաններու բերումով հայր ու որդի մեր զրոյցը սկսած է նամակագրութեամբ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը զինք «նետեր էր» արաբական անապատ (ինչպէս ինք կը սիրէր ըսել) ու Նիկերիա, իսկ զիս՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն՝ Կիպրոս: Ապա, նոյն նամակ-խորհրդատուութիւնները Ապու Տհապիի եւ Երեւանի միջեւ: Իսկ վերջին տարիներուն այդ կապը Պէյրութի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ էր՝ գրաւոր թէ բանաւոր:

Քառասուն տարի շարունակ եղաւ խորհրդատուս: Միայն հիմա է որ կ’իմանամ, թէ իր գործնական խորհուրդներով հասած է ոչ միայն ինծի ու մեր ընտանիքի անդամներուն, այլեւ՝ շատ-շատերու:

Չորք Մարզպանցի ընտանիքի զաւակ Արամ (Արիս), Արմենակ Սեփեթճեանի եւ Ովսաննա Լեփեճեանի 8 զաւակներէն ամենակրտսերն էր, ծնած Ալեքսանտրէթ, Կիլիկիա (ներկայիս Թուրքիա): Երէց երկու եղբայր եւ քոյր մը կորսնցուցած էին սուրիական տարագրութեան տարիներուն՝ 1916-1927:

Երբ Ֆրանսա հայահոծ Ալեքսանտրէթի սանճաքը կը յանձնէ Թուրքիոյ, Արմենակ կը նախընտրէ ընտանեօք հաստատուիլ Պէյրութ, Լիբանան, որովհետեւ նախապէս ծանօթ էր քաղաքին, հոն ծառայելով որպէս Օսմանեան բանակի զինուոր: Տարագրեալ հայու ճակատագիրն է մնացեալը: Արամ կը յաճախէ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարան, ճարտարագիտութեան մէջ վկայական կը ստանայ Լոնտոնէն (հեռակայ ուսմամբ), կը մտնէ կեանքի ասպարէզ: 1956-58 թուականներուն, ներազգային եղբայրասպան դէպքերուն պատճառով շրջան մը կը հեռանայ երկրէն:

Միջին Արեւելքի Փարիզը համարուող Պէյրութը 1960-ական թուականներուն կ’ապրի իր փառքի օրերը: Արամ այդ տարիներուն կը ծանօթանայ մուսալեռցի, Վաքըֆ ծնած, Մատուռեան մտաւորական ընտանիքէն Մելինէին հետ ու կը կազմեն իրենց բոյնը:

***

Առաջին յիշողութիւններս «լուսանկարային» են: Կը յիշեմ հիւր բարեկամներու այցելութիւններ մեր տան մէջ: Հետաքրքրական էր մեծերուն կողքին նստիլն ու լսելը: Սակայն, հօրս աչքի ու գլխու մէկ շարժումով, քոյրս ու ես հիւրասենեակէն դուրս «կը հրաւիրուէինք»: Իսկ քիչ ետք անուշ խօսակցութիւնները կը վերածուէին երգահանդէսի. հայրենիք, սէր, երգ ու ծիծաղ: Ի դէպ, պատահական, երբ դաշնամուրին դիմաց նստէր ան, առաջին նոթերը կ’արձագանգէին «Տըլէ եաման», իսկ երբ տրամադրութիւնը տեղը ըլլար, անակնկալօրէն, սենեակէ մը իր թաւ ու առնական ձայնով շարական մը «կը հիւսէր»:

Կը յիշեմ, նախակրթարանի տարիքիս, գիշերուան ժամերուն վերելակը մեր յարկը կանգ կ’առնէր, տան դուռը կը բացուէր, երբ քոյրս ու ես արդէն անկողին էինք մտեր. հայրս էր, ժողովէ մը կը վերադառնար: Տարիներ ետք է որ պիտի հասկնայի, թէ ան տասնամեակներ շարունակ գործուն անդամ եղած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ-Անթիլիասի մասնաճիւղի Գործադիր վարչութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային եւ Յովսէփեան ակումբի վարչութիւններուն, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, Չորք Մարզպանի Հայրենակցական Միութեան, ԹՄՄ «Շիրակ» ամսագրի խմբագրութեան, զանազան հասարակական, գրական ու մշակութային շարժումներու ու յանձնախումբերու: Ան եղաւ նաեւ երեք հիմնադիրներէն մին Լիբանանահայ Գրողներու Միութեան: Հայրենի մտաւորականի մը այցելութիւնը Պէյրութ՝ թեւ ու թռիչք կու տային իրեն, կը վերանորոգուէր, կը կենդանանար, հոնկէ կ’առնէր իր կարօտը, կը լուծէր բռնի տեղահան եղած հայու վրէժը՝ ապրելով հայօրէն:

Պատերազմի տարիներուն, երբ տունէն կ’աշխատէր, մեծ-մեծ քարտէսներ կը բերէր ու կը փռէր ճաշասեղանին վրայ ու երկար ժամեր ճաշասենեակ-«գրասենեակ»էն դուրս չէր գար: Հո՛ն գրուեցան նաեւ հարիւրաւոր յօդուածներ ու գիրքերը: Մօրս ձայնը միայն կը յիշեցնէր, թէ տան մէջ երեխաներ կան, եկուր իրենց քով քիչ մը: Եւ կու գար: Մէկ-երկու կատակ, որմէ ետք, խոհանոցին մուտքին, մօրս կը կարդար էջ մը: Կ’ըսէր, թէ դուն իմ առաջին ընթերցողն ես:

Կը յիշեմ մեր տան առաւօտները: Առտու կանուխ սափրուած, հագուած, պատշգամը նստած գիրք մը կարդար եւ միշտ ձեռքին մատիտ մը, թուղթի կտոր մը, նշումներ, սրբագրութիւններ, հարցականներ…

Կը յիշեմ միասին թենիս կը խաղայինք տան բակը: Ռաքէթ մը ունէր, քանի մը հատ ալ գնդակ: Կ’ենթադրեմ, որ իր միակ ռաքէթն էր եղած ատիկա: Յետոյ իմս եղաւ: Ի՜նչ երջանկութիւն:

Սակայն, արդէն հասուն տարիքին, մենք դարձանք ընկերներ, գաղափարակից ընկերներ՝ «ոսկէ միջին»ին հաւատացող ՌԱԿ-ի ընկերներ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան ու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համար ցաւող ընկերներ: Այդպէս ալ չհանդուրժեց միջակութիւնները, որոնք սողոսկեցին ու տակաւին կը սողոսկեն միութենական կեանքէն ներս: Գաղափարապաշտ մարդ էր. Հայրենիքը ամէն բանէ վեր էր իրեն համար: Կուսակցութիւնը միայն միջոց էր, հասնելու համար նպատակին: Իսկ նպատակը Սուրբ էր՝ ժողովրդավարական հանրապետութիւն, տարագիր հայութեան համախմբում Հայաստանի տարածքին, Արցախ, Ջաւախք, հասնելով  մինչեւ Վան:

Կը կրկնէր ու կը կրկնէր, թէ ինչպէս 1980-ականներուն, օր մը, օդանաւի մը մէջ, կողքին նստած հրեայ ճամբորդը, երբ իմացած էր իր հայ ըլլալը, ըսած էր իրեն. «Դուք այնքան պիտի շատնաք Հայաստանի մէջ, որ պիտի պայթիք, նեղ պիտի գայ այդ երկիրը ձեզի համար ու պիտի տիրանաք ձեր հողերուն»: Իսկ մե՞նք… երեսուն տարի շարունակ դատարկեցինք մեր երկիրը, ներգաղթի փոխարէն արտագաղթելով: Միւս կողմէ, ան ապրեցաւ բաւականութեան մեծ պահեր ի տես նորանկախ Հայաստանի: Գնահատուեցաւ Մայր Հայրենիքի մէջ որպէս լիբանանահայ արձակագիր: Երազեց իր տունը ունենալ Հայաստանի մէջ. եւ այո, վայելեց իր դստեր ու փեսային երեւանեան բնակարանը: Քալեց ու քալեց Երեւանի փողոցներով (ո՞վ կը յագենայ Երեւանէն), հաստատեց ու վերահաստատեց բազմաթիւ կապեր, դարձաւ կամուրջ հայրենի մտաւորականներու եւ Սփիւռքի միջեւ: Եւ գրեց, գրեց ու գրեց սփիւռքահայ մամուլին մէջ… վաթսուն տարի շարունակ: Գրեց որպէս հրապարակագիր, գրադատ, թղթակից, ստորագրեց պատմուածք ու խոհեր, խմբագրականներ: Իսկ վերջին 30 տարիներուն, որպէս հիմնադիր-տնօրէնը «Սիփան» հրատարակչատան, լոյս աշխարհ բերաւ 100-է աւելի հրատարակութիւններ: Կը յիշեմ այն օրը, երբ բոլորս հիւրասենեակը նստած որոշեցինք մեր հաստատութիւնը կոչել «Սիփան»: Իսկ լիբանանցի յաճախորդներն ու տպարանատէրերը զինք կը կոչէին նաեւ «Մոսիօ Սիփան» ֆրանսերէն առոգանութեամբ:

Ան լոյս աշխարհ բերաւ գրական տասը հատորներ, որոնց մասին արժէ անդրադառնալ առանձին: Վիպաշարքին վերջին հատորը այդպէս ալ մնաց անտիպ՝ կիսաւարտ: Բոլոր վիպակներուն ու պատմուածքներուն մէջ հերոսը Սփիւռքահայն է, որ վերջ ի վերջոյ պիտի վերադառնայ Մայր Հայաստան, իր բառերով՝ «Հող եւ հպարտութիւն Հայաստան»:

Սիրելի հայր իմ,

Ապահովական պայմանները չներեցին, որպէսզի ներկայ գտնուիմ յուղարկաւորութեանդ արարողութեան: Ընդհանրապէս, այնքան արագ, անշշուկ հեռացար, անակնկալի բերելով բոլոր թանկագին հարազատներդ, գրչեղբայրներդ ու բարեկամներդ: Հիմա, մահուանդ քառասունքի այս պահուն, նոյնպէս քու կողքիդ չենք, սակայն, հաւատա՛, որ քու առողջ դատողութիւններդ, աներկբայ համոզումներդ, անշահախնդիր խառնուածքդ ու հայաստանասիրական նուիրումդ հո՛ս են, գիրքերուդ մէջ, սփիւռքահայ մամուլին մէջ, մեր հոգիներուն ու միտքերուն մէջ, անոնք մէկական կողմնացոյցեր են մեր այսօրուան ու վաղուան սերունդներուն, որպէսզի աւելի՛ սիրենք զիրար, ըլլանք աւելի՛ միակամ, աւելիո՛վ յարգենք ազգային մեր արժէքները՝ Ս. Էջմիածինն ու Այբուբենը, եւ գուրգուրա՛նք մեր ունեցածին վրայ, պահենք ու պահպանենք ՀՈ՛Ղը հայրենի:

Լոս Անճելըս

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img